Որոնել

2024.03.30 La risurrezione di Gesù

Յարութեան Զօրութիւնը Ուրախութեան, յոյսի եւ յաղթանակի աղաղակ՝ Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց

Այսօր, այդ նոյն «արեւը» կը շարունակէ ծագիլ մեր կեանքերուն մէջ։ Երբ մենք ալ ճանչնանք Յարուցեալին սէրը, աշխարհի ոչ մէկ «ատեան» կամ սպառնալիք պիտի կարենայ մարել մեր ներսի լոյսը, որովհետեւ Քրիստոսի յաղթանակը մեր յաղթանակն է։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Առաջին քրիստոնեաներուն ողջոյնն էր այս աղաղակը: Այս խօսքերը պարզապէս բարեւ մը չէին, այլ՝ յոյսի, յաղթանակի եւ քաջալերանքի վկայութիւն։ Հալածանքներու եւ դժուարութիւններու ժամանակ, այս աղաղակը կը վերահաստատէր այն համոզումը, որ մահը պարտուած է եւ կեանքը յաղթանակած։ Յարութեան լուրը ուժ կու տար դիմագրաւելու որեւէ փորձութիւն՝ յիշեցնելով, որ չարը վերջնական խօսքը չունի։ Դարեր անց, մենք տակաւին կը պահենք այս գեղեցիկ աւանդութիւնը ՝ պահպանելով այդ նոյն հնագոյն շունչն ու իմաստը։

Գործք Առաքելոցի 4-րդ գլուխը մեզի կը ներկայացնէ քրիստոնէական առաջին վկայութեանց ամենացնցող ու լուսաւոր էջերէն մէկը։ Պատմութեան կեդրոնը կը գտնուի Տաճարին «Գեղեցիկ» կոչուած դուռը, ուր ամէն օր կը նստէր յուսահատ անդամալոյծ մը։ Սակայն, երբ Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները կը մօտենան, տեղի կ'ունենայ գերբնական հրաշքը. Քրիստոսի անունով անդամալոյծը կը բժշկուի եւ ոտքի կը կանգնի։ Տաճարին «Գեղեցիկ» դուռը իր իսկական գեղեցկութիւնը ստացաւ ոչ թէ իր կառոյցով, այլ այն պահուն, երբ դարձաւ վայրը մարդկային կեանքի նորոգութեան եւ աստուածային սիրոյ յայտնութեան։ Մարդիկ կարծեցին, թէ Քրիստոսը խաչելով ու գերեզմանի քարը կնքելով՝ վերջակէտ դրին Անոր առաքելութեան։ Անոնք կը հաւատային, թէ ձերբազատեցան «խռովարարէն», սակայն չէին անդրադարձած, որ Կեանքի Տէրը անկարելի էր կաշկանդել մահուան շղթաներով։

Այս դէպքին հետեւանքով աշակերտները ատեան կանչուեցան: Անոնց կանչուիլը լաւագոյն ապացոյցն էր, որ Յիսուս կենդանի էր։ Ինչպէս իրաւացիօրէն կը նշուի՝ «Ոչ ոք կը հալածէ մեռած մարդ մը»։ Եթէ Յիսուս գերեզմանին մէջ մնացած ըլլար, ատեանի իշխանաւորները հանգիստ պիտի մնային։ Բայց քանի որ Ան ողջ էր եւ իր աշակերտներուն միջոցով կը շարունակէր բժշկել ու վերականգնել, աշխարհը դարձեալ իրարանցումի մատնուեցաւ։ Պետրոսի վկայութիւնը Ատեանին առջեւ պարզապէս պաշտպանողական խօսք չէր, այլ՝ յաղթական հռչակագիր. «Այն Յիսուսը, զոր դուք խաչեցիք, Աստուած մեռելներէն յարուցանեց»։ Աշխարհը սովորաբար խնդիր չունի բարոյախօս փիլիսոփայ մը կամ բարեգործ հրաշագործ մը ընդունելու, որովհետեւ անոնք կրնան պարզապէս հիացմունք պատճառել առանց մարդու ներքին կեանքը փոխելու պահանջի։ Սակայն, երբ Յիսուս կը ներկայանայ որպէս Մեղքը քանդող եւ Չարին զօրութիւնը կործանող, անիկա ուղղակի յարձակում է այն հին կարգերուն ու կապանքներուն դէմ, որոնցմով աշխարհը կը կառավարուի։ Հալածանքը կը սկսի այնտեղ, ուր Քրիստոս կը պահանջէ արմատական փոփոխութիւն եւ ազատագրում մեղքի գերիշխանութենէն։

Յիսուսի յարութեան ամենահզօր ապացոյցն է նաեւ Անոր հետ հանդիպողներուն կեանքին մէջ տեղի ունեցած արմատական նորոգութիւնը։ Յաճախ մենք կը կարծենք, թէ մարդոց համոզելու համար պէտք ունինք իմաստուն խօսքերու, բարդ փաստարկներու կամ տրամաբանական շղթաներու։ Սակայն կը մոռնանք, որ մեր իրական պարտականութիւնը պարզապէս կամուրջ ըլլալն է՝ մարդիկը Յիսուսի ներկայացնելու համար։ Երբ մարդը կը կանգնի Փրկիչին առջեւ, Յիսուս Ի՛նք կը ստանձնէ նորոգութեան սուրբ աշխատանքը։ Այս իրողութեան լաւագոյն օրինակը Թովմաս առաքեալն է. Տասնմէկ աշակերտները, որոնք տեսած էին Յարուցեալը, իրենց բոլոր ջանքերով ու վկայութիւններով չկրցան համոզել զինք։ Անոնց խօսքերը բաւարար չեղան փարատելու անոր կասկածները։ Բայց երբ Յիսուս անձամբ յայտնուեցաւ եւ Թովմաս ունեցաւ իր կենդանի հանդիպումը Յարուցեալին հետ, ամէն ինչ փոխուեցաւ։ Ոչ մէկ քարոզ կրնար ընել այն, ինչ ըրաւ Տիրոջ ներկայութիւնը։ Անմիջապէս ծնաւ հաւատքի ամենախորունկ խոստովանութիւնը. «Տէ՛ր իմ եւ Աստուա՛ծ իմ»։

Երբ Քրիստոս յարութիւն առաւ, Անոր ժողովուրդը դարձաւ այդ յարութեան կենդանի մարմնացումը։ Ատեանի իշխանաւորները, փորձելով կասեցնել Աւետարանի տարածումը, աշակերտները դատարան կանչեցին եւ խստիւ ազդարարեցին, որ այլեւս չքարոզեն այն «ցնորքը», թէ Յիսուս ողջ է։ Սակայն անոնք չէին անդրադարձած մէկ հիմնական իրողութեան. աւելի դիւրին պիտի ըլլար արեւուն հրամայել, որ չծագի, քան թէ արգիլել այս աշակերտներուն, որ չվկայեն իրենց տեսածին ու ապրածին մասին։ Ինչպէս արեւը բնականօրէն լոյս կը սփռէ, այնպէս ալ Յարուցեալին հանդիպած հոգին չի կրնար լռել։ Անոնք տեսան Մահը պարտութեան մատնուած, ուստի երկրային մահը այլեւս չէր սարսափեցներ զիրենք։ Իրենց Տիրոջ տուած փրկութեան եւ անսահման սիրոյն դիմաց՝ սեփական կեանքը զոհելը «ոչինչ» նկատեցին։ Անոնց համար Յարութիւնը տեսութիւն մը չէր, այլ փորձառութիւն։ Մարդիկ կրնան մեռնիլ գաղափարի մը համար, բայց ոչ ոք յանձն կ'առնէ նահատակուիլ սուտի մը համար, որուն ինք չի հաւատար։ Քրիստոսի սէրը այնքան զօրաւոր էր, որ անոնց սրտերը դարձած էին անսպառ աղբիւրներ։ Այդ սէրը զիրենք կը մղէր դէպի դուրս՝ առանց հաշուի առնելու վտանգն ու հալածանքը։

Այսօր, այդ նոյն «արեւը» կը շարունակէ ծագիլ մեր կեանքերուն մէջ։ Երբ մենք ալ ճանչնանք Յարուցեալին սէրը, աշխարհի ոչ մէկ «ատեան» կամ սպառնալիք պիտի կարենայ մարել մեր ներսի լոյսը, որովհետեւ Քրիստոսի յաղթանակը մեր յաղթանակն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2026, 08:00