Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաքի առաքելական այցելութեան երրորդ օրը՝ դէպի Մոսուլ քաղաք։

Ճամբորդութեան երրորդ օրը՝ կիրակի 7 մարտը բաւականին խիտ օրակարգով յայտագիր է, որ կը նախատեսէ Էրպիլ, Մոսուլ, ու Քարաքոշ քաղաքներուն այցելութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը արդեն երկու օրէ ի վեր կը գտնուի Իրաքի մէջ ուր մեկնեցաւ Աբրահամի հետքերուն վրայ, իր հետ տանելով եղբայրութեան պատգամ մը, որուն առանցքը կազմեց Աբրահամ Նահապետի ծննդավայր՝ Ուր քաղաքի մէջ կատարուած միջկրօնական հանդիպումը ու հանդիպումի աւարտին արտասանուած «Աբրահամի Զաւակներուն» աղօթքը։

Մոսուլը պատերազմի զոհերուն աղօթքի վայր

Նորին Սրբութեան 33-րդ առաքելական ճամբորդութեան այս 3-րդ օրուան յայտագիրը եւս ունի իր խորհրդանշական պահերը, մանաւանդ Մոսուլ քաղաքին մէջ,  ուր Սրբազան Քահանայապետը ուզեց անպայման  երթալ։ Մոսուլը արդարեւ ու յատկապէս Մոսուլ ի «Hosh al-Bieaa»  հրապարակ՝  որ ճանչցուած էր որպէս 4 եկեղեցիներու հրապարակը, ուր կը գտնուէին իսլամ պետութեան ահաբեկիչներու ձեռքով կործանուած ասորի կաթողիկէ, հայ առաքելական, ասորի օրթոտոքս եւ քաղդէացիներու եկեղեցիները,   կը հանդիսանայ պատերազմի բոլոր զոհերուն համար յատուկ աղօթքի վայր։

Նորին Սրբութեան Իրաքի ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ դարձեալ առաւօտ կանուխէն։ Ֆրանչիսկոս Պապը տեղական ժամով 6.20 անց  (Հռոմի ժամանակով 4.20 անց) փոխադրուեցաւ Պաղտատի օդակայան որտեղէն մեկնեցաւ Իրաքի հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող ինքնավար մարզ՝ Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաք Էրպիլ։

Էրպիլ քաղաքը։

Էրպիլը նկատուած է աշխարհի ամենահին քաղաքներէն մին, հիմնուած է Քրիստոսէ առաջ ԻԳ դարուն, ուր դարերու հոլովոյթին բազմաթիւ ազգեր բնակութիւն հաստատեցին այնտեղ։ Էրպիլը ներառուած է ՅՈԻՆԵՍՔՈՅԻ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ։ Վերջին տարիներուն Էրպիլը դարձաւ գաղթավայր, ուր բացի Սուրիացի բազմաթիւ գաղթականներէն այնտեղ ապաստան գտան նաեւ 540 հազար իրաքցի տեղահաններ, որոնց մեծամասնութիւնը Քարաքոշ եւ Մոսուլ քաղաքներէն ժամանած են, փախուստ տալով այդպէս կոչուած իսլամական պետութենէն։

Էրպիլի օդակայան ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Իրաքեան Քիւրտիստանի ինքնավար մարզի նախագահի ու քաղաքական եւ եկեղեցպան իշխանութիւններու կողմէ։

Օդակայանի պատուոյ դահլիճին մէջ Սրբազան Պապը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ Ինքնավար շրջանի  նախագահին ու վարչապետին հետ ապա ընկերակցութեամբ շատ փոքր թիւով պատուիրակութեան մը ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Մոսուլ ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքի Կառավարիչի ու Մոսուլի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Նաժիպ Մուսսա Միքայէլի կողմէ։

Մոսուլը

Մոսուլ Քաղաքը նկատուած է Նինուէի Մարզի տնտեսական մայրաքաղաքը, եւ կը գտնուի Պաղտատէն 465 քմ հեռաւորութեան վրայ։ 2500 տարուայ իր պատմութեան ընթացքին քաղաքը ներկայացուցած է Իրաքի բազմազանութեան ինքնութիւնը, շնորհիւ այնտեղ միասին ապրող զանազան ցեղերու եւ կրօններու պատկան հասարակութիւններուն։ Հիմնադրուած է Քրիստոսէ առաջ Է դարուն ու մաս կազմած է ասորական կայսրութեան։ Մոսուլը անուանուած է նաեւ Մարգարէներու քաղաք, որովհետեւ այնտեղ կը գտնուին Իսլամ հինգ մարգարէներու դամբանները։

2014 Յունիսէն մինչեւ 2017 Յուլիս ամիսը՝ Մոսուլը ինկաւ  Իսլամական Պետութեան տիրապետութեան տակ  եւ աւելի քան կէս միլիոն քաղաքացիներ որոնց շարքին 120 հազար քրիստոնեաներ փախուստ տուին քաղաքէն։ 2004-ին Մոսուլը ունէր 1.846,500 բնակիչ։ Քաղաքը թիրախ դարձաւ Իսլամական Պետութեան կողմէ իրագործուած աւերումներու, կողոպուտներու  ու կործանումներու, որոնք մեծ վնասներ հասցուցին քաղաքի պատմական, կրօնական ու մշակութային ժառանգութեան։

Աղօթք «Hosh al-Bieaa»  հրապարակին վրայ

Մոսուլ ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը անմիջապէս ուղղուեցաւ քաղաքի «Hosh al-Bieaa»  հրապարակ՝  ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք, պատերազմի զոհերուն դիտաւորութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2021, 08:18