Գերպ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանի վկայութիւնը` Լեւոն ԺԴ. Պապին Թուրքիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան մասին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
Անցեալ 27 նոյեմբերէն մինչեւ 30 նոյեմբեր 2025, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Թուրքիան,
ուր յիշատակեց Նիկիոյ առաջին Տիեզերական համամիութենական Ժողովին 1700 ամեակը։ Այս հանդիսացաւ անոր Քահանայապետութեան առաջին միջազգային ճամբորդութեան ընթացքին առաջին երկիրը որուն յաջորդեց Լիբանանի այցելութիւնը։
Նորին Սրբութեան Թուրքիա կատարած այցելութեան մասին Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքը Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր եւ Քահանայապետի ճամբորդութեան տեղական համադրող Գերպ. Վարդան Թ. Ծ. Վ. Գազանճեանէն խնդրեց յատուկ վկայութիւն մը, պատմելու համար իր տպաւորութիւնները ու յատկանշական պահերը։
Ունկնդրենք անոր մեզի փոխանցած խօսքերը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ