Որոնել

Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը 

«Պայծառակերպութիւն. Աստուծոյ եւ Մարդու Հանդիպման Տօնը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան

Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը Հին Կտակարանի Տաղաւարահարաց տօնի կատարումն է, որովհետեւ ան կը յայտնէ Քրիստոսի աստուածային բնութիւնը եւ այն ճշմարտութիւնը, թէ Աստուած Իր Որդիին միջոցով բնակեցաւ մարդոց մէջ։ Ան նաեւ կը շեշտէ, որ Պայծառակերպութիւնը հաւատացեալներուն կոչ է աղօթքով եւ սրբութեամբ պատրաստուելու՝ վերստին մասնակից դառնալու այն աստուածային փառքին, որուն մարդը կոչուած է։
Ունկնդրէ լուրը

Հրէական Տաղաւարահարաց տօնը Աստուծոյ՝ մարդոց հետ բնակութեան խորհուրդը ունէր։ Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը (Այլակերպութիւնը) կը յայտնէ, թէ այս աստուածային բնակութիւնը իրականացաւ Աստուծոյ Որդիին անձին մէջ եւ անոր միջոցով։

Գրեթէ կասկած չկայ, որ Քրիստոսի այլակերպութիւնը տեղի ունեցած է Հին Կտակարանի Տաղաւարահարաց տօնի օրերուն։ Քրիստոնէական Եկեղեցին, տեսնելով այս դէպքին մէջ հին ուխտի տօնին կատարումն ու լրումը, հաստատեց Պայծառակերպութեան Տօնը:

Ըստ Մատթէոսի աւետարանին (17:1-9)՝ Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը տեղի ունեցաւ Թաբօր լերան վրայ։ Յիսուս իր երեք աշակերտներուն՝ Պետրոսին, Յակոբոսին եւ Յովհաննէսին հետ բարձրացաւ լեռ՝ աղօթելու համար։ Աղօթքի պահուն Ան պայծառակերպուեցաւ. Անոր դէմքը արեւի նման փայլեցաւ, իսկ հագուստները ձիւնի պէս ճերմակ դարձան։

Հոն յայտնուեցան նաեւ Հին Կտակարանի երկու մեծ մարգարէները՝ Մովսէսն ու Եղիան, որոնք կը խօսէին Յիսուսի հետ։ Նոյն պահուն լուսաւոր ամպ մը հովանի եղաւ անոնց, եւ երկինքէն ձայն մը լսուեցաւ.

«Այս է իմ սիրելի Որդին, որուն հաճեցայ, անո՛ր մտիկ ըրէք»:

Մեր եկեղեցւոյ հայրերը Քրիստոսի կեանքի այս դրուագը այնքան կարեւոր նկատած են, որ զայն դասած են հինգ Տաղաւար տօներու կարգին: Ինչպէս նշուեցաւ, «Տաղաւար» բառը պատմականօրէն կապուած է Հին Կտակարանի «Տաղաւարահարաց տօնին» հետ, որ կը յիշատակէ Աստուծոյ բնակութիւնը մարդոց հետ: Այլակերպութեան ընդմէջէն առաքեալները կը տեսնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան փառքը՝ վեհափառութեամբ ներկայ Քրիստոսի անձին մէջ։ Անոնք կը վկայեն, որ Անոր մէջ իրապէս «հաճեցաւ բնակիլ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը» (Կող. 1:19, 2:9) ։

Մովսէսի եւ Եղիայի ներկայութիւնը նոյնպէս էական նշանակութիւն ունի այս տօնի ընկալման համար: Անոնք ոչ միայն Հին Կտակարանի այն մեծագոյն դէմքերն են, որոնք կու գան երկրպագելու Աստուծոյ Որդիին՝ Իր փառքին մէջ, եւ ոչ ալ սոսկ այն սուրբերն են, որոնց Աստուած յայտնուեցաւ Հին Ուխտի նախապատրաստական աստուածայայտնութիւններու ժամանակ։ Այս երկու դէմքերը կը մարմնաւորեն բուն իսկ Հին Կտակարանը. Մովսէս՝ Օրէնքը, իսկ Եղիա՝ Մարգարէները։ Քրիստոս Օրէնքին ու Մարգարէներուն լրումն է (Մտթ. 5:17):

Այս տօնի ճշմարիտ հասկացողութեան համար պէտք է դիմենք Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերուն:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանը կը հարցնէ. «Ի՞նչ կը նշանակէ՝ Այլակերպեցաւ», եւ ինքն ալ կը պատասխանէ. «Անիկա առաքեալներուն յայտնեց Իր Աստուածութենէն ՝ այնքանով, որքանով անոնք ի վիճակի էին զայն ընկալելու, եւ ցոյց տուաւ Աստուծոյ բնակութիւնը Իր մէջ»։

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կ'ըսէ. «Ան զանոնք լեռ առաջնորդեց՝ ցոյց տալու համար, թէ ո՞վ է Որդին։ Որովհետեւ, երբ հարցուց անոնց. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ է Մարդու Որդին», անոնք պատասխանեցին. ոմանք՝ Եղիան, ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը։ Այս պատճառով ալ Ան զանոնք լեռ կը բարձրացնէ՝ ցոյց տալու համար, որ Ինք Եղիան չէ, այլ՝ Եղիայի Աստուածը. Ինք Երեմիան չէ, այլ՝ Ան, որ Երեմիան սրբեց իր մօր որովայնին մէջ. ոչ թէ մարգարէներէն մէկն է, այլ՝ մարգարէներուն Տէրը, որ Ինք իսկ ղրկեց զանոնք։ Ան ցոյց տուաւ աշակերտներուն, որ Ինք երկնքի ու երկրի արարիչն է, ողջերուն ու մեռելներուն Տէրը»։

Յիսուսի Պայծառակերպութիւնը ոչ միայն Իր աստուածային Փառքը կը ցուցադրէ, այլեւ կը յայտնէ մարդկութեան գալիք պայծառութիւնը։ Մարդուն գլխաւոր նպատակն է որդեգիր դառնալ Աստուծոյ. այսինքն՝ այն փառքը, որ մեզի կը սպասէ երկնքի մէջ: Ասիկա այն նոյն փառաւորութիւնն է, որմէ Ադամ մերկացաւ իր ապստամբութեան պատճառով։ Այլակերպութիւնը մեզի կը սորվեցնէ աղօթքով վայելել Աստուծոյ ներկայութիւնը, որպէսզի այս աշխարհի դժուարութիւններուն ու ճնշումներուն դիմաց մեր ուշադրութիւնը չշեղի յաւիտենական երջանկութենէն:

Ուստի, պէտք է հոգեւոր արթնութեամբ պատրաստուիլ այս մեծ տօնին, որպէսզի միշտ յիշենք, թէ մենք կոչուած ենք Աստուծոյ որդիներ ըլլալու եւ վերստին զգեստաւորուելու այն նախնական փառքով, որ մարդը ունէր դրախտին մէջ՝ նախքան անկումը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/07/2026, 09:35