Կ’աղօթենք, որ Լեւոն ԺԴ․ այցը նոր ուղիներ բանայ քրիստոնէութեան միութեան ու եղբայրութեան համար․ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժին
Կը ներկայացնենք Թուրքիոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին յայտարարութիւնը Լեւոն ԺԴ․ Պապի՝ Թուրքիա, ապա, Լիբանան առաջին առաքելական այցելութեան առթիւ, որ սկիզբ առաւ այսօր՝ 27 Նոյեմբերին։
Իր համառօտ յայտարարութեան մէջ, Ամենապատիւ Տէրը երախտագիտութիւն կը յայտնէ Սրբազան Քահանայապետին Թուրքիա եւ, անոր ծիրէն ներս, Հայ Առաքելական Եկեղեցի նախատեսուող այցելութեան համար:
«Պապական այցելութիւնը մեծ մխիթարանք» բնութագրելով, Ան կը շեշտէ նաեւ, որ կ’աղօթեն, որ ան լաւագոյն պտուղները տայ միջ եկեղեցական յարաբերութիւններու ուղղութեամբ եւ քրիստոնէութեան միութեան ու եղբայրութեան նոր ուղիներ բանայ»։
Նշենք թէ՝ Լեւոն ԺԴ․ Թուրքիա այցին վերջին օրը՝ 30 Նոյեմբերին ժամը 9։15-ին պիտի այցելի Ստամբուլի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ