Որոնել

Սրբուհի Ռիթա Սրբուհի Ռիթա 

«Սրբուհի Ռիթայի Տօնին Առթիւ» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Սրբուհի Ռիթան մեզի սորվեցուց, որ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւնը կոյր հպատակութիւն չէ, այլ ներքին հաւատարմութեան ամէնօրեայ ջրումը։ Անոր մտահոգութիւնը փայտը կենդանացնելը չէր, քանի որ այդ մէկը Աստուծոյ գործն ու հրաշքն էր, այլ՝ իր մարդկային հպարտութիւնը մեռցնելը եւ իր կամքը սանձելը, որպէսզի քալէ երկնային կամքին համեմատ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սիրելինե՛ր,

Այսօր համախմբուած ենք տօնախմբելու յիշատակը այնպիսի սրբուհիի մը, որ փշրեց երկրաւոր տրամաբանութիւնը՝ ապրելու համար երկնային տրամաբանութեամբ։ Այսօր կը մեծարենք Քասիայի Սրբուհի Ռիթան, որ կը կոչուի «Անկարելի հարցերու բարեխօս»։ Սակայն, եթէ խորապէս խոկանք անոր վարքին վրայ, պիտի տեսնենք, որ «անկարելին» պարզապէս տիտղոս մը չէր, զոր ան ստացաւ իր մահէն ետք, այլ այն ամէնօրեայ տարածքն էր, ուր ան ապրեցաւ իր հաւատքը եւ իր համբերութեամբ զայն վերածեց յոյսի ովասիսի մը։ Աստուծոյ հանդէպ իր հնազանդութիւնը եղաւ այն կամուրջը, որմով ան անցաւ ամէն տեսակ փորձութեան վրայէն։
Ս
րբուհի Ռիթան այս տօնին առթիւ մեզի կը ջամբէ եռաչափ հոգեւոր ուղի մը, որ կը սկսի մեր վէրքերու խորքէն եւ մեզ կը հասցնէ սրբութեան գագաթնակէտին:
Հերոսական Ներողամտութիւն՝ Կոտրել Ատելութեան Շղթան
Այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ կը փառաբանէ վրէժխնդրութիւնը եւ հարուածին հարուածով կը պատասխանէ, Ս. Ռիթան կանգնեցաւ իր նենգաբար սպաննուած ամուսնոյն դիակին առջեւ՝ ո՛չ թէ վրէժ պահանջելու, այլ ներում շնորհելու համար։ Անոր ներողամտութիւնը տկարութիւն չէր, այլ հերոսական առաքինութիւն, որով ան իր երկու զաւակներուն սիրտերը վեր բարձրացուց երկրաւոր մեղքերէն։ Ան նախընտրեց զանոնք մաքուր տեսնել Աստուծոյ գիրկին մէջ, քան թէ՝ վրէժի արիւնով թաթախուած մարդասպաններ։ Ռիթան այսօր մեզի կը սորվեցնէ, որ ներումը միակ զէնքն է, որ կը կտրէ չարիքի շղթաները եւ Քրիստոսի խաղաղութիւնը կը հեղու կոտրուած սիրտերուն մէջ։

Կոյր Յոյս՝ Քալել Սրտի Լոյսով

Երբ անոր առջեւ փակուեցան մարդկային բոլոր դռները՝ ամուսինը մեռաւ, զաւակները ննջեցին, եւ վանք մուտք գործելու փափաքը բազմիցս մերժուեցաւ, ան յուսահատութեան չմատնուեցաւ, այլ կառչեցաւ այն հաւատամքին, որ կը կոչենք «կոյր յոյս»։ Ասիկա միամիտ յոյս մը չէ, այլ այնպիսի հաւատք մը, որ յօժարակամօրէն «կը կուրանայ» երկրաւոր արգելքներն ու անկարելի պայմանները տեսնելէ, որպէսզի հոգիին աչքերը բանայ աստուածային տնօրինութեան լոյսին առջեւ։ Ան քալեց խաւարին մէջ՝ վստահ ըլլալով, որ Աստուծոյ ձեռքը զինք կը առաջնորդէ։ Ի վերջոյ, ան արժանացաւ ճակատի վէրքին՝ այն սրբազան փուշին, որ տասնըհինգ տարի շարունակ իր մարմնոյն վրայ դրոշմեց Խաչեցեալին չարչարանքներուն ճշմարիտ մասնակցութեան նշանը։

Չոր Բնափայտի Հնազանդութիւնը՝ Ներքին Հաւատարմութեան Ջրումը

Որպէսզի երկինքը մեզի փաստէ, թէ այս յոյսն ու հնազանդութիւնը տկարութիւն չեն, Ս. Ռիթան մեզի ձգեց հոգեւոր իմաստներով հարուստ հրաշք մը։ Երբ ան վանք մտաւ, անոր խոնարհութիւնը փորձելու համար հրամայուեցաւ ջրել չոր ու մեռած, անկենդան փայտէ ճիւղ մը։ Միաբան քոյրերու զարմանքին ու ապշութեան առջեւ, օր մը Ս. Ռիթային հարցուցին. «Ինչո՞ւ կը ջրես այդ չոր ու անկենդան փայտը»։ Անոր պատասխանը ունէր այնպիսի խորութիւն մը, որ ցնցեց մարդկային տրամաբանութիւնը. «Ես չոր ճիւղը չեմ ջրեր, այլ կը ջրեմ հնազանդելու իմ կարողութիւնս»։
Այս խօսքով Ռիթան մեզի սորվեցուց, որ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութիւնը կոյր հպատակութիւն չէ, այլ ներքին հաւատարմութեան ամէնօրեայ ջրումը։ Անոր մտահոգութիւնը փայտը կենդանացնելը չէր, քանի որ այդ մէկը Աստուծոյ գործն ու հրաշքն էր, այլ՝ իր մարդկային հպարտութիւնը մեռցնելը եւ իր կամքը սանձելը, որպէսզի քալէ երկնային կամքին համեմատ։ Եւ Աստուծոյ հանդէպ այս բացարձակ հնազանդութեան դիմաց՝ կեանքը թափանցեց մեռած փայտին մէջ, եւ ծլեցաւ Քասիայի որթատունկը, որ մինչեւ օրս պտղաբեր է ու կը գտնուի անոր վանքի պարտէզին մէջ՝ վկայելով, որ հնազանդութիւնը նախ սրտին մէջ կը ծաղկի, եւ ապա միայն՝ ճիւղերուն վրայ։

Սիրելինե՛ր,

Մեզմէ քանիցս այսօր կը դադրին աղօթելէ, բարիք գործելէ եւ իրենց առաքելութեան հանդէպ հաւատարիմ մնալէ՝ պարզապէս այն պատճառով, որ իրենց շուրջի իրականութիւնը չոր ու անկարելի կը թուի։ Ս. Ռիթան այսօր իր օրինակով մեզի կը պատգամէ. «Մի՛ նայիք ձեր շուրջի փայտի չորութեան, այլ նայեցէ՛ք ձեր հնազանդութեան խորութեան եւ Տիրոջ հանդէպ ձեր վստահութեան։ Աղօթքով ջրեցէ՛ք ձեր հաւատարմութիւնը եւ գիտցէ՛ք, որ Աստուած կարող է մահէն կեանք յարուցանել, իսկ չորութենէն՝ առատ պտուղ տալ»։

Ս. Ռիթան գերբնական կին մը չէր. ան դուստր էր, կին էր, մայր էր եւ կոյս, որ կեանքի ցաւերով կոփուեցաւ այնպէս, ինչպէս մենք կը կոփուինք այսօր։ Սակայն ան իւրայատուկ էր անով, որ եղաւ «ցաւի փուշերուն մէջ բուսած վարդը»՝ Աստուծոյ հանդէպ իր բացարձակ հնազանդութեան շնորհիւ։
Արդ, անոր տօնին առթիւ, խնդրենք ոչ միայն այն, որ ան մեր վրայէն վերցնէ անկարելի թուացող բեռները, այլեւ մեզի պարգեւէ իր ոգին. սորվիլ թէ ինչպէ՛ս ներել, ինչպէ՛ս յուսալ խաւարին մէջ, եւ ինչպէ՛ս ջրել Աստուծոյ հանդէպ մեր հնազանդութիւնը մեր կեանքի ամենամանր մանրամասնութիւններուն մէջ, որպէսզի մեր չորցած անօթները ծաղկին Անոր շնորհքով։

Ս. Ռիթայի բարեխօսութեամբ, Տէրը օրհնէ՛ ձեզ եւ ձեր տուները լեցնէ Իր խաղաղութեամբ, որ վեր է ամէն մտքէ։
Բարի տօն բոլորիդ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2026, 08:08