Որոնել

People stand near the shrine of Saint Charbel at the Saint Maroun monastery, which the pope is expected to visit during his trip to Lebanon, in Annaya

Սուրբ Շարպել Մախլուֆ Լիբանանցի մեծանուն Սուրբը

Ան ծնած էր 8 մայիս 1828-ին Պքաաքաֆրա շրջանի Աննայա գիւղին մէջ բազմանդամ զաւակներով ընտանիքի մը յարկին տակ։ Փոքրիկ հասակին որբ կը մնայ հօրմէն ու անոր մայրը դարձեալ կ՛ամուսնանայ շատ հաւատացեալ մարդու մը հետ, որ ապա կ՛ընդունի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։ Խորդ հօր տիպարը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Շարպելի կեանքի ընտրանքին վրայ եւ 22 տարեկանին կ՛որոշէ մտնել Մայֆուք Տիրամօր վանք ուր կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ ընտրելով Շարպել անունը, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ Պատմութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օրերուն, աւարտելէ ետք իր Քահանայապետութեան առաջին առաքելական միջազգային ճամբորդութեան առաջին հանգրուան հանդիսացող Թուքրիա այցը, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը պիտի փոխադրուի Լիբանան եւ մէկ դեկտեմբերին ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Սուրբ Շարպելի սրբավայր հանդիսանալով առաջին Քահանայապետը որ կ՛այցելէ այդ վայրը։

Սուրբ Շարպելը Լիբանանցի Մարոնի Համայնքի վանական մըն է՝ աւազանի անունով Եուսէֆ Մախլուֆ՝ Անոր ծիսական տօնը ամէն տարի կը յիշատակուի 24 Յուլիսին։

Ան ծնած էր 8 մայիս 1828-ին Պքաաքաֆրա շրջանի Աննայա  գիւղին մէջ բազմանդամ զաւակներով ընտանիքի մը յարկին  տակ։ Փոքրիկ հասակին որբ կը մնայ հօրմէն ու անոր մայրը դարձեալ կ՛ամուսնանայ շատ հաւատացեալ մարդու մը հետ, որ ապա կ՛ընդունի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։   Խորդ հօր տիպարը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Շարպելի կեանքի ընտրանքին վրայ եւ 22 տարեկանին կ՛որոշէ մտնել Մայֆուք Տիրամօր վանք ուր կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ ընտրելով Շարպել անունը, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ Պատմութիւնը»։

Նորընծայական շրջանը աւարտելէ ետք կը փոխադրուի Սուրբ Մարոնի Աննայա վանք, ուր 1853-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը, ապա կը փոխադրուի Սան Չիփրիանօ Տի Քֆիֆէն ուր կը հետեւի փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումներու։

1859-ի Յուլիս 23-ին  կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելէ ետք մեծաւորները զայն դարձեալ կ՛ուղարկեն Աննայայի Մենաստան ուր իր մէջ կը զարգանայ մենակեաց  կեանք ապրելու կոչումը ու մեծաւորներու հրամանով՝ 13 փետրուար 1875-ին, կը քաշուի ճգնարան ուր նաեւ կը կնքէ իր մահկանացուն՝ 24 դեկտեմբեր 1898-ին։

Սուրբ Շարպել ճանչցուած է որպէս Լիբանանի «Փատրէ Փիոն» ու բազմաթիւ են անոր յետ մահու գործած հրաշքները։

1925-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետի հրահանգով սկիզբ կը տրուի անոր երանացման դատին որ կ՛աւարտի 1954-ին՝ Պիոս ԺԲ քահանայապետի օրով, որ կը վաւերացնէ Սուրբ Շարպելի երանացումը, մինչ Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի օրով է որ տեղի կ՛ունենայ երանացման արարողութիւնը ՝ 1965-ի դեկտեմբեր 5-ին, հուսկ 1977-ի հոկտեմբեր ինին միշտ Պօղոս Զ Պապի օրով, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը կատարուի Սուրբ Շարպելի սրբադասման արարողութիւնը։

1950-ին մենակեաց Շարպել Մախլուֆի գերեզմանը կը բացուի քննիչ յանձնախումբի մը ներկայութեամբ, որ անոր մարմինը կը գտնէ անաղարտ։

Սուրբ Շարպել Մախլուֆը մեծարուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ ու անոր հսկայական արձաններէն մին կը գտնուի նաեւ Վատիկանի մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2025, 07:56