Որոնել

2021.03.30 Risurrezione Cristo, sepolcro vuoto, Pasqua

«Ներս Մտաւ, Տեսաւ Եւ Հաւատաց». Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեանի մտորումներէն

Մեր հաւատքը Յիսուսի Յարութեան վրայ, Աստուածատուր պարգեւ մըն է, աղբիւր՝ Քրիստոսով մեր հոգւոյ ծարաւը յագեցնելու եւ լոյս՝ մեր քայլերը առաջնորդելու դէպի երանական տեսութիւնը Աստուծոյ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Հաւատքը, մարդու հինգ զգայարանքներէն ու կարողութենէն վեր, տեսակ մը այդ վեցերորդ զգայարանքն է, որ մեզի կ' ընձեռէ կեանքի այն հասողութիւնն ու իմացութիւնը, այսինքն՝ «յարութենական փիլիսոփայութիւնը», ինչպէս կոչած է մեծ հոգեւորական մը, որուն համաձայն մարդկային կեանքը առանց անմահութեան՝ գոյութիւն մըն է անիմաստ ու աննպատակ:

«Ինչու ապրիլ» հարցադրումը՝ չի' կրնար զգենուլ իր լիակատար իմաստը առանց Յարուցեալին կարեվէր կողէն աղբերացող անմահութեան ըմբռնումին ու յաւիտենական կեանքին:

Սոյն մտորումներով լիացած է, որ կրնանք միայն ընկալել Պօղոս առաքեալի աներեր պատգամը. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, ապա դատարկ է մեր քարոզութիւնը եւ դատարկ նաեւ՝ ձեր հաւատքը» (Ա. Կորնթացիներուն 15, 14):

Իրօք, Քրիստոսի Յարութիւնը բանալին է քրիստոնէական հաւատքին հասկացողութեան եւ միաժամանակ Եկեղեցւոյ իսկ գոյութեան:

Ահա' թէ ինչու Յարութեան այս չքնաղ տօնին՝ սուրբ Զատիկի Օրը, արար աշխարհի քրիստոնեաները իրարու բարեմաղթութիւններ կը փոխանակեն:

Ճիշդ այդ օրն է, որ մարդիկ կը նշեն քրիստոնէական մեծագոյն ու կարեւորագոյն տօնը՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշալի Յարութիւնը, «Տօներուն Տօնը», որ իր կարեւորութեան համար, կը տեւէ յիսուն օր՝ մինչեւ Հոգեգալուստ, այսինքն՝ Պենտեկոստէ:

Այս ժամանակահատուածին մէջ, կոչուած ենք հիացումով մեր աչքերը սեւեռելու՝ մարդկային պատմութեան մէջ կայացած Քրիստոսի Յարութեան զարմանահրաշ ու աստուածային իրողութեան վրայ: Յիսուն օր՝ լի ցնծութեամբ, որոնց ընթացքին ծիսական երգեցողութիւնը կը վերընդգրկէ իր լիուլի գեղեցկութիւնն ու հմայքը:

Յարութեան մասին գիտական փաստեր չունինք, որովհետեւ մեր հաւատքը հիմնուած չէ նմանատիպ փաստերուն, այլ՝ արժանահաւատ վկայութիւններուն վրայ:

Արդարեւ, վկայութիւնները բազմաթիւ են ու թանկագին: Անոնք մեզի հրիտակուած են Սուրբ Աւետարաններէն եւ Նոր Կտակարանի այլ Մատեաններէն:

Յովհաննէս Աւետարանիչ կը վկայակոչէ. «Միւս աշակերտը, որ աւելի առաջ հասած էր գերեզման, ներս մտաւ, տեսաւ եւ հաւատաց» (Յովհաննէս 20, 8): Աւետարանիչը հաւատաց, որ խաչին վրայ մեռնող Յիսուսը կեանքի վերադարձաւ:

Ունինք նաեւ Պետրոս Առաքեալի վկայութիւնը, զոր կը գտնենք Նոր Կտակարանի Առաքեալներու Գործերուն մէջ. «Ո՜վ Իսրայէլացիներ...Աստուած Ի'նք ձեզի ցոյց տուաւ, թէ իր ընտրեալը Նազովրեցի Յիսուսն էր, որուն ձեռքով Աստուած ձեր մէջ կատարեց իր սքանչելի գործերը, հրաշքներն ու նշանները: Անիկա...ձեր ձեռքը յանձնուեցաւ, եւ դուք անօրէններու ձեռքով խաչի վրայ գամելով՝ սպաննեցիք: Սակայն, Աստուած անոր յարութիւն տուաւ...եւ մենք բոլորս ատոր վկայ ենք» (Առաքեալներու Գործեր 2, 22-24):

Չենք կրնար լռելեայն անցընել Իւղաբեր կիները, որոնք, արշալոյսին գացած էին գերեզման, ուր Յիսուսի մարմինը դրուած էր:

Հրեշտակ մը երեւցաւ անոնց եւ ըսաւ. «Գիտեմ, որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հո'ս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր...Անմիջապէս գացէ'ք եւ ըսէ'ք իր աշակերտներուն՝ թէ յարութիւն առաւ...Կիները վախով՝ բայց միեւնոյն ատեն մեծ ուրախութեամբ, դուրս ելան գերեզմանէն եւ վազեցին՝ պատմելու համար աշակերտներուն: Յանկարծ, Յիսուս հանդիպեցաւ անոնց եւ ըսաւ. –Ողջո'յն ձեզի...գացէ'ք եւ ըսէ'ք իմ եղբայրներուս՝ որ Գալիլեա երթան. Հո՝ն պիտի տեսնեն զիս» (Մատթէոս 28, 5-10):

Վերոյիշեալ հատուածները բաւարար են մեզի յիշեցնելու, թէ որոնք են այն վկայութիւնները, որոնց վրայ հիմնուած է մեր հաւատքը, որ մեզ կը մղէ բարձրաձայն հռչակելու՝ «Քրիստոս իսկապէս յարութիւն առած է» (Ղուկաս 24, 34):

Մեր հաւատքը Յիսուսի Յարութեան վրայ, Աստուածատուր պարգեւ մըն է, աղբիւր՝ Քրիստոսով մեր հոգւոյ ծարաւը յագեցնելու եւ լոյս՝ մեր քայլերը առաջնորդելու դէպի երանական տեսութիւնը Աստուծոյ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/04/2026, 08:10