Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (88)
ՁԸ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Կապպադովկեան Հայրերու արժանիքին:
Կապադովկացի երեք մեծ Հայրերը մեծ դեր ունեցած են համաքրիստոնէական աշխարհի մէջ, յատկապէս անոնց դաւանաբանական երկերէն օգտուած են հայ եկեղեցական հայրերը՝ հաստատելու համար Քրիստոսի ճշմարիտ մարդեղութեան վարդապետութիւնը: Հայ գրողները յաճախ իրենց գործերուն մէջ կ'անդրադառնան երեք մեծ Կապադովկացիներու դաւանաբանական մատենագրութեան՝ հիմնաւորելու համար հայ եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը, որովհետեւ երեք մեծ Կապադովկիացի հայրապետները շարունակողներն եղած են Աթանաս Ալեքսանդրացիի աստուածաբանութեան։ Յիշարժան է, որ Կապադովկեան հայրերու գրուածքները Ապօղինարի դէմ հայերէնի թարգմանուած են, առաւելապէս Բարսեղ Կեսարացիի և Գրիգոր աստուածաբանի երկերէն:
«Կնիք Հաւատոյ»-ի մէջ զետեղուած է Ս. Բարսեղի երկը ընդդէմ Ապօղինարի, որ գրուած է հարց ու պատասխանի ձեւով: Յովհան Օձնեցին իր «Ընդդէմ երեւութականաց» երկին մէջ բազմաթիւ մէջբերումներ կը կատարէ Կապադովկացի հայրերէն` ցոյց տալով Քրիստոսի իրական մարդ և Աստուած ըլլալու իրողութիւնը: Ստեփանոս Օրբելեանը, խօսելով Քրիստոսի բնութիւններու մասին, իր «Ընդդէմ Յակաճառութիւն երկաբնակաց» երկին մէջ մէջբերումներ կը կատարէ նաեւ Կապադովկացի հայրերու երկերէն, որոնք քաղուած են Գրիգոր Աստուածաբանի երկերէն, մասնաւորաբար, քրիստոսաբանութեան խնդիրներուն առնչուող հարցերու շուրջ: Ներսէս Շնորհալին իր «Թուղթ ընդհանրական»-ին մէջ, Բիւզանդիոյ կայսրին ներկայացնելով հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութիւնը, նոյնպէս մէջբերումներ կը կատարէ Կապադովկացի հայրերէն` ցոյց տալու համար հայ եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութեան ուղղափառութիւնը:
Շնորհալին ընդհանրապէս, դաւանաբանական խնդիրներն արծարծելու մէջ «Թուղթ ընդհանրական»-ի մէջ կ'անդրադառնայ նաեւ երեք մեծ Կապադովկեացիներու երկերուն: Գրիգոր Նազիազանցիի «Թուղթ առ Կղեդոնիոս»-ի միեւնոյն հատուածը, որ առկայ է Ներսէս Շնորհալիի դաւանական երկին մէջ, կը գտնենք «Արմատ Հաւատոյ»-ի մէջ, որ գրուած է երկխօսութեան ձեւով: Յովհաննէս Երզնկացին նոյնպէս կ'անդրադառնայ Քրիստոսի բնութիւններու խնդրին՝ օգտուելով Կապադովկեան հայրերու աշխատութիւններէն: Ստեփանոս Սիւնեցին իր աշխատութիւններուն մէջ առաւելապէս օգտուած է Ս. Գրիգոր Նազիանզացիի «Ի սուրբ Պասքայ», «Ի յայտնութիւն Տեառն», «Ի ծնունդն Քրիստոսի» և «Առ Եւնոմիացիս» գործերէն:
Սիւնեցին իր «Յաղագս ժողովոյն սուրբ հարցն» թուղթին մէջ, Գրիգոր Նազիանզացիի քրիստոսաբանութենէն օգտուելով կը հիմնաւորէ հայ եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը: Յիսուս Քրիստոսի մասին խօսելու ատեն, հայ դաւանաբաններէն ոմանք լայնօրեն օգտագործած են Բարսեղ Կեսարացիի «Ի Ծնունդն Քրիստոսի» ճառը: Ան հայերէն թարգմանուած է Է. դարուն՝ Դաւիթ Տարօնացիի ջանքերով:
Անանիա Սանահնեցին «Հակաճառութիւն ընդդէմ երկաբնակաց» գործին մէջ, նոյնպէս օգտագործած է զայն, ինչպէս նաեւ կարող ենք անոր ամփոփ վերապատումը տեսնել «Ստեփանոսի Տարօնեցիի Ասողկան Պատմութիւն Տիեզերական»-ի մէջ: Մովսէս Երզնկացին եւս օգտագործած է այս ճառը իր «Պատասխանիք թղթոյն Տրապիզոնի առ հատուածեալն Գրիգոր երեց» աշխատութեան մէջ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ