Որոնել

1659262360550.JPG

Քահանայապետին շնորհակալութիւնը Քանատայի ճամբորդութեան համար ու կոչը Ուքրանիոյ պատերազմին դէմ

«Եթէ իրականութեան նայինք առարկայականօրէն, նկատի ունենալով այն վնասները, զոր պատերազմը ամէն օր կը պատճառէ այդ ժողովուրդին ու նաեւ համայն աշխարհին, միակ խելամիտ բանը կանգ առնելն ու բանակցին է»:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 Յուլիսի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսք ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած եւ աղօթքին մասնակցող հազարաւոր հաւատացեալներուն, նշեց` որ ինք երէկ վերադարձաւ Քանատա կատարած վեցօրեայ ճամբորդութենէն, որուն մասին միտք ունի խօսելու յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։

Շնորհակալութիւն անոնց` որոնք կարելի դարձուցին Քանատայի ճամբորդութիւնը

Սակայն, ըսաւ Սրբազան Պապը, այժմ կ՜ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին այս ապաշխարութեան ուխտագնացութիւնը, սկսեալ քաղաքացիական իշխանութիւններէն, բնիկ ժողովուրդներու ղեկավարներէն, ու քանատացի եպիսկոպոսներէն։ Շնորհակալ եմ ի սրտէ բոլոր անոնց` որոնք ինծի ընկերակցեցան աղօթքով։ Շնորհակալութիւն բոլորին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ուքրանիա. Կանգ առնել ու բանակցիլ

«Ճամբորդութեան ընթացքին եւս երբեք չի դադրեցայ աղօթելու ուքրանացի ժողովուրդին համար` որ թիրախ է յարձակումի ու մարտիրոս, Աստուծմէ հայցելով որ զայն ազատէ պատերազմի պատուհասէն» աւելցուց Սրբազան Պապը եւ հաստատեց. «Եթէ իրականութեան նայինք առարկայականօրէն, նկատի ունենալով այն վնասները, զոր պատերազմը ամէն օր կը պատճառէ այդ ժողովուրդին ու նաեւ համայն աշխարհին, միակ խելամիտ բանը կանգ առնելն ու բանակցին է»:

Քահանայապետը Յիսուսեաններուն. Եղէք համարձակ

Թող որ իմաստութիւնը խաղաղութեան շօշափելի քայլեր ներշնչէ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ու ողջունեց տարբեր վայրերէ հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, ապա յիշելով այսօր յիշատակուող Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր` Սուրբ Իքնատիոս Տէ Լոյոլային ծիսական տօնը, ուզեց յատուկ խօսք մը ուղղել Յիսուսեան Միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն։

«Շարունակեցէք քալել եռանդով, Տիրոջ ծառայութեան մէջ ուրախութեամբ։ Եղէք համարձակ» ըսաւ Քահանայապետը ու Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով`որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2022, 12:40