Որոնել

2026.07.06 Festa dei SS Pietro e Paolo chiesa armena di Istanbul

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալներու տօնը Պիւյիւքտերէի մէջ (Իսթանպուլ)

Այս սրբազան արարողութեամբ, ինչպէս ընդունուած աւանդութիւն է, կատարուեցաւ ամառնային շրջանի բացումը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի սկիզբը՝ վերամուտի շրջան։ Գերապայծառ Հայրը իր հայերէն եւ թրքերէն քարոզին մէջ խորապէս անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի պատգամին եւ առաքելաշաւիղ տօնի խորհուրդին։

Ամառնային շրջանի Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքեալներու յիշատակութեան տօնը կատարուեցաւ 5 Յուլիս 2026-ին, Պիւյիւքտերէի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, զոր մատոյց Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքական Կառավարիչ եւ Առաջնորդ՝ Գերապայծառ Տէր Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան։

Սուրբ Պատարագին սպասարկեցին Արժանապատիւ Տէր Հայկարամ Քահանայ Չէքիճ, Տէր Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեան, կիսասարկաւագներ՝ Ժան Աճեմողլու, Ճան Եօնթան եւ Լեւոն Եունքէս, ինչպէս նաեւ դպիրներ։ Եկեղեցական երգեցողութիւնը կատարուեցաւ դպրաց դասի երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Զաւէն Ակայի։

Օրուան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Անտոն Աբելողլու Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Ալէքս Քալփաքճեան, Սաթենիկ Ջուլճու եւ Չէթին Էօղմէն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Ենալ Գրիգոր Սուճի։

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նորոգ հանգուցեալ Կիրակոս Է. Էօզի հոգւոյն ի հանգիստ։

Այս սրբազան արարողութեամբ, ինչպէս ընդունուած աւանդութիւն է, կատարուեցաւ ամառնային շրջանի բացումը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի սկիզբը՝ վերամուտի շրջան։

Գերապայծառ Հայրը իր հայերէն եւ թրքերէն քարոզին մէջ խորապէս անդրադարձաւ օրուան Աւետարանի պատգամին եւ առաքելաշաւիղ տօնի խորհուրդին։

Ան ըսաւ.

«Այսօր Աստուծոյ Խօսքը մեր առջեւ կը բանայ շատ մարդկային տեսարան մը։ Յիսուս, Յովհաննէս Մկրտիչի մահուան լուրը առնելէ ետք, իր սրտին մէջ խոր վիշտ կը զգայ։ Քիչ մը դադար առնելու, առանձնանալու եւ աղօթելու համար կը քաշուի ամայի տեղ մը։ Բայց ժողովուրդը զինք հանգիստ չի ձգեր. քաղաքներէն ու գիւղերէն ելլելով՝ իր ետեւէն կը քալեն։

Յիսուս չ'ըսեր՝ «Յոգնած եմ, վիշտ ունիմ, զիս առանձին ձգեցէ՛ք» ։

Մատթէոս կը գրէ. «Յիսուս տեսնելով մեծ բազմութիւնը՝ գթաց անոնց վրայ»։

Արեւը կը մտնէ եւ ժամանակը ուշ է։ Աւետարանին մէջ կը տեսնենք, որ աշակերտները կը մօտենան բոլորովին մարդկային տրամաբանութեամբ.

«Ասիկա ամայի տեղ է եւ ժամն ալ ուշացած է. արձակէ՛ այդ բազմութիւնը, որպէսզի երթան գիւղերը եւ իրենց համար ուտելիք գնեն»։

Այսինքն կարծէք կ'ըսեն. «Ամէն մարդ իր գլխուն ճարին նայի, պատասխանատուութիւնը մերը չէ»։

Բայց Յիսուս աշակերտներուն սովորութիւնները քանդող, զանոնք ցնցող պատուէր մը կու տայ. «Պէտք չկայ որ երթան, դո՛ւք տուէք անոնց ուտելիք»։

Շուարած, առաքեալները կը նային իրենց գրպաններուն ու տոպրակներուն եւ անճարակութեամբ կ'աղաղակեն. «Հոս հինգ հացէ եւ երկու ձուկէ զատ ուրիշ բան չունինք»։

Ահաւասիկ մեր կեանքի մեծագոյն երկընտրանքն ալ հոս է։ Աշխարհի հոգերը, մեր համայնքի կարիքները, մեր ընտանիքի հարցերը այնքան մեծ են, որ երբ դառնանք եւ մեր իսկ էութեան նայինք, կ'ըսենք. «Հինգ հաց եւ երկու ձուկ ունիմ միայն. ո՞վ եմ ես կամ աւելի ի՞նչ ունիմ, որ այս աշխարհին բաւեմ, կամ առաքելութեանս բաւեմ»։

Նոյնպէս ալ այդ երկու հսկայ սուրբերը՝ Պօղոսն ու Պետրոսը, որոնց տօնը այսօր կը կատարենք։

Անոնք ալ Աստուծոյ ձեռքը յանձնուած այդ «հինգ հացէն եւ երկու ձուկէն» զատ ուրիշ բան չէին։

Մտածենք Սուրբ Պետրոսի մասի։ Գալիլեայի ծովուն վրայ պարզ ձկնորս մըն էր բարկացկոտ, դիւրագրգիռ, վախէն դրդուած իր Վարդապետը երեք անգամ ուրացած, Քրիստոսի խաչի ճամբան երկար ատեն չհասկցած, կոտրուած փշրուած մարդ մըն էր։

Մտածեցէ՛ք Սուրբ Պօղոսի մասին։ Նախնական Եկեղեցին անխնայ հալածած, քրիստոնեաները մահուան դատապարտած, բռնութեամբ խաւարած անցեալով մարդ մը։

Աշխարհի տրամաբանութիւնը այս երկու մարդոց նայելով ի՞նչ պիտի ըսէր. «Արձակեցէ՛ք զանոնք, անոնցմէ բան չ'ելլեր, անոնք արժանի չեն Աւետարանը տարածելու»։

Բայց Յիսուս ի՞նչ կ'ըսէ. «Հո՛ս բերէ՛ք զանոնք. Ինծի բերէ՛ք»։

Երբ Պետրոս իր այդ մանր հաւատքով ու սիրով ինքզինք Քրիստոսի յանձնեց, եւ երբ Պօղոս Դամասկոսի ճամբուն վրայ իր սեփական շահերը կործանելով Քրիստոսի առջեւ ծունկի եկաւ, իրենց ձեռքի այդ «չնչին» էութիւնը Քրիստոսի կողմէ օրհնուեցաւ, բաժնուեցաւ եւ բազմացաւ։

Պետրոսի այդ տկար ձայնը եղաւ Եկեղեցւոյ անսասան հիմնաքարը, իսկ Պօղոսի այդ վիրաւոր սիրտը վերածուեցաւ ջահի մը, որ Աւետարանը տարաւ բոլոր հեթանոս ազգերուն։

Սիրելի՛ եղբայրներ ու քոյրեր,

Յիսուս հացը երկինքէն կախարդական ձեւով չիջեցուց։ Հացերը օրհնեց, կտրեց եւ տուաւ իր աշակերտներուն, իսկ աշակերտները բաժնեցին ժողովուրդին։ Գիտէ՞ք հրաշքը երբ տեղի ունեցաւ։ Երբ հացերը կը բաժնուէին, ձեռքէ ձեռք անցնելով բազմացան։ Չբաժնուած ոչ մէկ բան կը բազմանայ սիրելի հաւատացեալներ։

Պետրոս եւ Պօղոս ալ իրենց տրուած շնորհքը, հաւատքը երբեք չպահեցին։ Քրիստոսի սիրոյն համար բանտերու մէջ, ճամբաները, փոթորիկներու տակ յօժարեցան «բաժնեկցիլ», չարչարուիլ եւ ի վերջոյ մարտիրոսութեան պսակով իրենց կեանքը զոհել։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը բաժնեցին, եւ այդ օր բաժնուած այդ հացին մէջ ծածուկ գտնուող հոգեւոր կերակուրը արդէն երկու հազար տարիէ ի վեր այսօր նոյնիսկ մեզ կը սնուցանէ։ Ինչպէս Սուրբ Գիրքը կը գրէ. «Ամէնքը կերան ու կշտացան. եւ տասներկու սակառ լեցուն կտորտանքներու մնացորդներ հաւաքեցին»։

Աստուծոյ շնորհքը միշտ կ'առատանայ ու կը յորդի։

Այսօր Տէրը, այս խորանէն, մեզմէ իւրաքանչիւրին կը ձայնէ. «Դո՛ւք տուէ՛ք անոնց ուտելիք»։ Մենք իսկոյն պատճառաբանութիւններ կը ստեղծենք. «Մեղքեր ունիմ, հաւատքս տկար է, ժամանակ չունիմ, ուժ չունիմ...»։

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս մեզի կը սորվեցնեն ոչ թէ կատարեալ ըլլալ, այլ նուիրուիլ ու հնազանդիլ։ Հինգ հացն ու երկու ձուկերը առանձին ոչ մէկ բանի կը ծառայեն, բայց երբ զանոնք ձգենք Քրիստոսի ձեռքերուն մէջ, կը վերածուին երկնային խնճոյքի մը, որ հազարաւոր մարդիկ կը կշտացնեն։

Մի՛ վախնաք ձեր տկարութիւնը, ձեր կոտրուածութիւնը, ձեր քիչ ժամանակն ու սէրը Քրիստոսի բերելու։

Այս նուիրական Կիրակի օրը, Եկեղեցւոյ այս երկու մեծ սիւներուն բարեխօսութեամբ, Տիրոջմէ խնդրենք այս շնորհքը.

Մեր աչքերը ոչ թէ մեր պակասութիւններուն, այլ Քրիստոսի առատաբուխ ձեռքերուն վրայ սեւեռենք։ Մենք մեր աշխարհին մէջ չփակուինք. մեր ձեռքի ունեցածը բաժնենք, բաժնեկցինք եւ մեր հաւատքը հաղորդենք մեր մերձաւորին։ Դէպի ապագայ քալենք մեր գլուխը բարձր, սիրտը հաւատքով լեցուն, եւ մեր կեանքը նուիրենք Քրիստոսի սիրոյն։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/07/2026, 07:27