Ռիմինիի հանդիպումը՝ ներշնչուած «Magnifica Humanitas» շրջաբերականէն եւ Լեւոն ԺԴ. Պապի այցելութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Օգոստոս 21-26-ը Ռիմինիի տօնավաճառի 140 հազար քառակուսի մեթր տարածքին վրայ պիտի կայանայ «Հաղորդութիւմ եւ Ազատագրում» եկեղեցական շարժումի (CL) 47-րդ Ռիմինիի հանդիպումը՝ «Սէրը, որ կը շարժէ արեւն ու միւս աստղերը» խորագիրով։ Հիմնարկի նախագահ Պեռնհարտ Շոլց յայտնեց, թէ Լեւոն ԺԴ. Պապի «Magnifica Humanitas» շրջաբերականը այս տարուան հանդիպումին հիմնական ներշնչումն է՝ իր մէջ ընդգրկելով մարդկային արժանապատուութեան, աշխատանքի, գիտական հետազօտութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններու մասին խորհրդածութիւնները։
Ամենասպասուած իրադարձութիւնը պիտի ըլլայ 22 Օգոստոսին Սրբազան Քահանայապետի այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան պիտի շրջի տօնավաճառի սրահներուն մէջ, պիտի ողջունէ մասնակիցները եւ 10 հազար տեղանոց դահլիճին մէջ պիտի արտասանէ իր պատգամը, որ միաժամանակ պիտի հեռարձակուի ամբողջ ցուցահանդէսի տարածքին։
Ծրագիրը կը ներառէ 150-է աւելի համաժողովներ, 13 ցուցահանդէս, 13 մշակութային ներկայացումներ, երիտասարդական ու մարզական նախաձեռնութիւններ եւ բազմաթիւ միջազգային քննարկումներ՝ նուիրուած խաղաղութեան, միջկրօնական երկխօսութեան, համաշխարհային տագնապներուն, գիտութեան եւ մշակոյթին։ Հանդիպումին պիտի մասնակցին Իտալիոյ պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներ, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ, գիտնականներ եւ մշակութային գործիչներ։ Մուտքը ամբողջ միջոցառման ընթացքին պիտի ըլլայ անվճար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.