Որոնել

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը  

50 տարիներ բոլորող զոյգեր մեծ շուքով տօնեցին իրենց Ս. Պսակի տարեդարձը

Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան, առընթերակայութեամբ փոխ ժողովրդապետ Հ. Ռաֆայէլ Վրդ. Ժաուհարժիի եւ Տէր Նշան Սրկ. Հաննէշեանի։ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պատարագի աւարտին, հայրապետական պատգամ մը փոխանցեց։

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Սուրբ Փրկիչ ժողովրդապետութեան Ընտանեկան յանձնախումբին, Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Պսակի տարեդարձի օրհնութեան եւ Սուրբ Պատարագ, ոսկեայ, զմրուխտէ, ադամանդեայ եւ երկաթեայ պսակի տարեդարձներ նշող 26 զոյգերուն, ներկայութեամբ գերյարգելի վարդապետներու եւ զոյգերուն զաւակներուն, թոռներուն եւ հարազատներուն։

Պատարագի ընթացքին պսակեալ զոյգերէն եւ յանձնախումբի անդամներէն ընթերցեցին Աստուծոյ նուիրուած շնորհակալական խօսքեր, դիտաւորութիւններ, աղօթքներ եւ բարեմաղթութիւններ։ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պատարագի աւարտին, հայրապետական պատգամը փոխանցեց, ըսելով. «Դուք բախտաւոր էք, որովհետեւ առիթը ունեցաք վերանորոգելու ձեր պսակի խորհուրդը Յիսուս Քրիստոսի առջեւ եւ գնահատելի է ձեր հաւատարմութիւնը եւ սիրոյ կարեւորութեան դերը սուրբ ընտանիքին կազմութեան մէջ, որ անհրաժեշտ մղիչ ուժ է»: Հոգեւոր Տէրը, իր օրհնութիւնը յայտնելով յորդորեց, որ զոյգերը տօնեն իրենց պսակի 75-րդ եւ 100-րդ ամեակը մաղթելով առողջութիւն եւ երկար կեանք Քրիստոսի հետ միացած Ս. Հաղորդութեան միջոցաւ։

Հոգեւոր տէրը իր շնորհակալութիւնը ուղղելով ժողովրդապետութեան, գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց ընտանեկան յանձնախումբին, որմէ ետք իւրաքանչիւր ընտանիքի յանձնեց Աստուածաւանդ Հայրապետական օրհնագիրը։
Պատարագէն ետք, մեծ խանդավառութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ ներկաները ուղղուեցան Հ.Կ.Մ.-ի «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահ, ուր Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ իւրաքանչիւր զոյգի իր ընտանիքի անդամներուն հետ կարկանդակի հատում, սիրոյ երգերու ընկերակցութեամբ։

Յայտնենք որ կամքէ առկախ բացակայութիւն արձանագրող զոյգերու տան այցելութեան ժողովրդապետին պիտի ընկերակցին յանձնախումբի անդամները եւ պիտի յանձնուի օրհնագիրերը, իսկ յառաջիկայ Կիրակի, 9 Նոյեմբեր 2025ին տեղի պիտի ունենայ Ս. Պսակի խորհուրդին 45, 40, 35 եւ 30 տարիներ բոլորած զոյգերու նոյնանման հոգեւոր, հովուական եւ ընկերային հանդիպում մը։
Յ.Գ. Ժողովրդապետութեանս անուանացանկին մէջ 50 տարի բոլորած զոյգերուն ընդհանուր թիւնը 41 է, սակայն միայն 26 զոյգը կարողացաւ ներկայ ըլլալ այս հոգեպարար արարողութեան:

Ի Սրտէ կը շնորհաւորենք բոլոր զոյգերուն եւ աստուածային սիրով կազմուած իրենց ընտանիքներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2025, 09:20