Որոնել

2025.11.03 Raduno giovani armeni a Kessab

Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդաց Հաւաք Քեսապի մէջ։

«Ով երիտասարդ, Քաջ եղիր սիրոյ մէջ, ապրիր ճշմարտութեամբ, պահէ՛ հաւատքդ անբիծ, եւ աշխարհը պիտի տեսնէ Քրիստոսը քու աչքերուդ մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի` 2 Նոյեմբեր 2025 թուականին, Ը․ Կիրակի զկնի Խաչի, երեկոյեան ժամը 06։00-ին, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հերթական երիտասարդաց հաւաքը։

Ժողովի խորագիրն էր՝ «Ս․ Իգնատիոս Մալոյեանը եւ Հայ երիտասարդը»։ Հանդիպումը սկիզբ առաւ Ս․ Վարդարանի աղօթքով ու ապա օրուայ խորհուրդը ներկայացուց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը։

Հայր սուրբը իր խօսքին մէջ առանձնապէս ըսաւ.

«Սիրելի երիտասարդներ,

Այսօր կը խօսինք մարդու մը մասին, որ մեր հայ եւ միջազգային ժողովուրդներուն պատմութեան մէջ կը փայլի ոչ միայն իբրեւ նահատակ եւ սուրբ, այլ իբրեւ վառ օրինակ հաւատքի, սիրոյ եւ համարձակութեան։ Ան է՝ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը, Մարտինի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը, որ 1915-ի ճգնաժամերուն մէջ ընտրեց մնալ Քրիստոսի հետ՝ մինչեւ ցմահ։

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանը կը թելադրէ Ձեզի Հինգ կարեւոր կէտեր Ձեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան համար․

1․ Հաւատքի արժանապատուութիւն։

Երբ Զինքը ստիպեցին ուրանալ իր հաւատքը ու ընդունիլ իսլամականութիւնը, Ան խոնարհ եւ հաստատ կամքով պատասխանեց․ «Ես կապրիմ եւ կը մեռնիմ յանուն իմ հաւատքիս»։

Ան մեզի կը սորվեցնէ, որ հաւատքը պէտք է ապրիլ՝ ոչ միայն պահպանել։

Այսօր ալ աշխարհը մեզի կը հրամցնէ բազմաթիւ փորձութիւններ՝ խաբեբայ օրինակներ, շքեղ պատրանքներ, բայց մեր Սուրբը մեզ կը հրաւիրէ ընտրելու ճշմարիտ արժէքները։

Երիտասարդը, որ իր հաւատքին մէջ կը կ'անգնի հպարտ ու հաստատ, արդէն իսկ կը դառնայ ժամանակակից վկայ մը։

2․ Քաջութիւն առանց ատելութեան։

Սուրբ Իգնատիոսը մահուան դիմաց քաջ էր, բայց երբեք չատեց իր հետապնդողները։ Ան աղօթեց, օրհնեց եւ ներեց։

Իր քաջութիւնը ծնունդ առաւ Քրիստոսի սէրէն՝ եւ ոչ ատելութենէն։

Եւ ահաւասիկ իսկական ուժը՝ սիրել նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ աշխարհը քեզ կ'ատէ։

Երիտասարդներս, այսօր ալ քաջ ըլլալը՝ կը նշանակէ չվախնալ սիրել, չվախնալ ներել, չվախնալ մնալ հեզ ու բարի՝ նոյնիսկ երբ ատիկա «անժամանակ» է։

3․Հաւատքը ապրիլ։

Անապատի մէջ, մահուան ճամբուն վրայ, Սուրբ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոսը իր հօտին հետ կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագը։

Օրհնեց հացը, բաժնեց, աղօթեց եւ մխիթարեց։

Այս տեսարանը կը բացատրէ, որ հաւատքը երբեք չի մեռնիր, որովհետեւ գործի կ'անցնի։

Երբ մենք աղօթքը կ'ընենք սրտով, երբ օգնենք մերձաւորին, երբ լոյս կը բերենք մութ տեղերու մէջ՝ մենք ալ կը դառնանք «կենսարար Պատարագ»։

4․ Նահատակութիւնը՝ հաւատարմութեան վկայութիւն։

Սուրբ Մալոյեանը իր մահուան պահուն ժամանակ ըսաւ․ «Աստուած իմ, ողորմեա՛ ինձ, Քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ իմ հոգիս»։

Անիկա վերջին, բայց ամենապայծառ աղօթքն էր՝ ամբողջ հաւատքով արտասանուած։

Այսօր մեզի չի սպառնալ գնդակահարութիւնը կամ անապատը, բայց կը սպառնայ անտարբերութիւնը։

Եւ այդ իսկ պատճառով մեր նահատակութիւնը կրնայ ըլլայ՝ մաքուր, արդար, սիրող՝ Քրիստոսի անունով։

5․ Սուրբին պատգամը հայ երիտասարդին։

Այսօր, Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան կը խօսի մեզի ․ «Ով երիտասարդ, Մի՛ վախնար այլ հաւատայ, ամօթ մի՛ զգար որ Քրիստոսին կը պատկանիս այլ հպարտ եղիր Քրիստոսի Խաչով։

Քաջ եղիր սիրոյ մէջ, ապրիր ճշմարտութեամբ, պահէ՛ հաւատքդ անբիծ, եւ աշխարհը պիտի տեսնէ Քրիստոսը քու աչքերուդ մէջ»։

Ապա երիտասարդները համաշունչ աղօթեցին Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի նուիրուած աղօթքը ու ապա Գերյ. հայր սուրբը Նոր Սուրբին մասունքով օրհնեց բոլոր մասնակիցները։

Հանդիպումը հասաւ իր աւարտին փոքրիկ հիւրասիրութեամբ։

 

Քեսապ՝ 2 Նոյեմբեր 2025թ․

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Ս․ Միքայէլ Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2025, 08:09