Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լիբապան այցելութեան ժամանակ Լեւոն ԺԴ. Պապը Լիբապան այցելութեան ժամանակ  (ANSA)

«Սուրբ Աթոռը Եւ Լիբանանը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Վատիկանը միշտ շեշտած է, որ Լիբանանը ունի օրինական եւ քաղաքացիական կառոյցներու ու ժողովուրդի համախմբուած ուժը վերակառուցելու իր արդար իրաւունքը։ Քահանայապետին ներկայութիւնը ուղղակի հրաւէր մըն է՝ վերանորոգութեան, բարեփոխումի եւ հրաւէր երիտասարդներուն` պաշտպանելու համար իրենց հայրենիքը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այս օրերուն մեր սիրտերը լեցուն են յոյսով, ուրախութեամբ եւ ակնկալութեամբ, որովհետեւ մեր հետը եղաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ քաջալերանքի, խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամով։ Լիբանանը, որ միշտ եղած է միջին արեւելքի հաւաքական սրտի ձայնը, այսօր աւելի քան երբեք կը կարօտի նման այցի մը մխիթարութեան։

Ս. Աթոռը ոչ մէկ ատեն հեռու մնացած է Լիբանանէն։ Արդարեւ, վերջին տասնամեակներու ընթացքին յաճախ հնչած է մեր ականջներուն այն այն պատգամը, որ Լիբանանը՝ «աւելի քան երկիր մըն է, ան պատգամ է»։ Պատգամ՝ համակեցութեան, կրօնական ազատութեան, բազմազանութեան, եւ միջին արեւելքի մէջ քրիստոնեայի ներկայութեան։
1960-ական թուականներու սկզբէն սկսեալ, Սուրբ Աթոռը յաճախ միջամտած է Լիբանանի խնդիրներուն՝ բարեսիրական, մարդասիրական եւ դիւանագիտական աջակցութիւն ցուցաբերելով։ Այս իմաստով գործնական եւ յուզիչ նշանը եղաւ 1989-ին, երբ Սրբազան Յովհաննէս Պօղոս Բ. ներկայացուց իր ամբողջական աջակցութիւնը Լիբանանի խաղաղութեան գործընթացին, եւ հետագային անձամբ այցելեց երկիրը՝ վերակերտման ու միասնականութեան յորդորներով։

Յաջորդող քահանայապետերը նոյն ընթացքը շարունակեցին։ Սրբազան Պենետիկտոս ԺԶ.-ի 2012-ի այցելութիւնը դարձեալ ցոյց տուաւ, որ Լիբանանի համար Վատիկանի հետաքրքրութիւնը ոչ ժամանակաւոր է, ոչ ալ քաղաքական շահի վրայ հիմնուած. ան հոգեւոր պատասխանատուութիւն է։
Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս ալ բազմիցս արտայայտած է՝ Տիրոջ Խաղաղութիւնը հայցելու աղօթքով, եւ անոր բոլոր ելոյթներուն մէջ Լիբանանը նկատած է իբրեւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան բանալին։ Լիբանան նղան մըն է Միջին Արեւելքի մէջ, կրօնական բազմազանութեան եւ համերաշխ գոյակցութեան հող մըն է։ Քահանայապետերը միշտ յայտարարած են, որ եթէ Լիբանանը կորսնցնէ իր այդ դերակատարութիւնը, մեծ վնաս կը յաջորդէ ամբողջ շրջանին։

• Այստեղ դարեր շարունակ քրիստոնեան եւ ոչ քրիստոնեան ապրած են կողք կողքի:
• Այստեղ «ազատութիւն» բառը իր ճշմարիտ իմաստով, պահուած է որպէս արժէք։
• Այստեղ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայի ներկայութիւնը ոչ թէ պատմական մնացորդ է, այլ՝ կենդանի աւիշ։

Սրբազան Քահանայապետերը կը տեսնեն Լիբանանը որպէս կամուրջ, ոչ թէ որպէս աշխարհագրական սահման. կամուրջ՝ մշակոյթներու, ազգերու եւ հաւատքներու միջեւ։

Այսօր, սիրելի հաւատացեալներ, յստակ է, որ Լիբանանը կը գտնուի ծանր եւ բազմաշերտ ճգնաժամի մէջ։ Տնտեսական քանդում, քաղաքական փակուղի, ներգաղթի ցաւալուն ալիք, եւ մանաւանդ՝ ժողովուրդի յուսալքում։
Այս իմաստով քահանայապետին այցելութիւնը կու գայ մեզի յիշեցնելու երեք հիմնական ճշմարտութիւններ՝

Ա. Լիբանանը Կարող Է Եւ Պէտք Է Վերանորոգուի

Վատիկանը միշտ շեշտած է, որ Լիբանանը ունի օրինական եւ քաղաքացիական կառոյցներու ու ժողովուրդի համախմբուած ուժը վերակառուցելու իր արդար իրաւունքը։ Քահանայապետին ներկայութիւնը ուղղակի հրաւէր մըն է՝ վերանորոգութեան, բարեփոխումի եւ հրաւէր երիտասարդներու պաշտպանելու համար իրենց հայրենիքը։

Բ. Ապահովութիւնը Հրատապ Պահանջ Է

Լիբանանցի ժողովուրդը առաւել քան իր շրջանի բոլոր ժողովուրդներու, կարիքն ունին ապահովութեան եւ խաղաղութեան, որովհետեւ խաղաղութիւնը նախապայման է մարդկային արժանապատիւ կեանքի։ Քահանայապետը իր այցով կը բարձրացնէ այս տագնապալի խնդիրը ամբողջ աշխարհի առջեւ։

Գ. Խաղաղութիւնը Պէտք Է Դառնայ Լիբանանի Ստորագրութիւնը
Խաղաղութիւնը ոչ միայն պատերազմի դադարեցումն է. ան արդարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ներկայութիւնն է։ Քահանայապետը մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը պէտք է սկսի մեր տուներէն, մեր համայնքներէն, մեր եկեղեցիներէն եւ մեր սրտերէն։

Թող Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը դառնայ

• Յոյսի վերածնունդ,
• Ըմբռնումի նոր բացուող էջ,
• Եւ խաղաղութեան հրաւէր ամբողջ Լիբանանին։

Թող Աստուած օրհնէ մեր հայրենիք Լիբանանը՝ որպէս լոյսի ճրագ մը Միջին Արեւելքի մէջ, որպէս համերաշխութեան օրինակ, եւ որպէս այն երկիրը, որ իր խաչը կը կրէ յոյսով եւ հաւատքով. ամէն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2025, 09:32