Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի նպաստ Քոլոմպիային, մօտիկութիւնը Չինաստանի կաթողիկէներուն եւ քաջալերանքը զանազան հասարակութիւններուն։

Քահանայապետը հրաւիրեց ապա աղօթել նաեւ Քոնկոյի Կոմա քաղաքի բնակչութեան համար որ ստիպուած եղաւ փախչիլ Nyiragongo հրաբուխի պոռթկումին պատճառաւ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 մայիս 2021-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները,  անոնց  աղօթքներուն յանձնեց Քոլոմպիայի իրավիճակը,  որ ըսաւ Սրբազան Պապը «կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ»։

Քոլոմպիայի համար աղօթք

«Պենտեկոստէի այս տօնին առթիւ կ՛աղօթեմ, որպէսզի Քոլոմպիայի սիրեցեալ ժողովուրդը գիտնայ ընկալել Սուրբ Հոգիին պարգեւները, որպէսզի լուրջ երկխօսութեան մը միջոցաւ կարելի ըլլայ գտնել արդար լուծումներ այն բազմաթիւ հարցերուն, որոնց հետեւանքով կը տառապին մասնաւորապէս աղքատները, համաճարակին պատճառաւ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խրախուսելով բոլոր կողմերը խուսափելու ժողովուրդին համար վնասակար վարուելակերպերէ։

Քահանայապետը հրաւիրեց ապա աղօթել նաեւ Քոնկոյի Կոմա քաղաքի բնակչութեան համար, որ ստիպուած եղաւ փախչիլ Nyiragongo հրաբուխի պոռթկումին պատճառաւ։

Զինաստանի կաթողիկէները

Ան հուսկ յիշեց թէ Չինաստանի կաթողիկէները 24 մայիսին կը յիշեն Քրիստոնէից օգնութիւն Սուրբ Կոյս Մարիամի տօնը մասնաւորապէս Շէյշանի սրբավայրին մէջ։ Այս ուղղութեամբ Քահանայապետը մատնանշեց քրիստոնեայ հասարակութեան եւ ընտանիքներու սիրոյ ու հաւատքի մէջ միութեան կարեւորութեան հուսկ հրաւէր ուղղեց Չինաստանի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն ընկերակցելու աղօթքով, հայցելով, որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ զանոնք եւ օգնէ` դառնալու բարի լուրին կրողները, վկաները բարիին եւ սիրոյն ինչպէս նաեւ իրենց երկրին մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան կառուցողները։

«Laudato si’» տարւոյն եզրափակում

Սրբազան Պապը հուսկ յատուկ ողջոյններ ուղղեց Սալեզեան միաբանութեան, որ ըսաւ Ան «մեծ գործ կը տանի Եկեղեցւոյ մէջ» ապա  մատնանշեց «Laudato si’» տարւոյն եզրափակումին, հրաւիրելով միասնաբար շարունակել ընթացքը, մտիկ ընելով Երկրի եւ աղքատներու ճիչին եւ յայտարարելով եօթը տարուայ երկարութեամբ ծրագիրով «Laudato si’» հարթակին մեկնարկը, որպէս ուղեցոյց ընտանիքներուն, ժողովրդապետական հասարակութիւններուն, դպրոցներուն, համալսարաններուն, ընկերութիւններուն, շարժումներուն, կազմակերպութիւններուն ու կրօնական հաստատութիւններուն, որդեգրելու համար կեանքի կայուն ապրելակերպ մը։

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հուսկ հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ներկայութեան համար, ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2021, 12:45