Որոնել

2025.11.17 Libano - Harissa - Messa di ringraziamento per la canonizzazione del vescovo martire Maloyan

Լիբանան. Գոհաբանական սուրբ պատարագ` Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին առիթով

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց հանդիսաւոր հոգեպարար արարողութեան` մարոնիներու Պշարա Պութրոս Ռայի պատրիարքին, յոյն կաթողիկէ Եուսեֆ Ապսի պատրիարքին, ասորի կաթողիկէ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքին եւ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Փաուլօ Պորճային, ինչպէս ալ վիճակաւորներու, եպիսկոպոսներու, ընդհանուր մեծաւորներու, վարդապետներու, քահանաներու ու սարկաւագներու մասնակցութեամբ: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Շաբաթ, 15 Նոյեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» պազիլիքային մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագը, Նահատակ Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի սրբադասումին առիթով, որ տեղի ունեցաւ 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Վատիկան:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը նախագահեց հանդիսաւոր հոգեպարար արարողութեան՝ Ն.Վ. Մար Պշարա Պութրոս Ծիրանաւոր Ռաի Մարոնիթ Պատրիարքին, Ն.Ա. Եուսէֆ Ապսի Յոյն Կաթողիկէ Պատրիարքին, Ն.Ա. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքին եւ Առաքելական Նուիրակ Գերպծ. Փաուլօ Պորճային, ինչպէս ալ վիճակաւորներու, եպիսկոպոսներու, ընդհանուր մեծաւորներու, վարդապետներու, քահանաներու ու սարկաւագներու մասնակցութեամբ:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարը՝ Ն.Վ. Նորա Պայրագտարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս սրբազան արարողութեան՝ ներկայացնելով Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզէֆ Աունը, Խորհրդարանի Նախագահ Ն.Վ. Նապիհ Պըրրին ու Վարչապետ Ն.Վ. Նաուաֆ Սալամը, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան նախարարներ ու երեսփոխաններ, հոգեւոր, պաշտօնական, զինուորական, կուսակցական, մշակութային եւ ընկերային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Պատարագիչ Գերերջ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որ այնքան աշխատեցաւ 1915-ի Հայասպանութեան նահատակ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի (1869-1915) սրբադասումին համար, տուաւ արաբերէն իր հայրապետական պատգամը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը կու տանք հոս:

«Այսօր մենք համախմբուած ենք “Լիբանանի Տիրամայր” պազիլիքային մէջ, որ ոչ միայն աշխարհագրական-աղօթական կենդրոնը, այլ՝ հաւատքով ու միասնութեամբ լեցուն սրտով անձերուն հաւաքավայրն է, որ կ’ընդգրկէ Եկեղեցիին զաւակները որպէս մէկ ընտանիք մը՝ լիբանանցիներ ու բարեպաշտ հաւատացեալներ։

Այս օրհնուած բլուրին վրայ ենք, ուր հաւատքը կը հանդիպի հայրենիքին հետ, իսկ երկինքը՝ մայրիներուն։

Մենք որոշեցինք, որ այս հանդիսութիւնն ոչ միայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին համար է, այլ նաեւ Լիբանանի բոլոր Եկեղեցիներուն համար, ուր կայ միութիւնը եւ ուր կայ Քրիստոսի վկայութիւնը, որ հիմնուած է Աստուծոյ սրբութեան ու սերունդներու ընթացքին՝ սուրբերու եւ հաւատացեալներու աղօթքներուն վրայ։

Այսօր մենք պարզապէս չենք յիշեր անցեալէն նահատակ անձնաւորութիւն մը, այլ՝ շնորհակալ ենք Աստուծոյ՝ անոր պարգեւին համար։ Ս. Գիրքէն յաւերժական էջ մըն է, որ կը գրուի Աստուծոյ սուրբերէն մէկուն վկայութեան միջոցաւ։

Հետևաբար, այս Շաբաթ օրը, այս սուրբ օրը մի՛ համարէք պարզապէս տօնակատարութիւն մը, որ շուտով իր աւարտին կը հասնի, այլ՝ մարգարէական Եկեղեցիին արձագանգը հոգիին աղաղակին.“Ես սիրեցի Քրիստոսը մինչեւ նահատակութիւնը”։

Ասիկա մեզ կը խրախուսէ ընդունելու այն ճշմարտութիւնը, որ մեզի կը շնորհէ սրբութիւնը, զոր կ’ապրինք այս օրերուն: Մեզի կը ներշնչէ, թէ Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւնը տակաւին եւ միշտ գեղեցիկ անձնաւորական դէմք մը կը կրէ իր մէջ, ինչպէս նաեւ թէ խաչը պարտութիւն չէ, այլ՝ յաղթանակ է։

Այսօր մենք կը հաւաքուինք այս սուրբ խորանին շուրջ՝ միասին աղօթելու կենդանի հաւատքով։ Որովհետեւ Աստուած յայտնուեցաւ նահատակ Արքեպիսկոպոսին՝ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի անձին մէջ, որ հիմա մեզի կոչ

կ’ուղղէ հաւատալու, ինչպէս նաեւ կը հրաւիրէ մեզ՝ հետեւելու իր քայլերուն, եւ այն՝ սիրոյ, քաջութեան ու հաւատարմութեան։

Եւ այս ձայնը այսօր մեզի կը յայտնէ, մեզ կը հարցաքննէ և մեզ կը կանչէ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ երկրպագութեան։ Ո՞ւր է Ս. Գիրքին մէջ խորիմաստ սահմանումը.“Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար” (Յվհ. 15,13)։

Այս խօսքերը ոչ միայն սիրոյ հռչակագիր են, այլ նաեւ Աստուծոյ Որդիին ապրած կեանքին զոհաբերութեան մասին մարգարէութիւնն է. Որդի՛ն, որ իր կեանքը տուաւ աշխարհի փրկութեան համար։ Անոր մահը ոչ թէ վերջն էր, այլ՝ յարութեան եւ անմահութեան սկիզբը՝ կեանքը։

Այս պատկերին մէջ՝ մենք կը գտնենք Արդարին սէրը, որ չի մարիր մահով, այլ՝ կը ժառանգէ փրկութիւնն ու յաւերժական կեանքը։

Այս օրը ապրեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեան։ Ան ապրեցաւ անարդարութեան ու վախի ժամանակաշրջանը, բայց անսասան մնաց իր հաւատքին մէջ, հակառակ որ մարդեր անոր առաջարկեցին հրաժարիլ իր համոզումներէն եւ ապրիլ անոնց տալիք «խաղաղութեան» մէջ...։ Ան պատասխանեց անվեհեր արիութեամբ և անխախտ վճռականութեամբ.“Մենք պիտի մեռնինք, բայց պիտի մեռնինք Քրիստոսի համար”։

Այս քանի մը բառերը կ’ամփոփեն խոր հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյն էութիւնը։ Ուստի, նահատակութիւնը մահ չէ, այլ՝ կեանքին յաղթանակն է ճնշումին դէմ, Յարութեան լոյսին դրան բացումը, ուր “չկայ ո՛չ մահ, ո՛չ սուգ, ո՛չ տառապանք, ո՛չ ցաւ” (Յյտ. 21,4)։

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան ապրեցաւ Աւետարանին խօսքերով՝ մինչեւ վերջ կրելով իր խաչը։ Իր տառապեալ ժողովուրդին հոգը տարաւ եւ իր կեանքը զոհաբերեց՝ իր զաւակներուն հաւատքն ամրապնդելու ու զանոնք փրկելու համար։ Անոր կեանքը միահիւսուեցաւ Փրկչին խաչազոհին հետ: Իր խաչեալ Ուսուցիչին հետ՝ սկիզբը դրաւ նոր կեանքին, որ յաւերժութիւնն է։

Իսկ գալով մեր ժամանակներուն, երբ հաւատքը կը քայքայուի ու կը կործանի, երբ փրկութեան զաւակները կը տատանին իրենց հաւատքին մէջ և մոլորին, ո՞ւր է Աստուծոյ կամքն եւ անոր փրկութեան խոստումը...։

Հաւատացէ՛ք, որ այս ժամանակներուն պէտք ունինք Ս. Մալոյեանի նման կենդանի նահատակներու եւ հաւատացեալներու, որոնք կ’ընտրեն ճշմարտութիւնը փոխզիջումի փոխարէն, յոյսը՝ յուսահատութեան փոխարէն, և ողորմութիւնը՝ վրէժխնդրութեան փոխարէն։

Մարտիրոսութիւնը պարզապէս Եկեղեցիին կողմէ ճանաչում մը չէ, այլ՝ խոր կոչն է մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ նուիրուելու անկեղծ հաւատքով, քաջ յայտնուելու, բարձրաձայն արտայայտուելու, սիրելու և դժուարութիւններուն դիմանալու։

Ս. Իգնատիոս Մալոյեան նահատակը յաղթանակ տարաւ առանց վարանելու: Յաղթանակ տարաւ՝ վկայելով սիրոյ մասին ատելութեան փոխարէն, յոյսի մասին վախի փոխարէն, ինչպէս նաեւ հռչակելով, թէ այն մարդը, որ իր կեանքը կը նուիրէ ճշմարտութեան համար, չի կրնար պարտուիլ։

Այս հանդիսութեան ընթացքին, մենք մեր ուշադրութիւնը նաեւ կը դարձնենք մեր սիրելի Լիբանանին՝ այս երկրին, որ պատերազմներուն և պառակտումներուն դէմ կանգնեցաւ, բայց ան չնահանջեց, որովհետև անոր սրտին մէջ հաւատքը չկործանեցաւ։ Հետևաբար, մենք այսօր կը տեսնենք իսկական դիրքորոշումներ, այնպիսի կեցուածքներ, որոնք հիմնուած են սիրոյ և նուիրուածութեան վրայ։

Եկէ՛ք, այս արժէքները միասին որդեգրե՛նք և զանոնք ապրի՛նք մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Եկէ՛ք, պատրաստ ըլլա՛նք Տիրոջ ձայնին ու պատրաստ ըլլա՛նք վկայելու ոչ միայն արիւնով, այլ նաեւ դիմանալով կեանքի դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն։

Իմ այս խօսքս կը քաղեմ այն մարտիրոս Սուրբին խօսքերէն, որ իր կեանքին վերջին րոպէին յայտարարեց ու դեռ կը յայտարաէ արար աշխարհին. “Մենք պիտի մեռնինք, բայց պիտի մեռնինք Քրիստոսին համար”։ Ամէն»:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2025, 08:11