Որոնել

2026.02.10 L'Abbate Mkhitar

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (68)

Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

68.- ՄԵԹՈՆ ՄՆԱՑԱԾ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐԸ ԿԸ ԳԵՐԵՎԱՐՈՒԻՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հ. Յա­կոբ Բու­զայեան Մե­թո­նի առու­մին ներ­կայ էր եւ այդ դէպ­քե­րուն մա­սին աւելի ուշ, Վե­նե­տիկ հաս­նե­լէն ետք գրած է իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Այս գրու­թե­նէն քա­ղե­լով Հ. Մատ­թէոս Եւ­դո­կիացի կը պատ­մէ թէ ի՛նչ­պէս մեր եր­կու վար­դա­պետ­ներն ու եր­կու եղ­բայր­նե­րը կան­խե­լու հա­մար ան­հա­ւատ­նե­րու սր­բապղ­ծու­թիւն­նե­րը՝ պա­տե­րազ­մի առա­ջին օրէն պա­հուած Սր­բու­թիւ­նը կը սպա­ռեն եւ եկե­ղեց­ւոյ փայ­տեայ մեծ խա­չը, տա­պա­նա­կը, աշ­տա­նակ­նե­րը եւ այլ սպասք­նե­րը կ՚այ­րեն, իսկ ար­ծա­թեայ սր­բա­տուփն ու սկիհ­նե­րը կը պա­հեն եւ իրենք, Հ. Ղա­զա­րը, Հ. Յա­կո­բը, եղ­բայր Մկր­տիչն ու եղ­բայր Մար­կո­սը առաս­տա­ղի տակ ան­շշուկ կը պա­հու­ըտին։

­Թուր­քե­րը ամէն ծակ ու ծուկ կը մտ­նեն սպան­նե­լու, բռ­նա­բա­րե­լու եւ գե­րե­վա­րե­լու նպա­տա­կով։ Խումբ մը կը ներ­խու­ժէ նաեւ Մխի­թա­րի վան­քը. Կը խուզարկեն եկե­ղե­ցին, սե­ղա­նա­տունն ու բնա­կա­րան­նե­րու բա­ժի­նը, մին­չեւ որ անոնց­մէ մէ­կը կը գտնէ թաքս­տո­ցը՝ ուր պահուըտած էին, եւ տես­նե­լով որ չորս հո­գի են՝ կ՚եր­թայ ու­րիշ զի­նուոր մըն ալ կը կան­չէ որ կա­պեն եւ որ­պէս գե­րի վա­ճա­ռեն։ Նախ իրենց­մէ դրամ կը պա­հան­ջեն եւ Հ. Ղա­զար կը յանձ­նէ ինչ որ ու­նէր։ Զի­նուո­րը քսա­կը կը պա­հէ իր փաթ­թո­ցին մէջ եւ զի­րենք կապկ­պած դուրս կը հա­նեն. բայց ահա վրայ կը հաս­նին իր­մէ աւե­լի հուժ­կու զի­նուոր­ներ եւ ձեռ­քէն երե­քը կը յափշ­տա­կեն, իրեն մէկ հո­գի միայն ձգե­լով։ Այս­պէս մեր միաբան­նե­րը իրար­մէ կը բաժ­նուին. Հ. Ղա­զարն ու Հ. Յա­կո­բը բա­նակ կը տա­նին եւ 330 դա­հե­կա­նի կը վա­ճա­ռեն հայե­րու, որ կաս­կած չարթնց­նե­լու հա­մար, իբր իրենց սպա­սա­ւոր­նե­րը՝ ան­մի­ջա­պէս ծա­ռայի հա­գուստ կը հագց­նեն եւ նա­ւով կը փո­խադ­րեն Կոս­տանդ­նու­պո­լիս, ուր 450 դա­հե­կա­նով կը վե­րա­վա­ճա­ռեն Մխի­թա­րի բա­րե­կամ­նե­րուն եւ ազա­տու­թեան վկա­յա­կան կու տան։­

Եղ­բայր Մկր­տի­չը նա­ւով Ադ­րիանու­պո­լիս կը գե­րե­վա­րուի եւ հոն հայեր փր­կա­գի­նը վճա­րե­լով կ՚ա­զա­տեն զինք։ Իսկ եղ­բայր Մար­կոսը շատ աւե­լի ուշ ար­քու­նի նա­ւուն վրայ կը դրուի եւ Կոս­տանդ­նու­պո­լիս կը ղր­կուի, ուր մեր միաբան­նե­րէն Հ. Գէոր­գը փր­կա­գի­նը վճա­րե­լու հա­մար դրամ փոխ կ՚առ­նէ ու կ՚ա­զա­տէ զինքը գե­րու­թե­նէն եւ կ՚ու­ղար­կէ Վե­նե­տիկ։ Սա­կայն ինքը կը ստի­պուի Կոս­տանդ­նու­պո­լիս մնալ, գրե­թէ որ­պէս «պա­տանդ» մին­չեւ որ յաջողի փոխ առած գու­մա­րը վե­րա­դարձ­նե­լ։­

Այս բո­լո­րը լու­րե­րը կցկ­տուր կը հաս­նէին Վե­նե­տիկ։ Նախ Մե­թո­նի գրաւ­ման լու­րին հետ բեր­նէ բե­րան կը տա­րա­ծուի թէ զի­նուոր­նե­րը Մխի­թա­րի ձե­ռա­կերտ վան­քը ներխուժելով՝ տեղ­ւոյն վրայ, եկե­ղեց­ւոյ մէջ գլ­խա­տած էին մեր եր­կու վար­դա­պետ­նե­րը, իսկ եղ­բայր­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն չկար։ Կր­նանք երե­ւա­կայել Մխի­թա­րի եւ եղ­բայ­րա­կից­նե­րու կս­կի­ծը այս­պի­սի դառն վախ­ճա­նի լու­րը առ­նե­լով, սա­կայն, կարելի է վս­տահաբար ըսել, որ նա­հա­տա­կու­թեան եւ վկա­յա­կան մա­հով Աս­տու­ծոյ զո­հա­բե­րուե­լու փաստը՝ իրենց հո­գիին ու սր­տե­րուն տա­ռա­պան­քը ամո­քող միակ եւ լաւագոյն սպե­ղա­նին եղած ըլ­լայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

02/07/2026, 07:13