Սուրբ Օգոստինոս, Իփփոնայի եպիսկոպոս եւ Եկեղեցւոյ վարդապետ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք
28 օգոստոսին կը նշուի Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետ` Սուրբ Օգոստինոսի տօնը։ Ան եղած է փիլիսոփայ և աստուածաբան, լատինական հայրաբանութեան կարկառուն ներկայացուցիչ։
Օգոստինոս ծնած է 354 թուականի Նոյեմբեր 13-ին, Ափրիկայի Թակասթ քաղաքը։ Մօրը՝ Սուրբ Մոնիքայի կողմէ դաստիարակուած է կաթողիկէ հաւատքով, սակայն հետեւած չէ անոր օրինակին։ Իբրեւ աշխոյժ, սրամիտ եւ կենսասէր պատանի, սկսած է ճարտասանութիւն ուսանիլ եւ արձանագրած՝ փայլուն արդիւնքներ։ Սիրած է կեանքն ու անոր հաճոյքները, մշակած՝ բարեկամութիւններ, հետապնդած՝ վայելչասէր սէրեր, պաշտած՝ թատրոնը եւ փնտռած՝ զբօսանքներ ու զուարճանքներ։
Թակասթի եւ Մադաւրայի առաջին ուսումներէն ետք, հօրը բարեկամին նիւթական աջակցութեամբ, ճարտասանի իր կազմաւորումը շարունակած է Քարթաժի մէջ, ուր սիրահարուած է աղջկայ մը։ Քանի որ աղջիկը աւելի համեստ ծագում ունէր, Օգոստինոս զայն միայն իբրեւ սպասուհի կրցած է պահել։ Այս յարաբերութենէն ծնած է Ադեոդատոսը։ Օգոստինոս, հայր դառնալով ընդամէնը 19 տարեկանին, հաւատարիմ մնացած է այս կնոջ եւ ստանձնած՝ «ընտանեկան» կեանքի պատասխանատուութիւնը։ Սակայն Կիկերոնի «Հորթենսիոս» երկին ընթերցումը փոխած է անոր աշխարհահայեացքը։ Մեծ ճարտասանը կը գրէր, թէ երջանկութիւնը կայացած է չանհետացող բարիքներու մէջ՝ իմաստութիւն, ճշմարտութիւն եւ առաքինութիւն։ Օգոստինոս որոշած է նուիրուիլ անոնց փնտռտուքին։
Ճշմարտութեան փնտռտուքը
Սկսած է Աստուածաշունչէն, բայց վարժ ըլլալով վսեմաշունչ գրուածքներու, զայն գտած է կոպիտ եւ անտրամաբանական։ Այնուհետեւ հարած է մանիքէականութեան։ Վերադառնալով Թակասթ՝ բացած է քերականութեան եւ ճարտասանութեան դպրոց մը, սակայն ապրած կեանքը զինք չէ գոհացուցած, ուստի տեղափոխուած է Քարթաժ՝ աւելի լաւ ապագայի յոյսով։ Սակայն շարունակած է մնալ անբաւարարուած։ Թէեւ մօտեցած է մանիքէականութեան, ճշմարտութեան նկատմամբ իր ծարաւը չէ հանդարտած։ Խոստումնալից երիտասարդ ճարտասանը նոր հորիզոններ փնտռած է եւ 382-ին տեղափոխուած է Հռոմ՝ իր ընկերուհիին եւ որդիին հետ, ծածուկ իր մօրմէն, որ այդ միջոցին հասած էր Քարթաժ։ Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաքին մէջ Օգոստինոս կապ պահպանած է մանիքէացիներու հետ, որոնցմէ աջակցութիւն ստացած է։ Անոր ասպարէզը վերելք արձանագրած է. 384-ին ստացած է Միլանի Ճարտասանութեան ամպիոնը, այսուհանդերձ ներքին տագնապը շարունակած է տանջել զինք։
Դարձը. «Ա՛ռ եւ կարդա՛»
Փառասիրութիւնը յագեցած էր, բայց՝ ո՛չ սիրտը։ Իր ճարտասանական արուեստը մշակելու համար լսած է Ամպրոզիոս եպիսկոպոսի քարոզները։ Կամեցած է իւրացնել անոր բանավիճային հմտութիւնները, սակայն եկեղեցականին խօսքերը խորապէս ազդած են իր վրայ։ Այդ ընթացքին Միլան տեղափոխուած է մայրը՝ Մոնիքան, որ քովը մնացած է յատկապէս իր աղօթքներով։ Օգոստինոս աւելի ու աւելի մօտեցած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ դարձած՝ երախայ (նորընծայ). այժմ իրեն քրիստոնեայ կին մը պէտք էր, քան՝ սպասուհի։ Տարիներով իրեն հետ ապրած կինը վերադարձած է Ափրիկէ։ Տակաւին տագնապահար՝ Օգոստինոս կլանուած է փիլիսոփայական երկերով եւ սուզուած՝ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Հրապուրուած է յոյն մտածողներու փորձառութենէն, գրաւուած՝ քրիստոնեայ ճգնաւորներու ապրելակերպէն, բայց չէ կրցած որոշում կայացնել։
386 թուականի Օգոստոսեան օր մը, մոլորած ու շփոթած, դառնագին ու յուսահատ լացի մէջ, կարծես ձայն մը լսած է. «Ա՛ռ եւ կարդա՛»։ Ասիկա ընդունած է իբրեւ հրաւէր՝ դիմելու սեղանին վրայ դրուած Սուրբ Պօղոսի նամակներուն եւ պատահականօրէն բանալու զանոնք. «Պարկեշտութեամբ ընթանանք, ինչպէս ցորեկով. ո՛չ անառակութիւններով եւ արբեցութեամբ, ո՛չ անկողնային հաճոյքներով եւ պղծութիւններով, ո՛չ կռիւով եւ նախանձով։ Այլ հագէ՛ք Տէր Յիսուս Քրիստոսը եւ մարմնոյն հոգ մի՛ տանիք՝ անոր ցանկութիւնները գոհացնելու համար» (Հռոմ. 13, 13-14)։ Այս կարճ համարներուն ընթերցումը զինք լուսաւորած է։ Որոշած է փոխել կեանքը եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ։ Մկրտուած է Ամպրոզիոսի կողմէ 387-ի Ապրիլ 24-էն 25-ի գիշերը եւ, ցանկանալով վերադառնալ Ափրիկէ, մեկնած է Հռոմ՝ Օսթիայէն նաւարկելու համար։ Հոն մահացած է մայրը՝ Մոնիքան։
Առաջին օգոստինեան համայնքը եւ եպիսկոպոսական պաշտօնը
Վերադառնալով Թակասթ՝ Օգոստինոս հիմնած է իր առաջին համայնքը։ 390-ի վերջաւորութեան եւ 391-ի սկիզբը պատահաբար գտնուած է Իփփոնայի տաճարը, ուր Վալերիոս եպիսկոպոսը իր հաւատացեալներուն հետ կը խօսէր թեմին համար քահանայի մը անհրաժեշտութեան մասին։ Օգոստինոս, որ շատերուն ծանօթ էր իր օրինակելի ապրելակերպով, առաջնորդուած է եկեղեցականին առջեւ, որ զինք քահանայ ձեռնադրած է։ Համոզուած ըլլալով, որ պէտք է ապրի Աստուծոյ նուիրուած՝ Սուրբ Գիրքը ուսանելով ու մտածելով, անդրադարձած է, որ ուրիշ կոչումի մը կանչուած է։ Դարձած է Իփփոնայի եպիսկոպոս՝ յաջորդելով Վալերիոսին, եւ աւելի քան 40 տարի վարած է եպիսկոպոսական պաշտօնը։ Գրած է բազմաթիւ երկեր, ուր պայքարած է ժամանակի հերձուածներուն դէմ եւ կրցած է հաշտեցնել հաւատքն ու բանականութիւնը. անհամար են անոր քարոզներն ու բազմաթիւ նամակները։ Անոր ամենանշանաւոր երկերէն են՝ «Ազատ կամքի մասին», «Երրորդութիւն» եւ «Աստուծոյ քաղաքը»։ Քննադատական ոգիով վերանայած է իր բոլոր ուսումնասիրութիւնները եւ քարոզները «Վերանայումներ» (Retractationes) գործին մէջ։ Առանձնայատուկ յիշատակութեան արժանի է «Խոստովանութիւններ» երկը, ուր Օգոստինոս, արդէն իսկ եպիսկոպոս, կը պատմէ իր մասին՝ վարպետօրէն ի յայտ բերելով իր ներաշխարհը եւ իր սրտին պատմութիւնը։ Մահացած է 430 թուականի Օգոստոս 28-ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.