Որոնել

Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի անդմաները Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդի անդմաները 

Լիբանանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը - Լեւոն ԺԴ. Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը

Լիբանանը ունի 10,400 քառակուսի քմ. Տարածք, ուր կ՛ապրին 4 միլիոն 446 մարդ որոնցմէ երկու միլիոնը կաթողիկէ են` այսինքն բնակչութեան 44,85 առ հարիւրը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Լիբանանը ունի 10,400 քառակուսի քմ. Տարածք, ուր կ՛ապրին 4 միլիոն 446 մարդ որոնցմէ երկու միլիոնը կաթողիկէ են` այսինքն բնակչութեան 44,85 առ հարիւրը։

Այնտեղ կը գործեն 24 Կաթողիկէ Եկեղեցական գաւառներ ու 1.116 ժողովրդապետութիւններ եւ այլ 47 հովուական կեդրոններ։

Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 49 եպիսկոպոս եւ 1564 քահանաներ ապա 46 մնայուն սարկաւագներ հուսկ 118 կրօնաւորներ 1698 կրօնաւորուհիներ որոնց պէտք է աւելցնել 145 աշխարհական միսիոնարներ եւ 402 կրօնուսոյցներ։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ կը գտնուին ապա 694 դպրոց եւ յիսուն բարձրագոյն դպրոց ու համալսարաններ։

Կաթողիկէ Եկեղեցին կը կառավարէ ապա 23 հիւանդանոց 85 Բուժարան մէկ բորոտներու խնամքի տուն ապա 41 ծերանոց 56 որբանոց եւ մանկատուն, 16 ընտանեկան հարցերու օգնութեան կեդրոն, ու այլ յիսունէ աւելի հաստատութիւններ։

Լիբանանի մէջ Լատին եկեղեցին ունի մէկ Առաքելական փոխանորդութիւն։ Մարոնիթ Եկեղեցին կազմուած է Պատրիարքական Եկեղեցիով, չորս աւագ Թեմերով եւ վեց այլ թեմերով։ Յոյն Մելքիթ Եկեղեցին ունի երկու Մետրոպոլիտ աթոռանիստ Եկեղեցի եւ հինգ աւագ թեմեր։ Ասորի Եկեղեցին ունի Պատրիարքական Եկեղեցին ու մէկ Թեմ եւ նոյնն է նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պարագային մինչ Քաղդէացիները ունին միայն մէկ Թեմ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2025, 07:44