Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (93)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ս. Կոյս Մարիամի «Մայր Աստուծոյ» կամ «Աստուածածին» կոչումին:

ՂԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Ս. Կոյս Մարիամի «Մայր Աստուծոյ» կամ «Աստուածածին» կոչումին:

 

Եփեսոսի 431 թուի Գ. Տիեզերական Ժողովը հաստատեց, որ Մարիամ «Թէօդոքոս» - «Աստուածածին» կամ «Մայր Աստուծոյ» կը կոչուի, որովհետեւ անոր Որդին և՛ Աստուած, և՛ մարդ է, մէկ աստուածային անձ՝ աստուածային և մարդկային բնութիւններով, որոնք միաւորուած են անբաժան և անխառն ձեւով: Այս առումով, ժողովական հայրերը կը շեշտէին, որ Մարիամ ոչ միայն մարդ Յիսուսի մայրն է, այլ Աստուած-Խօսքի՝ մարդացեալ Աստուծոյ ծնողն է: Արդարեւ, Թէօդոքոսը բաղադրեալ ածական է, որ կազմուած է երկու յունարէն եզրերէ. «Θεός» «Աստուած» և «τόκος» «ծին, ծնել»: Բառացի թարգմանութիւնը կ'ըլլայ. «ան, որ ծնած է զԱստուած»: Հայերէն թարգամանութիւնն, ուստի, շատ ճշգրիտ է. «Աստուածածին»: 

Արդարեւ այս տիտղոսը գործածուած է երրորդ դարէն սկսեալ՝ ասորական աւանդութեան մէջ, Մարրիի և Ադդայի, նաեւ՝ Ս. Յակոբոս Տեառնեղբօր ծիսակարգերուն մէջ: Չորրորդ դարէն սկսեալ, բացայայտօրէն գործածուած է Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերու՝ Աթանաս Աղեքսանդրացիի, Գրիգոր Նազիանզացիի, Յովհան Ոսկեբերանի, Օգոստինոսի և այլոց գրուածքներուն մէջ: Ըստ պատմիչ՝ Սոկրատէսի «Եկեղեցական պատմութիւն» աշխատութեան, որուն մէկ հատուածին մէջ մեջբերում կ'ընէ Որոգինէսի (†254) «Մեկնութիւն Հռոմէացիներուն ուղղուած Նամակի» գրութենէն, Որոգինէս առաջին հեղինակը կը հանդիսանայ որ «Թէօդոքոսը - Աստուածածին» դաւանաբանական տիտղոսը գործածած է Ս. Կոյս Մարիամի համար, թէեւ Որոգինէսէն մեզի հասած գրութիւններուն մէջ այդ տիտղոսին անմիջականօրէն չենք հանդիպիր: Աւելի՛ն, Ս. Կոյս Մարիամին նուիրուած ամենահին օրհներգութեան յունարէն բնագրին մէջ առաջինն օգտագործուած է ճիշտ այս դաւանաբանական տիտղոսը՝ «Թէօդոքէ» կոչական եղանակով. «Ὑπὸ τὴν σὴν εὐσπλαγχνίαν, καταφεύγομεν, Θεοτόκε», որ գրաբարեան հայերէնով յայտնի հետեւեալ օրհներգն է. «Ընդ հովանեաւ պաշտպանութեան քո ապաւինիմիք, Ս. Աստուածածին»: Այս օրհներգի յունարէն հնագոյն ձեռագիրը գտնուած է Եգիպտոս, պապիրուսի վրայ, որ մեծ մասամբ կը թուագրուի 450 թուէն ո՛չ վաղ, բայց, ըստ Վիլլիէրի, հնարաւոր է, աւելի վաղ՝ երրորդ դարասկզբի պապիրուս ըլլայ: Նոյն հեղինակը կը կարծէ, որ «Աստուածածին» տիտղոսը գործածուած է նաեւ մօտ 250 թուին՝ Դիոնիսիոս Աղեքսանդրացիի կողմէ Պօղոս Սամոսատցիին ուղղուած նամակին մէջ, բայց ա՛յլ մասնագէտներու կարծիքով, այդ նամակը վեցերորդ դարի կեղծիք է:

Այսպէս, Եփեսոսի Ժողովին մէջ Նեստորական մօտեցումը դատապարտուեցաւ՝ այն բացատրութեամբ, որ Մարիամ՝ Քրիստոսի միասնական և մէկ Անձի մայրն է, ուստի «Աստուածածին» - «Θεοτόκος» տիտղոսի կիրառումը շատ տեղին է և կ'արտայայտէ հաւատքի ուղղադաւանութիւնը: Եփեսոսի Ժողովն այդպիսով ո՛չ թէ նոր բան մը որոշեց, այլ՝ հաստատեց ու պարզաբանեց այն ուղղադաւան աւանդութիւնը, որ Մարիամն «Աստուածածին» է՝ ո՛չ թէ ի յաւիտենից, այլ՝ միայն Յիսուսի ծնունդէն սկսեալ, այսինքն՝ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութենէն սկսեալ: Ժողովը գաղափարը ձեւակերպեց հետեւեալ կերպ. «Մարիամն Աստուածածին է ո՛չ թէ որովհետեւ Աստուծոյ Բանն Իր աստուածային բնութիւնը իրմէ առաւ, այլ՝ որովհետեւ բանական հոգիով օժտուած սուրբ մարմինն առաւ Մարիամէն և միացուց Իր Անձին, ծնաւ Մարիամէն, և Բանն, ինչպէս կ'ըսենք, ծնաւ ըստ մարմնի»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

26/06/2026, 07:38