ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (64)
64.- ՄԽԻԹԱՐ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԻՐԵՆՑ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ
Մխիթար եւ իր աշակերտները Վենետիկի մէջ առաջին շրջանին շատ դժուար օրեր կ՚անցընեն։ Ամէն տեսակ նեղութիւն շրջապատած էր զիրենք։ Օտարութեան մէջ, անտեղեակ տեղւոյն լեզուին եւ սովորութիւններուն, բոլորովին նոր միջավայրի մէջ յայտնուած էին։ Միաժամանակ դրամի սղութիւնը կը նեղէր զիրենք։ Իրենց հետ բերած 250 դահեկանը արդէն շատոնց ծախսուած էր տան վարձքը վճարելու, նուազագոյն կահ կարասիով ապահովելու եւ նոր գլխարկ ու ոտնաման գնելու համար, եւ Մխիթար ստիպուած էր բարեկամէ մը պարտքով 150 դահեկան առնել։
Մխիթար կը դիմէ վենետկեցի ծանօթ սեպուհներուն, որոնց բարեկամութիւնը Մեթոնի օրերէն կը վայելէր։ Անոնց միջամտութեամբ իրաւունք կը ստանան պատարագելու Վենետիկի հինգ եկեղեցիներու մէջ, եւ հետեւաբար պատարագուցներով կ՚ապահովեն իրենց օրապահիկը։ Այդ ժամանակները, իւրաքանչիւր պատարագուց մօտաւորապէս 30 սոլտոյ, այսինքն լումայ էր, որ կը բաւարարէր օրուան հիմնական ուտեստեղէնը ապահովելու, հացով եւ համեստ կտոր մը ձուկով կամ միսով։
Մխիթար կը պատարագէր ժողովրդապետի տան մէջ գտնուող փոքրիկ մատուռիկին մէջ, իսկ աշակերտները ամէն առաւօտ, ժամերգութենէն ետք, հինգ տարբեր ուղղութիւններով եւ երկու հերթափոխով կը մեկնէին իրենց յատկացուած եկեղեցիները։ Հոն հասնելով, պէտք է սպասէին որ իրենց կարգը գար որպէսզի կարենային պատարագել։ Եկեղեցւոյ մէջ պատարագի մը ներկայ գտնուելով եւ կամ աւանդատան մէջ առանձին՝ կ՚ամփոփուէին եւ պատարագի մատուցանելու նախապատրաստական աղօթքները կը կատարէին։ Ապա, պատարագելէ ետք, անմիջապէս ուղիղ տուն կը վերադառնային, առանց աջ-ձախ դեգերելու, հետաքրքրասիրութեամբ ուշանալու եւ կամ աւելորդ խօսակցութիւններու բռնուելու։
Տուն հասնելով, որ արդէն իրենց համար վանքի վերածուած էր, կը նուիրուէին իրենց ուսման, ընթերցումին եւ կամ ընդօրինակելու տարբեր ուսումնական գիրքերը որ Մխիթար Աբբահայր կը թարգմանէր։ Զանգակի ղօղանջով մատուռ կը հաւաքուէին կէսօրուան ժամերգութիւնը կատարելու եւ ապա միասնաբար կը ճաշէին։ Եւ քանի որ եղբայրներէն ոչ մէկը Վենետիկ եկած էր, բոլոր ծառայութիւնները հերթականութեամբ, փոխն ի փոխ կը կատարէին։ Ժամանակագիրը՝ Հ. Մատթէոս կը գրէ. «Բացի երկու աւագ վարդապետներէն, բոլորս պատանի նորընծայի նման՝ Աստուծոյ շնորհքով կ՚ենթարկուէինք Մխիթար Աբբահօր դաստիարակութեան, ուրախ ու զուարթ, կարծես նորընծայարանի մէջ ըլլայինք այդ տան մէջ» (1716 §6)։ Ժամ մը հանգիստ ընելէ ետք, կրկին բոլորը կը նուիրուէին իրենց ուսման, մինչեւ երեկոյեան ժամերգութեան պահը, որու կը յաջորդէր միասնաբար կատարուած մտածական աղօթքը։ Ընթրիքէն ետք ալ ժամ մը միասին կ՚անցընէին, եւ ապա իւրաքանչիւրը իր սենեակը քաշուելով խղճի քննութիւնը կը կատարէր եւ Աստուծոյ յանձնուելով քունի կ՚անցնէր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ