Վարդանանց տօնակատարութիւնը՝ Անարատ Յղութեան Քոյրերու տան մէջ
«Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»
12 Փետրուար 2026-ին, Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեան, Գերյ. Ներսէս Ծ. Վրդ. Գալստեան եւ Շիրակի համայնքներուն մէջ ծառայող հայ կաթողիկէ քահանաները ներկայ գտնուեցան Անարատ Յղութեան հայ միաբան քոյրերու կազմակերպած ամենամեայ միջոցառման՝ նուիրուած Սրբոց Վարդանանց տօնին: Գեղեցիկ բեմադրութիւնը, համեմուած «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին եւ մեներգիչներու կատարումներով, կազմակերպուած էր քոյրերու եւ «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի անձնակազմին ջանքերով, ինչպէս նաեւ իրենց սաներուն ու արհեստից վարժարանի ուսանողներուն մասնակցութեամբ:
Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու Հայաստանի մեծաւորուհի՝ Քոյր Նարինէ Սիմոնեան, իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը.
«Այսօր հաւաքուած ենք այս սուրբ օրուան առիթով՝ վերյիշելու Վարդանանց փառահեղ ու նուիրական հերոսամարտը: Վարդանանց ճակատամարտը լոկ պատմական իրադարձութիւն մը չէ, այլ մեր ինքնութեան, հաւատքին եւ աննկուն կամքին խորհրդանիշը: Այս միջոցառումը յարգանքի տուրք է Վարդանանց նահատակներուն եւ մերօրեայ հերոսներուն, որոնք իրենց արիւնով կերտեցին մեր ժողովուրդի գոյատեւումը: Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը կարդանք. “Աւարայրը քրիստոնեայ աշխարհի առաջին ռազմական բախումն է, ուր դէմ յանդիման ելան լոյսն ու խաւարը, կեանքն ու մահը, հաւատքն ու հաւատուրացութիւնը, հայրենիքն ու ստրկացումը”: Թէեւ անցած է 1575 տարի, սակայն 451 թուականի Տղմուտ գետի ափին տեղի ունեցած պատերազմի զէնքերուն շաչիւնը եւ Սուրբ Վարդանի կոչը՝ “Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց”, մինչեւ օրս զօրեղ կերպով կը հնչէ մեր եւ սփիւռքի բոլոր հայորդիներուն սրտերուն մէջ: Սուրբ Վարդանանք եւ մերօրեայ 4-օրեայ ու 44-օրեայ պատերազմներուն մասնակից հերոսները աշխարհին ապացուցեցին, որ կան արժէքներ, որոնք թանկ են կեանքէն, եւ ոչ մէկ թշնամի կրնայ ծնկի բերել հոգիի ազատութիւնը»:
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը իր խօսքն ուղղեց ներկաներուն.
«Գերյարգելի՛ եւ գերապատի՛ւ հայրեր, արժանապատի՛ւ քահանաներ, առաքինազարդ քոյրեր, քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ հասարակական գործիչներ. Վարդանանց պատերազմէն անցած է 1575 տարի, բայց զայն կը յիշենք այնպէս, կարծես երէկ պատահած ըլլար: Մեր շարականներն ու բանաստեղծութիւնները տակաւին մեր շրթներուն են: Վարդանանց 451-ի ճակատամարտը հայ ինքնութեան գոյապայքարի վերջին հանգրուանն էր: 150 տարուան ընթացքին դարաւոր պատմութիւն ունեցող ազգը ընդմիշտ փոխեց իր ճակատագիրը: Խօսքս քրիստոնէութեան մասին է. 301-ին հայ ազգը քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն. ասիկա մեր ազգի ջրով մկրտութիւնն էր:
5-րդ դարու սկիզբը, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռամբ հայերէն այբուբենի ստեղծումը եղաւ մեր ժողովուրդի մշակութային մկրտութիւնը: Կորիւնը իր գիրքին մէջ գեղեցիկ կերպով կ’ըսէ, թէ մենք Քրիստոսը սխալ կը հասկնայինք այնքան ատեն, որ Ան հայերէն չէր խօսած: Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ հայուն համար ամէն ինչ փոխուեցաւ: Այս մկրտութենէն տասնամեակներ ետք, հայը կանգնեցաւ Աւարայրի շեմին: Հազկերտը չէր հասկնար մեր հաւատքն ու այբուբենը, եւ այդպէս տեղի ունեցաւ ճակատամարտը: Հայը յաղթական դուրս եկաւ՝ հաստատելով, որ հաւատարիմ պիտի մնայ իր երեք մկրտութիւններուն՝ ջուրի, մշակոյթի եւ արեան մկրտութեան, որ տեղի ունեցաւ Աւարայրի դաշտին վրայ:
Վարդանանց պատերազմով ստեղծուեցաւ բնաբան մը՝ «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»: Այս երկուքէն ոչ մէկը պիտի զիջուի միւսին համար: Մենք այդ մեծ ժառանգութեան կրողներն ու պահապաններն ենք, ինչ որ մեզի մեծ պատասխանատուութիւն կը պարտադրէ: Պէտք է շարունակենք այդ ժառանգութիւնը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն»:
Տէր Յովսէփ Քհն. Գալստեան Առաջնորդարանի Դիւան 13 Փետրուար, 2026թ.
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ