Որոնել

2022.05.14 Gesù con discepoli - amatevi gli uni gli altri - V domenica di Pasqua

«Թանկագին Ես Ինծի Համար...» - Գերյարգելի Գէորգ վարդապետ Զապարեան

Երբ մեղքի պատճառով մեռած ենք, յանուն Քրիստոսի՝ քահանային երկնցուցած ձեռքն ու արտասանած խօսքերն են, որ մեզ կը յարուցանեն մեր հոգեւոր մահէն ու մեզ ետ կը յանձնեն մեր Մօր, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ ծոցը: Այն ատեն, կեանքի բերուած ամէն մէկը սաղմոսերգուին հետ պիտի կարենայ ըսել. «Կը փառաւորեմ քեզ, Տէ'ր,... Դուն զիս բժշկեցիր: Զիս մահէն ետ կեանքի բերիր՝ Երբ մահուան փոսը կ'իջնէի... Տէ'ր, իմ Աստուածս, Յաւէտ գոհութիւն քեզի» (Սաղմոս 30, 2-4 եւ 11-13):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Յիսուս բնաւ շնորհքներու փերեզակութիւն չէ կատարած. այսինքն՝ ասդին անդին հրաշքներ կատարել, երբ ոչ ոք Իրմէ յայտնապէս խնդրած ըլլայ:

Սակայն, բոլոր անոնք, որոնք դիմած են աստուածային Վարդապետին յուսախաբ չեն մնացած. ժողովարանի պատասխանատու Յայրոսի մահամերձ աղջկան (Ղուկաս 8, 54-55), եւ Իր բարեկամին՝ Բեթանիայի Ղազարոսին (Յովհաննէս 11, 43) դրուագները պերճախօս օրինակներ են:

Պատահած է նաեւ, որ Յիսուս նոյնիսկ հրաշք չէ գործած ի տես ժողովուրդին անհաւատութեան, զոր կը ստորագծէ Մարկոս Աւետարանիչ (Անդ, 6, 5-6):

Բայց կայ գերազանց էջ մը Աւետարանին մէջ, որ թէպէտեւ թաղմանական երանգներով պարուրուած՝ կ'արտացոլայ համակ բարեգթութիւնը Քրիստոսի:

Իր աշակերտներուն հետ, Յիսուս դէպի Նային քաղաքը կ'ուղղուի, որ շատ հեռու չէ Նազարեթէն. յոգնախուռն ամբոխ մը Իրեն կը հետեւի:

Քաղաքի մուտքին, կ'ուրուագծուի յուղարկաւորներու թափօր մը, որ դագաղ մը շալկած՝ կը յառաջանայ. նոյնքան ալ անհամար քաղաքացիներ կը հետեւին սգերթին: Հանգուցեալը պատանի մըն է. այրի կնոջ մը միակ զաւակը:

Ահաւասիկ այն տեսարանը, որ կը պարզուի Քրիստոսի առջեւ:

Քրիստոս անմիջապէս եւ ինքնաբուխ կը միջամտէ. «Մի' լար», կ'ըսէ ցաւագին կնոջ, ու ձեռքը դագաղին վրայ դնելով՝ կը հրամայէ մեռելին. «Պատանի, քեզի կ 'ըսեմ՝ ելի'ր » (Ղուկաս 7, 1Յ-14):

Աւետարանի այս քնքոյշ էջը կը յիշեցնէ Հին Կտակարանի Գ. Թագաւորաց Գիրքին մէջ ա'յն դրուագը, ուր Եղիա մարգարէն՝ յարութիւն տալէ ետք Սարեփթա կոչուած գիւղի ապրող այրի կնոջ մէկ հատիկ զաւակին, զայն իր մօրը յանձնած էր ( Գ. Թագաւորաց 17, 17-24):

Յուղարկաւորները, անտարակոյս մտաբերեցին սուրբգրային վերոնշեալ դրուագը եւ փառաւորեցին Տէրը. «Մեծ մարգարէ մը յայտնուեր է մեր մէջ, Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է» (Ղուկաս 7, 16):

Յիսուս, անշուշտ, որեւէ մարգարէէ մը աւելի մեծ է:

Ա'ն է ղեկավարը կեանքին ու մահուան: Մովսիսական Օրէնքին համաձայն, մեռած մարմինի մը դպչելով իսրայէլացին մէկ շաբաթ անմաքուր կը դառնար (Գիրք Թուոց 19, 11-19): 

Սակայն, Յիսուս դպչելով այդ պատանիին անշնչացած մարմինին՝ վերիվայրեց Հին Օրէնքը: Փոխանակ պղծուելու մահուան հետ շփուելով՝ կեանք պարգեւեց մեռելին:

Ի նմանութիւն Իր գործած միւս ֆիզիքական բժշկութիւններուն, Յիսուսի զօրութիւնը յարութիւն տալու մեռելներուն՝ նշան է, թէ Աստուած իր ժողովուրդը փրկելու եկեր է Օծեալ Փրկիչին միջոցով (հ.մ.մ.տ. Ղուկաս 7, 22):

Յիսուս Քրիստոսի գործած բժշկութիւնները տեսանելի նշաններ են մարդոց ազատագրումին՝ մեղքին պատճառած հոգեւոր մահէն (Մարկոս 2, 8-10):

Եկեղեցւոյ Ս. Հայրերը շատ անգամ անդրադարձած են իրենց երկերուն մէջ այս հարցի մասին:

Ս. Ամբրոզիոս կը գրէ. « Այրի կինը Մայր Եկեղեցին է, որ կ'ողբայ անոնց համար, որ մեղքով մեռած են եւ իրմէ անջատուած՝ իրենց գործած կամաւոր մեղքով: Սակայն, զԱստուած պիտի փառաւորէ, երբ այս մեղաւորները դարձեալ յառնեն իրենց մեղաւոր վիճակէն եւ ետ իրեն բերուին»:

Երբ մեղքի պատճառով մեռած ենք, յանուն Քրիստոսի՝ քահանային երկնցուցած ձեռքն ու արտասանած խօսքերն են, որ մեզ կը յարուցանեն մեր հոգեւոր մահէն ու մեզ ետ կը յանձնեն մեր Մօր, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ ծոցը:

Այն ատեն, կեանքի բերուած ամէն մէկը սաղմոսերգուին հետ պիտի կարենայ ըսել.

«Կը փառաւորեմ քեզ, Տէ'ր,...

Դուն զիս բժշկեցիր:

Զիս մահէն ետ կեանքի բերիր՝

Երբ մահուան փոսը կ'իջնէի...

Տէ'ր, իմ Աստուածս,

Յաւէտ գոհութիւն քեզի» (Սաղմոս 30, 2-4 եւ 11-13):

«Մի' լար», «Ելի'ր»... Հրամայական երկու խօսքեր, որ քսան դար ետք չեն կորսնցուցած իրենց գերազանց իմաստը, ու կը ներընդգրկեն անառաւօտ ու աներեկոյ Խորհուրդը Անոր՝ «Որուն ողորմութիւնը անչափ է եւ գթութիւնը անբաւ», ինչպէս Ս. Զոհի խորհրդակատարութեան ատեն Պատարագիչը կ՝աղօթէ:

Ու եթէ հարց տանք Յոբի նման. «Տէ'ր, մարդը ո՞վ է, որ անոր հոգ կը տանիս» (Յոբ 7, 17). անկասկած պատասխանէ մեզի, ինչպէս վաղնջական օր մը անցեալին՝ Եսայի մարգարէին, որովհետեւ՝

«Թանկագին ես ինծի համար,

Ու կը սիրեմ քեզ» (Եսայի 43, 4): Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

01/07/2026, 10:05