Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (89)
ՁԹ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Կապպադովկեան Հայրերու յիշատակութեան Հայ մատենագիրներուն մօտ:
Հայ մատենագիրները բազմիցս վկայակոչած են Կապպադովկեան հայրերու քրիստոսաբանութիւնը` իբրեւ ուսանելի և ուղղափառ վարդապետութիւն: Ինչպէս կը նկատենք, միջեկեղեցական յարաբերութիւններու մէջ, երբ արծարծուած են քրիստոսաբանական խնդիրներ, հայ դաւանաբանները վկայակոչած են երեք մեծ Կապադովկացիներու դաւանական միտքերը: Այսպես` Մխիթար Գոշը իր «Թուղթ առ Վրացիսն` յաղագս ուղղափառութեան հաւատոյ» դաւանաբանական ուղերձին մէջ կը վկայէ Կապադովկացի հայրերու երկերը` բացատրելով հայ եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութեան ուղղափառութիւնը:
Ինչպէս գիտենք, այս աստուածաբանական հիմնաւորումը յատուկ է Արեւելան քրիստոնէական եկեղեցիներուն: Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի «Ոսկեփորիկ»-ին մէջ նաեւ կը հանդիպինք երեք Կապադովկացիներու աստուածաբանական միտքին, ուր ան կը մէջբերէ անոնց ճառերէն հատուածներ: Այսպէս, պարզորոշ կ'երեւի, որ հայ եկեղեցւոյ և Կապադովկեան հայրերու քրիստոսաբանութիւններու միջեւ կան բազմաթիւ նմանութիւններ, հայ եկեղեցւոյ քրիստոսաբանական բազում հիմնաւոր մտքեր կը փաստուին Կապադովկեան հայրերու քրիստոսաբանական եզրահանգումներով:
Ս. Ներսես Շնորհալին անոնց դրոյթները կը դիտէ որպէս արծարծուող խնդրի վերջնական ու ճշգրիտ լուծում: Այսպիսով, հայ դաւանական գրականութեան մէջ վկայակոչուած Կապադովկացիներու քրիստոսաբանական մտածումները առաւելագոյնս կը ծառայեն Փրկչի կատարեալ մարդ և կատարեալ Աստուած ըլլալու դաւանութեան` ցոյց տալով, որ Քրիստոս կարող է մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս ըլլալ՝ միեւնոյն ժամանակ ըլլալով կատարեալ Աստուած և կատարեալ մարդ: Գրիգոր Նազիանզացին ճանչցուած է նաեւ որպէս Երրորդութեան Աստուածաբան։
Ան իր «Հերոնի մասին» ճառին մէջ կը սորվեցնէ թէ եռանձնեայ Աստուածութեան չվերագրել երեք սկիզբ, որպէսզի որեւէ հեթանոսական կամ բազմաստուածութեան գաղափար տեղ չգտնէ ուղղափառ դաւանութեան մէջ։ Աստուած մէկ է՝ ըստ էութեան և երեք՝ ըստ դէմքերու։ Ս. Երրորդութեան դէմքերու միասնութիւնը կ'արտայայտուի՝ մէկ Աստուածութիւն, մէկ էութիւն, մէկ բնութիւն, իսկ դէմքերու Երրորդութիւնը՝ երեք դէմք, երեք անձնաւորութիւն, իւրաքանչիւր դէմքի առանձնայատկութիւնը՝ անծնունդութիւն, ծնուածութիւն, բխուածութիւն եզրերով։ Սուրբ Հոգւոյ դիմային առանձնայատկութիւնը ըստ Գրիգոր Նազիանզացիին՝ բխուածութիւնն է: Նազիանզացին ի միջի այլոց պատուիրած է չքննել Որդւոյն ծննդեան և Ս. Հոգւոյն բխման խորհուրդը, քանզի անոնք վեր են մարդկային կարողութենէն։
Գրիգոր Աստուածաբանը կը բացատրէ Բանի (Logos) աստուածութիւնը, ըսելով. «Աստուծոյ Խօսք հասկացողութիւնը պէտք չէ իմանալ, որ ան առաջ կու գայ սոսկ հնչիւններ արտաբերելու իրողութենէն, իրողութիւն, որ այնուհետեւ կը կորսուի, ինչպէս մենք կը կորսնցնենք մեր մարդկային խօսքը: Բայց ինչպէս որ մեր կորստական բնութիւնը ունի կորստական խօսք, այնպէս ալ անապական և յաւիտենական բնութիւնը ունի յաւիտենական և գոյացական Խօսք»: Հայ եկեղեցին Ս. Գրիգոր Նազիանզացիի յիշատակը կը տօնէ տարին երկու անգամ՝ Ս. Ծննդեան երրորդ կիրակիին նախորդող Շաբաթ օրը և Հոկտեմբերի վերջին Շաբաթ օրը՝ «Երկոտասան Վարդապետաց» հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ