Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին եզրափակիչ խօսքը Իրաքի մէջ՝ «Աստուած օրհնէ Իրաքը»։

Յատուկէն կ՝աղօթեմ որպէսզի կրօնական տարբեր հասարակութիւններու անդամները, բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց ու կանանց հետ միասին, համագործակցին ստեղծելու համար եղբայրութեան ու զօրակցութեան կապեր, ի սպաս բարիին եւ խաղաղութեան»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իրաք կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն  ներս, Կիրակի 7 մարտին, Նորին Սրբութիւնը  Էրպիլի  Ֆրանսօ Հարիրի մարզադաշտին մէջ մատոյց ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ 10 հազար հաւատացեալներ։

Յատուկ շնորհակալութիւն Արեւելքի Ասորիներու Պատրիարքին

Սուրբ Զոհի աւարտին  Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն ուզեց նախ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Արեւելիքի Ասորիներու եկեղեցւոյ Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Կէուարկիս Գ-ին, «որ կը բնակի այս քաղաքին մէջ ու մեզ կը պատուէ իր ներկայութեամբ»,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով թէ Անոր հետ միասին կ՛ողջագուրէ Իրաքի բոլոր քրիստոնեայ դաւանանքներու պատկան հաւատացեալները։

Նահատկները աստղերու նման կը փայլին երկինքի մէջ

Շատեր, ըսաւ Քահանայապետը, իրենց արիւնը դափեցին այստեղ այս հողին վրայ։ Բայց անոնք այժմ աստղերու նման կը փայլին երկնքի մէջ եւ մեզմէ կը խնդրեն քալել միասին, առանց վարանումի դէպի լիակատար միութիւն։ 

Շնորհակալութեան խօսք ճամբորդութիւնը կազմակերպողներուն

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ապա Արքեպիսկոպոս Պաշար Փաթթի Վարտայի, եւ գերածայր Միզար Սեմաանին ու միւս եղբայր եպիսկոպոսներուն «որոնք շատ աշխատեցան այս ճամբորդութեան համար» ըսաւ Ան շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ բոլոր անոնց որոնք պատրաստեցին ու աղօթքով ընկերացան ճամբորդութեան։

Շնորհակալութիւն Քիւրտ ժողովուրդին եւ Իրաքի իշխանութիւններուն

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա սիրելի Քիւրտ ժողովուրդը երախտագիտութիւն արտայայտելով Իրաքի կառավարութեան եւ քաղաքացիական իշխանութիւններուն ու բոլոր կամաւորներուն։ «Շնորհակալութիւն բոլորին», ըսաւ Ան մատնանշելով Իրաք կեցութեան ընթացքին իր ունկնդրած ցաւի եւ անձկութեան ձայներուն ու նաեւ յոյսի եւ մխիթարութեան ձայներուն։

Բոլոր դաւանանքներու պատկան կրօնական իշխանութիւններուն համագործակցութիւնը 

«Այս մէկը վաստակն է այն անխոնջ բարի գործերուն, որոնք կարելի եղան շնորհիւ բոլոր դաւանանքներու պատկան կրօնական իշխանութիւններուն. Շնորհիւ տեղական եկեղեցիներուն ու բարեսիրական գործունէութիւններուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին այս Երկրի բնակչութեան, վերակառուցումի եւ ընկերային վերածնունդի գործին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը յատուկէն յիշելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով Արեւելեան Եկեղեցիներու հովանաւորութեան տակ գործող  ROACO հաստատութեան ։

Իրաքը միշտ իմ հետս է

«Այժմ կը մօտենայ  Հռոմ մեկնելու ժամը։ Բայց Իրաքը միշտ իմ հետս կը մնայ, իմ սիրտիս մէջ» աւելցուց հուսկ Սրբազան Պապը ապա խնդրեց բոլորէն աշխատելու միասին, միութեան մէջ, խաղաղութեան եւ ծաղկուն ապագայի մը համար, որ ոչ մէկը թողու իր ետին ու խտրականութիւն չի գործադրէ  ոչ մէկուն նկատմամբ։

Քաղալերանք ստեղծելու համար եղբայրութեան ու խաղաղութեան ապագայ մը

Այս սիրելի երկրին համար  կ՝ապահովեմ իմ աղօթքս ։ Յատուկէն կ՝աղօթեմ որպէսզի կրօնական տարբեր հասարակութիւններու անդամները, բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց ու կանանց հետ միասին, համագործակցին ստեղծելու համար եղբայրութեան ու զօրակցութեան կապեր, ի սպաս բարիին եւ խաղաղութեան» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց կրկնելով Սալամ, Սալամ, Սալամ, խաղաղութիւն, Խաղաղութիւն, խաղաղութիւն հուսկ աւելցուց Աստուած Օրհնէ ձեզ բոլորդ Աստուած օրհնէ Իրաքը։ Ալլահ Մաաքում։ Աստուած ձեր հետ։ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2021, 16:06