Որոնել

2026.05.26 Benedizione Papale a Mons Zabarian ex Direttore Sez Armena

Լեւոն Պապին շնորհաւորագիրը` Գերյ. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Զապարեանին

Քահանայապետը իր օրհնութիւնը ուղարկած է Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքի երբեմնի տնօրէն Գերյ. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Զապարեանին` անոր ծննդեան ութսուն ամեակին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

«Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ի սրտէ առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ Գերյ. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Զապարեանին, Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ, անոր ծննդեան ութսուն ամեակին առիթով» այս տողերով կը սկսի Քահանայապետական օրհնութեան գիրը ուղղուած Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժանմունքի երբեմնի տնօրէն Գերյ. Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Զապարեանին` անոր ծննդեան ութսուն ամեակին առիթով։

Օրհնագիրին մէջ նշուած է ապա թէ «Սրբազան Քահանայապետը, այս ուրախալի պահուն, հոգեպէս կը միանայ անոր, անոր հասարակութեան ու բոլոր մտերիմներուն հայցելով Առաքեալներու Տիրուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բարեխօսութիւնը, անոնց սրտին մէջ պահուող փափաքներուն իրականացման համար»։

Զապարեան Գերյարգելին իր ծննդեան 80րդ տարեդարձը նշեց անցեալ 23 ապրիլին եւ եթէ մենք զայն կը յիշատակենք միայն այսօր պատճառն այն է` որ մօտ օրէն Վատիկանի Ձայնասփիւռի եւ այժմ Վատիկան Նիուզի հայկական բաժանմունքը պիտի տօնախմբէ իր գործունէութեան վաթսուն ամեակը եւ Գերյ. Վարդապետը մեծ վաստակ ունեցած է այս գործունէութեան ծիրէն ներս, տրուած ըլլալով` որ ութսունական թուականներուն ան ի շարս այլ պաշտօններու ստանձնած էր Վատիկանի Ռատիոյի հայկական բաժանմունքին ղեկավարութիւնը։

1946-ի ծնունդ գերյարգելին Լիբանանի Զմմառու Ընծայարանին մէջ աւարտելէ Նախնական եւ միջնակարգ ուսումները 1966-ին մեկնած Հռոմ՝ շարունակելու իր հոգեւոր եւ ակադեմական կազմաւորումը ուր Գրիգորեան համալսարանին մէջ փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները աւարտելէ ետք, 1972-ին ձեռնադրուած է քահանայ ։

Ան հետագային մասնագիտացած է հոգեւոր աստուածաբանութեան եւ մանկավարժութեան մէջ, ապա ծառայութեան կոչուած Ֆրանսա, ուր վեց տարի գործունէութիւն ծաւալած է Լիոնի շրջանին մէջ՝ իբրեւ ժողովրդապետ եւ նորընծայարանի տնօրէն։ Իր նախաձեռնութեամբ կազմուած են համայնքային, կրթական եւ երիտասարդական կառոյցներ։

1982-ին նշանակուած է Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր, միաժամանակ ստանձնելով բազմաթիւ եկեղեցական եւ մշակութային պատասխանատուութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Վատիկանի Ձայնասփիւռի Հայկական Բաժանմունքի տնօրէնութիւնը։

1990-ին ան մեկնած է Քանատա սկսած է ծառայել ու մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ծառայութիւնը` Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Իր երկարամեայ հովուական առաքելութեան ընթացքին մկրտած, պսակած եւ յուղարկաւորած է հազարաւոր հաւատացեալներ, մեծ ջանք թափելով նեաւ բազմալեզու համայնքային կեանքի զարգացման, երիտասարդութեան ներգրաւման եւ եկեղեցական կառոյցներու ամրապնդման ուղղութեամբ։

Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան յատկապէս շեշտած է հայ եկեղեցիներու, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Հակառակ ութսուն ամեայ տարիքին ու ժամանակակից աշխարհականացման մարտահրաւէրներուն, ան կը շարունակէ յոյսով դիտել Մոնրէալի հայ կաթողիկէ համայնքի ապագան, շարունակելով անխնայ կերպով մատուցել իր քահանայական ծառայութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն ազգիս հայոց ինչպէս կը վկայեն անոր հասցէին ուղղուած բազմաթիւ շնորհաւորական գիրերը` ըլլայ Եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ըլլայ նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու կողմէ։

Այս կը վկայենք նաեւ մենք` որ աշակերտեցինք Իրեն, եւ այսօր կը շարունակենք վայելել անոր հայրական հոգատարութիւնը։

Բարի տարեդարձ սիրելի Վարդապետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2026, 08:13