Որոնել

2026.01.08 Gerusalemme padre Ielpo Custodia di Terra Santa

2026-ի Աւագ Ուրբաթ օրուան դրամահաւաքը ի նպաստ Սուրբ Երկրին

Օգնէ՛ յոյսին՝ նուիրելով։ Օգնէ՛ յոյսին՝ խաղաղութիւնը աճեցնելով։ Օգնութիւնը կը հասնի հետեւեալ շրջաններուն՝ Երուսաղէմ, Պաղեստին, Իսրայէլ, Յորդանան, Կիպրոս, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Եթովպիա, Էրիթրեա, Թուրքիա, Իրան եւ Իրաք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աւագ Ուրբաթ օրը, երբ կը խոկանք Խաչեալի մասին, կը խնդրենք ձեզմէ՝ աղօթքով եւ գործնական սիրով յիշել անոնք, որոնք կը շարունակեն Աւետարանը վկայել մեր փրկութեան վայրերուն մէջ։ Ձեր մերձաւորութիւնը, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, յոյսի եւ խաղաղութեան շօշափելի նշան մըն է»։ Այս տողերով կը սկսի Սուրբ Երկրի Պահակութեան հաղորդագրութիւնը յատկացուած Աւագ Ուրբաթ օրուայ տարեկան դրամահաւաքին. Պարզ եւ գործնական կոչ մը, որ Սուրբ Երկրի Պահակ` հայր Ֆրանչիսկոս Իելփօն՝ կը փոխանցէ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաներուն։ Օգնելու յոյսին՝ նուիրելով եւ խաղաղութիւնը աճեցնելով։

Ինչպէ՞ս օգնել Սուրբ Երկրին

Եկեղեցին բոլորին համար սահմանած է միջոց մը՝ Սուրբ Ուրբաթ Օրուայ դրամահաւաքը, որ կը նշէ Տիրոջ Չարչարանքը (այս տարի՝ Ապրիլ 3, Ուրբաթ)՝ որպէսզի գործնական կերպով աջակցութիւն ցուցաբերուի Սուրբ վայրերու բնակիչներուն։ Այս հաւաքը հաստատուած է Ս. Պօղոս Զ. Պապին կողմէ 1974-ին, նպատակ ունենալով ամրապնդել կապը ամբողջ աշխարհի քրիստոնեաներուն եւ Սուրբ Վայրերուն միջեւ։

Ի՞նչ է Աւագ Ուրբաթ Օրուան դրամահաւաքը

Այս հաւաքը հիմնական միջոցն է՝ աջակցելու Սուրբ Վայրերու շուրջ տեղի ունեցող կեանքին եւ գործունէութիւններուն։ Հաւաքուած գումարները Ֆրանչիսկեան միաբանութեան միջոցաւ կը փոխանցուին՝ Սուրբ Երկրի Խնամակալութեան, որպէսզի պահպանուին սրբավայրերը եւ օժանդակուին տեղական քրիստոնեայ համայնքները՝ «կենդանի քարերը»։

Ի՞նչ կը նշանակէ նուիրատուութիւնը

Միայն օգնութիւն չէ, թէեւ անիկա անհրաժեշտ է։ Պէտք է նաեւ սերմանել ապագայի համար յատկապէս կրթութեան միջոցաւ։

Արդարեւ ըստ վերոնշեալ հաղորդագրութեան դրամահաւաքը կը ծառայէ ֆինանսաւորելու

630 բնակարան՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն

15 դպրոց՝ 12,000 աշակերտներով

1100 աշխատատեղ

270 միսիոնար

55 սրբավայր

6 ուխտաւորներու տուն

5 հաստատութիւն՝ հիւանդներու եւ որբերու համար

3 ակադեմիական կեդրոն

Օգնութիւնը կը հասնի հետեւեալ շրջաններուն՝ Երուսաղէմ, Պաղեստին, Իսրայէլ, Յորդանան, Կիպրոս, Սուրիա, Լիբանան, Եգիպտոս, Եթովպիա, Էրիթրեա, Թուրքիա, Իրան եւ Իրաք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2026, 10:09