Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին յետ Մարեմեան Աղօթքի կոչերը. Թիկրայը, մանուկներն ու գաղթականները։

Քահանայապետը յիշեց Թիկրայի բնակիչները, դատապարտեց մանուկներու շահագործումը ու հրաւիրեց ի միտ ունենալ Միջերկրական ծովու մէջ պատահած ողբեգութիւնները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 Յունիսի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն ուզեց նախ իր մօտիկութեան զգացումները արտայայտել Եթովպիայի Թիկրայ նահանգի բնակչութեան որ «կ՛ապրի մարդկայնական ծանր տագնապ մը եւ  աղքատները սովի կը մատնէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով ներկաները աղօթելու, «որպէսզի անմիջապէս դադրին բռնութիւնները ու բոլորին երաշխաւորուի սնունդի եւ առողջական խնամքը ու շուտով վերահաստատուի ընկերային ներդաշնակութիւնը» աւելցուց Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն սփոփելու համար մարդոց տառապանքը։ Քահանայապետը առ այդ հրաւիրեց միասին աղօթելու «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» աղօթքը։

Չէ կարելի աչքերը փակել մանուկներու շահագործումին դիմաց

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա թէ երէկ յիշատակուեցաւ Մանկական աշխատանքի շահագործումի դէմ համաշխարհային օրը ու հաստատեց, թէ «չէ կարելի աչքերը փակել մանուկներու շահագործումին դիմաց։ Մանուկներ՝ «որոնք զրկուած են խաղալու իրաւունքէն, ուսմունքի եւ երազի իրաւունքէն» ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով Աշխատանքի Միջազգային Կազմակերպութեան տուեալներուն ուր կը նշուի թէ 150 միլիոն մանուկներ  թիրախ են աշխատանքային շահագործումին, այս մէկը նկատելով ողբերգութիւն մը։

«150 միլիոն քիչ թէ շատ Սպանիայի, Ֆրանսայի եւ Իտալիայի բոլոր բնակիչները» ըսաւ Սրբազան Պապը դարձեալ դատապարտելով մանուկներու չարաշահումը ու կոչ ուղղելով նորոգելու ջանքերը որպէսզի մերօրեայ այս ստրկութիւնը դադրի։

Միջերկրականը դարձած է Եւրոպայի ամենամեծ գերեզմանը։

Սրբազան Պապը յիշեց ապա Սիկիլիոյ մէջ կայանալիք յատուկ արարողութիւնը որ կը նախատեսէ 12 ապրիլ 2015-ին նաւաբեկութեան ենթարկուած խորտակուած նաւուն ընդունելութիւնը։ Այս Միջերկրական ծովուն մէջ ողբերգութիւններու խորհրդանիշը «թող շարունակէ հարցաքննել բոլորին խիղճերը ու խթանէ աւելի զօրակից մարդկութեան մը աճումը որ կարողանայ տապալել անտարբերութեան պատը», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով, որ Միջերկրականը դարձած է Եւրոպայի ամենամեծ գերեզմանը։

Արեան նուիրումի միջազգային օրը

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ յիշեց վաղը յիշատակուող արեան նուիրումի համաշխարհային օրը շնորհակալութիւն յայտնելով կամաւորներուն ու քաջալերելով զանոնք շարունակելու իրենց գործունէութիւնը վկայելով վեհանձնութեան եւ ձրիութեան արժէքները։

Ան ապա խօսքը աւարտեց ողջունելով հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները  ու անոնց մաղթեց բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2021, 12:21