Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

COP26. Աղօթենք` որպէսզի Երկրին եւ աղքատներուն աղաղակը լսելի ըլլայ. Ֆրանչիսկոս Պապ

ՄԱԿ-ին կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած ու այդ փոփոխութիւններուն ժխտական հետեւանքները կանխարգիլելու նպատակով գումարուած COP26 վեհաժողովը պիտի տեւէ մինչեւ 12 նոյեմբեր։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 հոկտեմբեր 2021ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին ուղղած կոչերուն շարքին Քահանայապետը յիշեց, թէ «այսօր Սքովտիայի Կլազկով քաղաքին մէջ սկիզբ կ՛առնէ կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած ՄԱԿ-ին COP26. Վեհաժողովը»։

Ան ապա խնդրեց աղօթել. «որպէսզի Երկրին աղաղակը եւ աղքատներուն աղաղակը լսելի ըլլայ» եւ «որպէսզի այս հանդիպումը կարողանայ արդիւնաւէտ պատասխաններ տալ, շօշափելի յոյս ներշնչելով ապագայ սերունդներուն»։

Նորին Սրբութիւնը այս առընչութեամբ ակնարկեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ «Laudato si» լուսանկարչական ցուցահանդէսին որ գործն է Պանկլատէշցի երիտասարդ արուեստագէտի մը հրաւիրելով հաւատացեալները այցելելու ցուցահանդէսը։

Յայտնենք թէ Կլազկովի հաւաքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Վատիկանը Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի գլխաւորած պատուիրակութեամբ։ ՄԱԿ-ին կլիմայական փոփոխութիւններուն նուիրուած ու այդ փոփոխութիւններուն ժխտական հետեւանքները կանխարգիլելու նպատակով գումարուած COP26 վեհաժողովը պիտի տեւէ մինչեւ 12 նոյեմբեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2021, 13:06