Որոնել

Հայր Անթոնի Փիցցօ Հայր Անթոնի Փիցցօ  

Հայր Փիցցօ՝ Խաղաղութիւնը վերադարձնել մեր կեանքի կեդրոնը, ինչպէս Պապը կը խնդրէ։

Չիկակոյէն մինչեւ Քալապրիա, Միջին Արեւմուտքի Օգոստինեաններու առաջնորդը, որ Լեւոն ԺԴ. Պապին երկար տարիներու բարեկամն է, Անթոնիօ Էմանուէլ Աուկուրուսա Հիմնարկին նոր հոգեւոր առաջնորդն է, որ կը զբաղի խոցելի անձերու հասարակական ներառումով եւ խաղաղութեան, մարդկային ու բնապահպանական կայունութեան քարոզչութեամբ։ Հիմնարկին նուիրուած՝ ընդամէնը 12 տարեկանին մահացած երիտասարդին մասին ան ըսաւ. «Անոր պատգամը ուժեղ ուժ ունի, վստահ եմ, որ Քահանայապետը անոր պատմութիւնը սիրտին մօտ պիտի պահէ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ակոսթինեան միաբանութեան անդամ, Հայր Անթոնիօ Փիցցօ, «Անթոնիօ էմանուելէ Աուկուրուսա» հիմնարկի հոգեւոր տեսուչ անուանումի առիթով, «Վատիկան Նիւզ» ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին մասին, որ զինք լաւ կը ճանչնար երբ երիտասարդ էր։ Ան քահանայապետը նկարագրեց մէկ բառով իրապաշտ ՝իր հաւատքին մէջ, իբրեւ եղբայր, քահանայ, եպիսկոպոս եւ Քահանայապետ։

Հայր Փիցցոն, որ Քամբանիայի եւ Սիկլիոյ ծագում ունի, տարիներ շարունակ կ’առաջնորդէ Օգոստինեաններուն գործունէութիւնները Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։

2020 թուականին հիմնուած հիմնարկը կը ներշնչուի քրիստոնէական արժէքներէն եւ Անթոնիօ Էմանուէլին՝ 12 տարեկանին մահացած տղայի մը՝ ցանկութիւններէն, որ կ’ուզէր ստեղծել «Խաղաղութեան Տուն» մը՝ հասարակութիւնը զրկանքներու աղբիւրէն փոխակերպելով համերաշխութեան եւ մարդկային զարգացման ապաստան մը։ Հիմնարկը կը քարոզէ «Ծննդական Վերադարձի» օրինակը, մօտեցում մը, որ առաւելութիւն կու տայ երկխօսութեան, համայնքին, փոխակերպման եւ ողորմութեան, համախմբային կերպով ներգրաւելով փոխադարձ խնամքի եւ զօրացման մարտավարութիւններու ծրագրման մէջ, հեռու աւանդական օժանդակութենէ։

Փիցցոն զուգահեռներ կը գծէ Անթոնիօ Էմանուէլին եւ 2023 թուին սրբացած Քարլօ Աքիւթիսին միջեւ, ընդգծելով թէ երկուքն ալ երիտասարդներու օրինակներ են, որոնք, տառապանքի եւ ծառայութեան միջոցով, կը ներշնչեն բարութեան եւ հաւատքի ուղղուած կեանք մը։

Պապ Լէոն ԺԴ-ի կերպարը կ’երեւի որպէս ծառայութեան եւ գործնական հաւատքի օրինակ, խաղաղութեան ուժեղ կոչով, որ Պապը արտայայտեց իր գահակալութեան սկիզբէն իսկ իր առաջին խօսքերով՝ «Խաղաղութիւն ձեզի ամէնուդ»։

«Խաղաղութեան Տունը» կը դիտուի որպէս կամուրջ Սուրբ Օգոստինոսի «Աստուծոյ Քաղաքը» գիրքին մէջ նկարագրուած երկու աշխարհներուն՝ երկրային քաղաքին եւ երկնային քաղաքին միջեւ, հոգեւորապէս պատրաստուելու յաւիտենական կեանքին անցումին։ Հայր Փիցցոն կ’ընդգծէ խաղաղութիւնը որպէս ամենօրեայ եւ գործնական արժէք վերականգնելու կարեւորութիւնը, առաջարկելով կառուցել հաշտութիւնը եւ գործուն հոգեւորութիւնը խթանող իրականութիւն մը։

Պատմելով 1979-1980 թուականներուն Պապ Փրեւոսթի, որ այն ատեն երիտասարդ Օգոստինեան էր, հետ ունեցած դէպքի մը մասին, ան կը ցուցադրէ թէ ինչպէս կրօնական կեանքը կը պահանջէ գործնականութիւն եւ շօշափելիութիւնը, նոյնիսկ աղքատութեան երդումը պահելու մէջ։ Եզրափակելով իր խօսքը Հայր Պիցցօ թէ հաւատքը պէտք է ապրուի գործնականութեամբ եւ նուիրումով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2025, 11:44