Որոնել

1659027452717.JPG

Քահանայապետը Քեպէքի մէջ անակնկալ կերպով այցելեց «Fraternité St. Alphonse» ծերանոցը։

Նորին Սրբութիւնը կեդրոնին նուիրեց «Երուսաղէմի Սուրբ Կոյս Մարիամին» Իքոնը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Հինգշաբթի 28 Յուլիսին` Քանատայի ապաշխարութեան ուխտագնացութեան ծիրէ ներս Sainte-Anne de Beauprè սրբավայրին մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին Սրբազան Պապը Քեպէքի առաջնորդարան վերադարձի պահուն անակնկալ այցելութիւն տուաւ Fraternité St. Alphonse» կեդրոն որ կը զբաղի տարեցներու հոգատարութեամբ։

Սրբազան Պապը ընկալուեցաւ կեդրոնի պարտէզին մէջ` Կեդրոնի տնօրէն Հայր Անտրէ Մորընսիի եւ կեդրոնը յաճախող 50 տարեցներէն։ Ան զրուցեց անոնց հետ ունկնդրելով իրեն պատմութիւնները հուսկ աւարտին, անոնցմէ հրաժեշտ առնելու պահուն կեդրոնին նուիրեց «Երուսաղէմի Սուրբ Կոյս Մարիամին» Իքոնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2022, 08:00