Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (95)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ «Մեծացուսցէ» շարականներուն:

ՂԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ «Մեծացուսցէ» շարականներուն:

 

Ե. դարուն, Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքի ձեւաւորումէն ետք, մեր եկեղեցական հայրերը իրենց հասարակաց աղօթագիրքին մէջ ներմուծեցին Քրիստոսաբանութենէն բղխող Մարեմաբանութիւնը և ծիսարանի և ժամասացութեան ճամբով զայն դարձուցին դաւանանք: Այսպէս Քրիստոնէական դաւանանքը աղօթք ու շարական դարձուցին, քանի որ անջատ հատորի վերածելու պարագային, հատորը պիտի մնար վանքի մը ձեռագրատան խորը, հազուագիւտ ձեռագիրի ձեւին տակ, որուն մատչելու և անկէ օգտուելու կարելիութիւնը չունէր պարզ ժողովուրդը և նոյնիսկ կղերին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը: Արդարեւ, հայկական Շարակնոցը լաւագոյն հայելին կը հանդիսանայ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին, որովհետեւ անոնք հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին երգեցիկ պատգամներն են:

Այս առումով, Հայ Եկեղեցւոյ Հայրերը իրենց գրած աղօթքներուն, տաղերուն, գանձերուն եւ շարականներուն մէջ պաշտպանած են Աստուածամօր յաւէրժ կուսութիւնը, բարեխօսութիւնը եւ Աստուածամայր ըլլալը: Մեծացուսցէները ընդհանրապէս կը բովանդակեն Տիրամօր յաւերժ կուսութեան, բարեխօսութեան եւ մարգարէութեանց կատարման գաղափարները: Առ ի գիտութիւն, հայկական Շարականներու դասակարգերը հետեւեալ անուանումներով ծանօթ են. Օրհնութիւն, Հարց, Մեծացուսցէ, Ողորմեա, Տէր Յերկնից, Մանկունք, Համբարձի եւ Ճաշու:

Այս բոլորին մէջէն՝ Մեծացուսցէները Աստուածամօր նուիրուած շարականներն են, որ Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին կ'երգենք խմբովին: Մեծացուսցէն մենք կը կարդանք Ղուկասու Աւետարանի առաջին գլխուն մէջ, ուր կ՛ըսէ. «Մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր. եւ ցնծասցէ հոգի իմ յԱստոծոյ Փրկչաւ իմով: Զի հայեցաւ ի խոնարհութիւն աղախնոյ իւրոյ. զի ահա յայսմհետէ երանեսցեն ինձ ամենայն ազգք» (Ղկ 1, 46): Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցած են հայկական ութձայն համակարգը, ըստ որում շարականները եւս կը բաժնուին ութ ձայներու ԱՁ, ԱԿ, ԲՁ, ԲԿ, ԳՁ, ԳԿ, ԴՁ եւ ԴԿ: Տուեալ դրութեամբ՝ իւրաքանչիւր ձայն ունի իր շեշտաւորումն ու եղանակի ելեւէջները: Մեծացուսցէները թիւով 68 հատ են և մեծ մասամբ գրուած են Մովսէս Խորենացիին կողմէ. իսկ Ս. Աստուածամօր նուիրուած օրհնութիւններն ու անոնց շարքերը գրուած են Ներսէս Շնորհալիին, Յակոբ Կլայեցիին, Վարդան Վարդապետին եւ Կիրակոս Երզնկացիին կողմէ:

Շարականներուն մէջ չկայ կանոն մը, ուր Աստուածամայրը չյիշուի մէջը, որովհետեւ Ս. Աստուածամօր բարեխօսութիւնը անհրաժեշտ է, և իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անոր կարիքը ունի: Այս առումով, երբ կարդանք Յայտնութեան գիրքի 12-րդ գլուխը, այնտեղ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս սատանան յարձակեցաւ Ս. Աստուածամօր վրայ, սակայն չկրցաւ յաղթել անոր: Սատանան զայրացաւ, որովհետեւ չկրցաւ պատերազմիլ կնոջ դէմ, գնաց եւ սկսաւ պատերազմիլ անոր միւս զաւակներուն դէմ, որոնք Աստուծոյ պատուիրանին կը հնազանդէին, այլ խօսքով, Քրիստոսի համար վկայութիւն կու տային, և իրենց կեանքով Քրիստոսը կը քարոզէին:

Կնոջ միւս զաւակները մենք ենք: Սատանան ամէն հնարք կ'ընէ մեզ հեռացնելու ճշմարիտ ճանապարհէն: Այս հաստատումին իբրեւ փաստ` կրնանք առնել տիեզերական ժողովներու կանոններուն Մանկունքի կցորդը, ուր կ'ըսուի. «Կ՛ապաւինինք քու բարեխօսութեանդ, Մարիամ Աստուածածին, Տիրոջ մայրը եւ Սուրբ Կոյս, երկինքի հարս եւ կնքեալ դուռ», եւ այս շարականին նման շարքը երկար է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/07/2026, 07:49