Որոնել

2026.05.20 ARAN I Sala Marconi

Արամ Ա. «Լիբանանը պէտք է օրինակ մնայ»

Վատիկանի մէջ երեք օր տեւած հանդիպումներու աւարտին, որոնց կարգին էր Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ առանձնական տեսակցութիւնը եւ չորեքշաբթի՝ 20 Մայիսին կայացած ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. շեշտեց խաղաղութեան ի նպաստ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի այս երկրին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան աւարտին, Չորեքշաբթի, 20 Մայիս 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը մամլոյ ասուլիս մը ունեցաւ Վատիկանի տեղեկատուականի կեդրոնին մէջ: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին Հռոմի լրատուական զանազան ցանցերու ներկայացուցիչները: Ռատիօ Վատիկանի ներկայացուցիչը ասուլիսին բացումը կատարելով՝ նախ ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը իբրեւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց միջազգային դէմք, ապա շեշտեց անոր Վատիկան այցելութեան իւրայատուկ կարեւորութիւնը, մանաւանդ անոր ունեցած քննարկումները Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ պատասխանատու քարտինալներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով իր այցելութեան պատմական կարեւորութեան եւ Պապին ու ընդհանրապէս Վատիկանի պատասխանատուներուն ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան՝ նախ ներկայացուց ցանկը այն նիւթերուն, որոնք քննարկուած էին հանդիպումներու ընթացքին: Ապա, ան մատնանշեց այն բնագաւառները, ուր կեդրոնացած էին քննարկումները` Լիբանան, Միջին Արեւելք, Արցախ, միջ-եկեղեցական շարժում եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն-Վատիկան գործակցութիւն: Յիշեալ իւրաքանչիւր բնագաւառին մասին Նորին Սուրբ Օծութիւնը անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ:

Պէտք է շարունակենք երկխօսութիւնը

Իր խօսքէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս պատասխանեց լրագրողներու կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն: Աւարտին, ան առանձին հարցազրոյց ունեցաւ Ռատիօ Վատիկանի եւ այլ տեղեկատուական ցանցերու ներկայացուցիչներուն հետ:

«Պէտք է շարունակենք երկխօսութիւնը»։ Այս է այն հաստատ համոզումը, զոր Արամ Ա. Կաթողիկոսը փոխանցե Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հետ ունեցած հարցազրոցյի ընթացքին նշելով նաեւ թէ «Հայ Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը պատմականօրէն եզակի են», շեշտելով այս համագործակցութեան կարեւորութիւնը արագօրէն փոփոխուող համաշխարհային համապատկերին մէջ։

«Չենք կրնար մեկուսացած ապրիլ», ըսաւ ի միջի այլոց Վեհափառ հայրապետը՝ մատնանշելով «միջեկեղեցական նոր թափի» մը անհրաժեշտութեան, որովհետեւ քրիստոնեաները, իրենց տեսակէտով, չեն կրնար անտեսել համատեղ մտածումի կարեւորութիւնը՝ յատկապէս այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք փոքրամասնութիւն են, որպէսզի պահպանեն իրենց ինքնութիւնը՝ յանձնառու մնալով «ուրիշներուն հետ երկխօսութեան» եւ հաւատարիմ՝ իրենց արժէքներուն։

«Ասիկա մարտահրաւէր մըն է» զոր քրիստոնեաները կրնան միասնաբար դիմագրաւել եւ այս գետնի վրայ «Վատիկանի հետ երկխօսութիւնը չափազանց կարեւոր է» եղաւ Նորին Սրբութեան արտայայտած այլ մէկ մտածուը։

Պահպանել Լիբանանեան օրինակը

Ինքնին լիբանանցի ըլլալով՝ հայ կաթողիկոսը բարձր գնահատեց Պապին (եւ ընդհանրապէս Վատիկանի) ու լիբանանցի ժողովուրդին միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնը։ Լեւոն ԺԴ.ի հետ միասնական աղօթքը՝ ի նպաստ Մայրիներու Երկրի եւ, աւելի ընդհանուր առմամբ, Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան, անոր հերթական ապացոյցն է։

«Լիբանանը պէտք է դիտուի իսլամ-քրիստոնեայ հեռանկարէ մը», նշեց Վեհափառը՝ յիշեցնելով, որ Լիբանանի այս բազմակարծիք տեսլականը բաժնեկցուած է նաեւ Պապին կողմէ, որ անցեալ Դեկտեմբերի սկիզբը Պէյրութ կատարած իր ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպած էր նաեւ իսլամ համայնքին հետ։

«Համակեցութիւնը», եզրափակեց ի վերջոյ Կաթողիկոսը, դրոշմուած է Լիբանանի պատմութեան մէջ, եւ այս պատճառով ալ երկիրը պէտք է մնայ «օրինակելի»՝ աշխարհին ապացուցելու համար, որ կարելի է կողք կողքի գոյատեւել ու խաղաղութեամբ ապրիլ նաեւ Իսլամութեան հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2026, 15:46