Քաղդէական Եկեղեցւոյ Ամենապատիւ Պատրիարքի պաշտօնական այցելութիւնը Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդարան
2026 թուականի Յուլիսի 4-ի առաւօտեան, Պաղտատի Հայ Կաթողիկէ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Ներսէս Արք. Զապարեանը և ծուխի քահանայ՝ Գեր. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանը դիմաւորեցին Քաղթէական Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Պօղոս Գ. Նոնային, իր անդրանիկ պաշտօնական այցելութեան առթիւ։ «Նարեկի Ս. Աստուածածին» մայր տաճար մուտք գործելով՝ Թեմակալ Առաջնորդը հակիրճ կերպով Ամենապատիւ Պատրիարքին ներկայացուց տաճարի պատմութիւնը, անոր հայկական եկեղեցւոյ բնորոշ ճարտարապետական իւրայատուկ ոճը և օծման արարողակարգը։
Այնուհետեւ, Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը և Արհի. Գերապայծառը Աւագ խորանին առջեւ կարճ աղօթք արտասանեցին միասնաբար, որուն յաջորդեց «Տէրունական աղօթք»ը և «Մեծացուսցէ» շարականը, եկեղեցական դասի և հաւատացեալներու կողմէ։ Յիշատակի լուսանկարներ առնելէ ետք, ամէնքը ուղղուեցան դէպի Առաջնորդարանի դահլիճ, ուր Ամենապատիւ Պատրիարքը և անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս դիմաւորուեցան համայնքի զաւակները ներկայացնող եկեղեցական յանձնախումբերուն կողմէ։
Դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրընկալութիւն, որու ընթացքին Արհի. Գերապայծառ Տ. Ներսէս Արք. Զապարեան յայտնեց Ամենապատիւ Պատրիարքին թէ յառաջիկայ շրջանին՝ ի սրտէ կ'ակնկալէ միասնական եկեղեցական համագործակցութիւն, ի շահ Իրաքի տարբեր եկեղեցական ընտանիքներուն, նպատակ ունենալով պաշտպանել անոնց օրինական իրաւունքներն ու ապահովել անոնց պահպանումը՝ որպէս դարաւոր պատմական և հաւատքի խոր արմատներ ունեցող անբաժանելի բաղադրիչ: Այսպէս, խթանելով միաժամանակ եղբայրութիւնը Իրաքեան ժողովուրդի բազմազան հատուածներուն միջեւ։
Իր հերթին, Քաղդէական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետ՝ Նորին Ամենապատուութիւն Մար Պօղոս Գ. Նոնա, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառին՝ Մայիսի 29-ին, Քաղդէական Եկեղեցւոյ իր Պատրիարքի աստիճանին բարձրացման առթիւ, օծման և գահակալման արարողութեան իր մասնակցութեան համար՝ Նորին Ամենապատուութիւն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ Ռաֆայէլ ԻԱ. Մինասեանի հետ միասին։
Ան նաեւ վերահաստատեց Գահակալութեան իր քարոզին մէջ արտայայտուած մտքերը՝ յօգուտ եղբայրութեան ու Եկեղեցիներու համայն եպիսկոպոսաց դասի հետ հաղորդութեան զօրացման՝ միշտ նպատակ ունենալով հովուել քրիստոնեաներու հոգեւոր և աշխարհիկ գործերը՝ Տիրոջ օրհնութեամբ և շնորհքով, որ անընդհատ կ'ուղեկցի սուրբ Եկեղեցւոյ։
Տեղին է յիշել թէ վերջաւորութեան, բարձրաստիճան եկեղեցական Հայրերը իրարու թանկարժէք յուշանուէրներ փոխանակեցին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.