Համայնք կառուցելը հաւատքին բուն իսկ ձեւն է. Կարդինալ Ծուփփին՝ եպիսկոպոսներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
25 մայիսին, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Նախագահ եւ Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին ներածական խօսքով սկիզբ առաւ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի 82րդ Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքները, որոնք իրենց աւարտը պիտի գտնեն 28 Մայիսին։ Եզրափակման օրը նախատեսուած է Լեւոն ԺԴ․ Պապին ճառը։
Իր ելոյթին մէջ Ծիրանաւորը՝ յղում կատարելով նախ Սրբազան Քահանայապետին «Magnifica humanitas» առաջին Շրջաբերականին, յատուկէն շեշտեց, որ «Եկեղեցին նուաճման դրօշներ չի բարձրացներ եւ ոչ ալ կը տնկէ», քանզի «ճշմարտութիւնը պաշտպանուելիք տարածք մը չէ, այլ բաժնեկցուելիք բարիք մը» եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան Շրջաբերականի պարգեւին համար։
Ան ապա խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ կողմէ որդեգրած առաջնահերթութիւններուն վրայ՝ խաղաղութեան, յիշողութեան, քրիստոնէական քարոզչութեան, համայնքի եւ սիւնհոդոսականութեան նիւթերուն, ինչպէս նաեւ արդարութեան, բնակարանային հարցին ու կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքներուն։
Պատերազմներու արհեստագիտական վտանգը եւ խաղաղութեան կոչը
Կարդինալ Ծուփփին դատապարտեց արդի պատերազմներու խենթութիւնը, որոնք արհեստագիտական ահարկու զէնքերու պատճառաւ աւելի երկարատեւ ու արիւնալի դարձած են։ Ան վերահաստատեց Քահանայապետին կոչը՝ ուղղուած Պետութիւններու Կառավարիչներուն, անմիջապէս կեցնելու վերազինումը եւ նստելու երկխօսութեան ու միջնորդութեան սեղաններու շուրջ։
«Երկխօսութիւնը երբեք տկարութիւն չէ» եւ միակն է, որ «կրնայ փրկել աշխարհը վերազինման յորձանուտէն», յարեց ան ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք «բազմաթիւ ձեւերով, նոյնիսկ անձնապէս տուժելով սպառնալիքներէ, հարստահարութիւններէ ու բռնութիւններէ, գործնական համերաշխութիւն կը ցուցաբերեն բռնութիւններէ ու պատերազմներէ տուժած ժողովուրդներու ահռելի տառապանքին հանդէպ»։
Միջազգային համագործակցութիւն եւ եւրոպական համախմբում
Միջազգային տագնապներու եւ դիւանագիտութեան տկարացման լոյսին տակ, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի Նախագահը կարեւոր նկատեց միջազգային մարմիններու վերաշխուժացումը՝ բռնութեան ոլորապտոյտին վերջ տալու համար՝ յատկապէս Ուքրանիոյ, Միջին Արեւելքի եւ Սուրբ Երկրի մէջ։
Յղում կատարելով Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասերու Նախագահներուն հետ ստորագրած կոչին՝ ան շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է դիմել դէպի աւելի մեծ ու աւելի արագ եւրոպական համախմբումի», եւ որ քրիստոնեաները «կոչուած են եւրոպական ցամաքամասի բոլոր բնակիչներուն հետ բաժնեկցելու տիեզերական եղբայրութեան իրենց յոյսը»։
Երիտասարդութեան հասունութիւնը եւ արդարադատութեան բարեփոխումը
Անդրադառնալով երիտասարդներու մասնակցութեամբ ցաւալի դէպքերուն՝ Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոսը յիշեցուց, որ պատանիները «չեն կրնար նկարագրուիլ միայն որպէս բռնի կամ մոլորած», այլ՝ կան նաեւ բացառիկ հասունութեամբ ու ներողամտութեամբ օժտուած երիտասարդներ։ Մինչ, Իտալիոյ ներքին հարցերու գծով՝ ան կոչ ըրաւ բարեփոխելու արդարադատութեան համակարգը, լուծելու բանտերու գերբնակեցման հարցը եւ ապահովելու պատիժի ստուգութիւն՝ առանց սխալողին ապագայի յոյսը խլելու։
Ընկերային խնամք՝ անօթեւաններու, տարեցներու եւ չափահասներու պաշտպանութիւն
Եկեղեցին կը հրաւիրէ պետական կառոյցները լուծելու անօթեւաններու տագնապը՝ Բնակարանային Ծրագրի միջոցաւ, եւ դիմագրաւելու կլիմայական ճգնաժամը, որ կը հարուածէ ամենէն տկարներուն, նշեց նաեւ Կարդինալ Ծուփփին ու շեշտեց, որ համայնք կառուցելը հաւատքին բուն իսկ ձեւն է, որ պէտք է արտայայտուի տարեցներու, աղքատներու մօտիկութեամբ, ինչպէս նաեւ անչափահասներու լիակատար պաշտպանութեամբ՝ ընդդէմ ամէն տեսակ չարաշահումներու։
Սիւնհոդոսականութեան արժէքը
Պոլոնիայի արքեպիսկոպոսը յորդորեց զերծ մնալ «ճշմարտութեան ծայրայեղականութենէն», որ կը սահմանուի որպէս սեփական տեսակէտները «ամէն գնով» պարտադրելու յաւակնութիւն։ Ան յիշեցուց Սիւնհոդոսականութեան արժէքը՝ որպէս Իտալիոյ եկեղեցւոյ ամէնօրեայ ոճ եւ համայնքային զատորոշման մեթոտ։ Այսպիսի եկեղեցի մը ընդունակ է «համայնք կառուցել առանձնացեալ կեանք ապրողներով երկիրի մը մէջ», ինչպէս որ Լեւոն Պապը խնդրած էր Յունիս 2025-ին՝ իտալացի եպիսկոպոսներուն հետ իր առաջին հանդիպման ընթացքին, ընդգծեց ի վերջոյ Կարդինալ Ծուփփին։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու Համահաւաք Դասի Ընդհանուր Ժողովի աշխատանքները
Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց 82րդ Համահաւաք Դասը պիտի փակուի 28 Մայիսին՝ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Պապին ելոյթով։ Անոր աշխատանքներուն մասնակցութեամբ, իտալացի եպիսկոպոսները կոչուած են վաւերացնելու յառաջիկայ տարիներու հովուական հեռանկարը՝ պարփակուած «Ամփոփիչ Փաստաթուղթին» մէջ, եւ ճշտելու եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութիւնները։ Աշխատանքներու ընթացքին տեղի պիտի ունենան Հիւսիսային շրջանի փոխնախագահի, Տնտեսական Գործերու Խորհուրդի անդամներու եւ Եպիսկոպոսական Յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ