Որոնել

2019.10.11 Ritratto di John Henry Newman - Oratorio di Birmingham

Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած Ճոն Հէնրի Նիումանի կենսագրականը

Կրթական աշխարհի Յոբելեանի շրջագիծէն ներս, Լեւոն ԺԴ․ Պապի կողմէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուած աստուածաբան եւ փիլիսոփայ Նիումանը, նկատուած է տասնիններորդ դարու մեծագոյն քրիստոնեայ մտաւորականներէն մին։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մէկ նոյեմբերին, Կրթական աշխարհի Յոբելեանի շրջագիծէն ներս, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակեց Լատին Եկեղեցւոյ Կարդինալ, աստուածաբան եւ փիլիսոփայ Ճոն Հէնրի Նիումանը, «որ վճռորոշ ներդրում ունեցաւ աստուածաբանութեան վերանորոգման և քրիստոնէական Վարդապետութեան ըմբռնման մէջ՝ անոր զարգացման ընթացքին», ինչպէս յայտարարած էր նոյնինքն Քահանայապետը անցեալ 28 սեպտեմբերի՝ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ժամանակ։

Նիուման նկատուած է տասնիններորդ դարու մեծագոյն քրիստոնեայ մտաւորականներէն մին ու նաեւ քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ կաթողիկէ հաւատքի ամենահեղինակաւոր ջատագովներէն մէկը։ Իր հանդուրժողականութեան, նրբանկատութեան և հսկայական մշակոյթին համար անոր կերպարը և անոր հսկայական աշխատանքը լայնօրէն գնահատուած են նոյնիսկ ոչ կաթողիկէ շրջանակներէն ներս։

Ճոն Հէնրի Նիումանի կենսագրականը

Ճոն Հէնրի Նիուման ծնած է 21 Փետրուար 1801ին Լոնտոնի մէջ, Անկլիգան բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ։

1817ին մուտք կը գործէ Օքսֆորտի «Trinity College» եւ ուսման շրջանի աւարտին՝ 1824ին կը ձեռնադրուի Անկլիգան Եկեղեցւոյ սարկաւագ, ապա՝ 1825, Անկլիգան Եկեղեցւոյ հովիւ։

Օքսֆորտի Համալսարանի Անկլիգան ժողովրդապետութեան ներս, որպէս «Սէնթ Մէրի» համալսարանի Եկեղեցիի ժողովրդապետ, Նիուման ունէր ուսանողներու հետ զբաղուելու պարտականութիւնը։ Ան շուտով յայտնի կը դառնայ իր կիրակնօրեայ քարոզներով, որոնք հետագային կ’ընդգրկուին ութ հատորներէ բաղկացած ժողովածուի մէջ եւ ամենէ կարեւորներ էին աստուածաբանական գետնի վրայ։

Նիուման միաժամանակ կը շարունակէ խորացնել իր գիտելիքները իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ։ 1832-1833 թուականներուն, Իտալիայէն վերադարձին, ան կը գրէ «Lead, Kindly Light» աշխատութիւնը, որ մեծ ժողովրդականութիւն կ՛ունենայ՝ գործածութիւն ստանալով շատ քրիստոնէական դաւանանքներու կողմէ։

Յաջորդ տարիներուն Նիուման ընկերներուն հետ կը հիմնէ «Օքսֆորտի Շարժումը»՝ հակադրուելու համար անգլիական համալսարաններէն ներս տարածուող կրօնական ազատապաշտութեան։ 1833-1841 Հէնրի Նիուման եւ իր շարժումի ընկերները կը հրատարակեն «Tracts for the Times» կոչուած 90 քննական ուսումնասիրութիւններ՝ Անկլիգան Եկեղեցւոյ բայց նաեւ քրիստոնեայ կրօնքի տարբեր հարցերուն հայող, որոնց վերջինին մէջ Նիւման կ՝առաջարկէ մեկնաբանել Անկլիգան Եկեղեցւոյ կրօնական 39 յօդուածները Կաթողիկէ տեսանկիւնէ։ Այս մեկնաբանութիւնը պատճառ եղաւ, որ ան դատապարտուի Օքսֆորտի Համալսարանի եւ 42 անկլիգան եպիսկոպոսներու կողմէ։ Նիուման կրօնական ճգնաժամ կ'ապրի եւ 1845 կը միանայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, ինչպէս իր շատ անկլիգան ընկերները։

Նիումանի ընտրութիւնը մեծ արձագանք կը գտնէ ողջ Անգլիոյ մէջ՝ զինք ստիպելով հեռանալ իր ժողովրդապետութենէն ու բնակութիւն հաստատել Պիրմինկհամի մէջ։

Միշտ 1845ին լոյս կը տեսնէ անոր «Քրիստոնեայ Վարդապետութեան Զարգացումը» աշխատութիւնը, որ շատեր կը դիտեն պատմութեան, մարդու եւ Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութեան իմաստի վերաբերեալ Նիումանի ուսումնասիրութիւններու գագաթնակէտը։

30 Մայիս 1847-ին Ան կը ձեռնադրուի քահանայ Հռոմի մէջ, 1879ին (80 տարեկանին) կարդինալական կոչումը կը ստանայ Լեւոն ԺԳ. Պապէն՝ շարունակելով ապրիլ Անգլիոյ մէջ, ուր կը հիմնադրէ Սուրբ Ֆիլիփփօ Ների Միաբանութիւնը։ Կը վախճանի՝ 11 Օգոստոս 1890-ին Պիրմինկհամի մէջ։

Անոր դամբանաքարին վրայ կը կարդանք հետեւեալ խօսքերը՝ “Ex umbris et imaginibus in veritatem” (Ստուերէն եւ լուսապատկերներէն դէպի ճշմարտութիւն)

Մահուընէ 70 տարիներ ետք, սկիզբ կը դրուի Նիումանին սուրբերու շարքը դասելու գործընթացը․

22 Յունուար 1991ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ կ՛ արտօնէ հրապարակել անոր Աստուծոյ Ծառայի հրամանագիրը,

19 Սեպտեմբեր 2010ին Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը, զինք կը դասէ Երանելիներու շարքին,

13 Հոկտեմբեր 2019ին Ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ անոր Սրբադասման արարողութիւնը։ Եւ ահա այժմ` Լեւոն Պապը զինք կը հռչակէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2025, 10:45