Ծաղկազարդի հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ Անդաստան Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ
Կիրակի, 29 Մարտ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Զալքայի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի Տօնին առթիւ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ:
Առաւօտեան եկեղեցւոյ զանգերը ղօղանջեցին աւետելու Քրիստոսի Փառաւոր մուտքը Երուսաղէմ.
Յաւուր պատշաճի Պատարագեց եւ քարոզեց Պէյրութի թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գերպծռ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ, առընթերակայութեամբ տեղւոյն ժողովրդապետ Գեր. Հ. Լեւոն Վրդ. Ստեփանեան եւ Բարեշ. Տ. Նշան Սրկ. Հաննէշեան։
Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձիթենեաց ճիւղերու օրհնութիւնը։
Գերպծռ. Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ:
Սիրելի՛ հաւատացեալներ,
Այսօր հաւաքուած ենք Ծաղկազարդը տօնելու, բայց եկէք պահ մը մեր հոգիներուն խորը նայինք։ Արդեօք Ծաղկազարդը պարզապէս տարեկան սովորութի՞ւն մըն է, եկեղեցական ծիսակատարութի՞ւն է, թէ՞ մեր կեանքի ամենադժուար ինքնաքննութիւնը՝ խղճի քննութեամբ, անկեղծ խոստովանութեամբ եւ մեր ներաշխարհի վերլուծմամբ։
Այսօր, երբ իսկական ուրախութիւնը, սէրը, ինչպէս նաեւ ներքին
խաղաղութիւնը դարձած են անհասանելի երազ, մենք ո՞ւր կը փնտռենք մեր ազատագրումը։ Մենք կը բարձրացնենք մեր ձիթենիի ճիւղերն ու մօմերը, բայց արդեօք պատրա՞ստ ենք ընդունելու Ան, որ Տիրոջ անունով կու գայ՝ քանդելու մեր մէջ կառուցուած կեղծիքի պատերը։ Ի՞նչ ձեւով կը պատրաստուինք դիմաւորելու զԱյն. արդեօք մեր սիրտերը կը բանա՞նք Անոր առջեւ, թէ՞ պարզապէս կը փորձենք մեր ներքին դատարկութիւնը լեցնել այս տօնական աղմուկով։
• Արդեօք պատրա՞ստ ենք մեր սրտի դռները բանալու եւ ներս ընդունելու այն մարդը, որուն հետ վիճած ենք կամ որմէ նեղացած։
Իսկական ուրախութիւնը, սիրելի հաւատացեալներ, կը սկսի այնտեղ, ուր կը քանդուին ատելութեան պատերը։
• Արդեօք պատրա՞ստ ենք մեր ձեռքերը երկարելու անոր, որ մեզմէ աւելի տկար է կամ աւելի կարիքաւոր։
• Արդեօք պատրա՞ստ ենք մեր դժբախտութիւնն ու ցաւը Յիսուսի ոտքերուն առջեւ դնելու՝ առանց կեղծ ժպիտներու։
• Արդեօք պատրա՞ստ ենք մեր աչքերը բանալու եւ տեսնելու այն փոքր լոյսերը, որոնք դեռ կը փայլին մեր կեանքին մէջ։
• Արդեօք պատրա՞ստ ենք մեր լռութեան մէջ լսելու Աստուծոյ ձայնը, թէ՞ կը վախնանք այդ լռութենէն եւ զայն կը խեղդենք տօնական աղմուկով։
• Արդեօք պատրա՞ստ ենք «Ովսաննա» պոռալու ոչ միայն այսօր՝ փառքի պահուն, այլ նաեւ վաղը՝ երբ Յիսուս տառապանքի ճամբան կը բռնէ։ Դիւրին է Աստուծոյ հետ ըլլալ, երբ ամէն ինչ լաւ է։ Բայց մեր հաւատքը կը փորձուի այնտեղ, ուր պէտք է մնալ կանգուն՝ հակառակ փոթորիկներուն ու փորձութիւններուն։
Այն օրերուն ալ ժողովուրդը անարդարութենէն խեղդուած էր։ Կը սպասէին զինուորական «Փրկիչի» մը, որ ուժով պիտի վերադարձնէր իրենց խլուած պատիւը։ Կը կարծէին, թէ Յիսուս պիտի ըլլայ այն յեղափոխականը, որ պիտի տապալէր գահերը։ Բայց Յիսուս զարմացուց բոլորը. Ան չեկաւ պատերազմի ձիու վրայ հեծած, այլ եկաւ խոնարհ՝ էշի քուռակի վրայ նստած։
Ան եկաւ սորվեցնելու, որ իսկական յեղափոխութիւնը կը սկսի սիրով ու ծառայութեամբ եւ ոչ թէ զայրոյթով։ Յիսուս չեկաւ աթոռներ խլելու, այլ եկաւ մեր սիրտերը գրաւելու։ Ծաղկազարդը քաղաքական «փառատօն» մը չէ, այլ խոնարհներու տօնն է՝ անոնց, որոնք յոգնած են սուտ խոստումներէն։ Մեր Յիսուսը պալատական «Իշխան» չէր. Ան քալեց մեր փշոտ ու ձեղոտ ճամբաներէն, դիպաւ մեր վէրքերուն ու հիւանդութիւններուն ու լացաւ մեզի հետ։
Ան այսօր ալ մեր կողքին է.
• Ան կը զգայ հօր սրտի կսկիծը՝ դպրոցի դրան առջեւ, ուր զաւկին ուսումը «շքեղութիւն» դարձած է։
• Ան կը տեսնէ մօր աչքի արցունքը՝ դեղարանի ճամբուն վրայ։
• Ան գիտէ հիւանդանոցի դրան առջեւ սպասելու նուաստացումը։
• Ան մեզի հետ է մեր մութ տուներուն մէջ, երբ ամէնօրեայ հացը ծանր
մտահոգութիւն է, եւ երբ մեր սիրտը կը դողայ պայթումի ձայնին տակ։
Այսօրուան «Ովսաննա»-ն իւրաքանչիւր մօր աղօթքն է՝ իր տունը պահելու համար, եւ իւրաքանչիւր երիտասարդի ճիչն է՝ պայծառ ապագայ մը երազող։
Սիրելի՛ներ, աշխարհը կը կարծէ, թէ ուժեղը ան է՝ որ զէնք ու դրամ ունի, բայց այսօրուան տօնը մեզի կը յիշեցնէ թէ՝ հզօրը ան է, որ կրնայ սիրել՝ հակառակ իր վէրքերուն։ Մեր աղօթքը արդարութեան աղաղակ է. Թող ուսումը, դեղը, ջուրն ու լոյսը դառնան մարդկային արժանապատուութիւն եւ ոչ թէ ամէնօրեայ տառապանք։ Որքան ալ երկարի անարդարութեան մութը, կեանքի ու իրաւունքի կամքը աւելի զօրաւոր է, որովհետեւ մեր Թագաւորը եկաւ մարդուն ծառայելու եւ ոչ թէ զայն նուաստացնելու։ Ամէն
Պատարագի աւարտին Հ.Կ.Մ.-ի շեփորախումբի մասնակցութեամբ ընթացք առաւ օրուայ թափօրը, որմէ ետք եկեղեցւոյ հոծ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ անդաստանի արարողութիւնը, ուր՝ օրհնեցին աշխարհի չորս կողմերը եւ ապա կատարուեցաւ դռնբացէքի արարողութիւնը։
Գերպծռ. Տիրոջ օրհնութեամբ ներկաները վերադարձան իրեն տուները:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ