«Մենք այստեղ ենք՝ կեանքը տօնելու համար». Կարդինալ Փիցցապալլա
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 2 ապրիլ 2026-ին Աւագ Հինգշաբթի օրուան առիթով, Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլան Սուրբ Երկրի մէջ տիրող պատերազմի եւ լարուածութեան ծանր մթնոլորտի մէջ, Սուրբ Գերեզմանի Պազիլիքային մէջ փակ դռներով գլխաւորեց` Յիսուսի վերջին ընթրիքը յիշատակող պատարագը, որուն առիթով արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց մահը խորհրդանշող վայրին եւ Զատկուան իմաստին միջեւ հակադրութիւնը՝ նշելով, թէ ճիշտ այնտեղ «կը տօնուի կեանքը», հակառակ ծանր իրականութեան։
Պատրիարքը Սուրբ Գերեզմանի պազիլիքան նկարագրեց որպէս «խաղաղութեան արգանդ», մեկուսացած՝ վիրաւոր աշխարհէ մը, եւ յիշեց ոտքերու լուացման խորհուրդը՝ որպէս Զատկուան պատգամի կեդրոն։ Ան շեշտեց, որ ասիկա պարզ խորհրդանշական ժեստ մը չէ, այլ Քրիստոսի սիրոյ իրական արտայայտութիւնը՝ ծառայութեան եւ խոնարհութեան մէջ։
Դիմելով փորձութեան ենթարկուած Եկեղեցւոյ, Ծիրանաւորը հրաւիրեց հաւատացեալները չփնտռելու իշխանութիւն կամ ապահովութիւն, այլ բաժնելու Քրիստոսի կեանքին ոճը՝ նուիրումի եւ մերձաւորութեան միջոցաւ։
Ան հաստատեց, թէ նոյնիսկ բռնութեամբ եւ վախով լի միջավայրի մը մէջ կարելի է ընտրել այս սէրը՝ անցնելով պաշտպանութենէն վստահութեան։
Վերջապէս ան կոչ ուղղեց՝ ընդունելու սէրը եւ ծառայելու ուրիշներուն․ միայն այսպէս կարելի է իսկապէս մասնակցիլ Զատիկին եւ կերպարանափոխել սեփական կեանքը Աւետարանին հոգիով, յարեց ի միջի այլոց Երուսաղէմի լատինաց Պատրիարքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ