Որոնել

Դուք ստեղծուած էք ճշմարտութեան խիզախութիւնը գրկելու և արդարութեան գեղեցկութիւնը յառաջ մղելու համար. Ֆրանչիսկոսը՝ Իքալուիթի երիտասարդներուն

Երբ փայլունը և գայթակղիչը մեծ դատարկութեան զգացողութիւն կը յառաջացնեն, անիկա խաւարն է։ Երբ՝ անգամ որոշակի յարմարաւէտութիւնէն դուրս գալով, կը հասնիք սրտի հանգստութեան՝ անիկա լոյսն է: Մինչդեռ այն ուժը, որ թոյլ կու տայ մեր մէջ բաժնել լոյսը խաւարէն և մեզ կը ստիպէ «ոչ» ըսելու չարի գայթակղութիւններուն և «այո»՝ բարիի հնարաւորութիւններուն՝ անիկա ազատութիւն է։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 29 Յուլիսին Քեպէքէն հրաժեշտ առնլով փոխադրուեցաւ Nunavut տարածքի մայրաքաղաք Իքալուիթ քաղաքը ուր իր Քանատական ուղևորութեան վերջին փուլը նուիրեց երիտասարդներուն և տարեցներուն:

Ունկնդրէ լուրը

Այստեղ ենք՝ միասին բուժման և հաշտեցման ճանապարհ անցնելու կամքով

Ջերմօրէն ողջունելէ ետք ներկաները, Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց, թէ լսելով անոնց վկայութիւնները իր մէջ կրկին արթնցաւ այն վրդովմունքն ու ամօթը, որոնք արդեն ամիսներ շարունակ կ’ընկերանան իրեն և կրկին անգամ ներողութիւն խնդրեց «ոչ քիչ կաթողիկէներու կողմէ գործուած չարիքին համար, որ նպաստած են գիշերօթիկ դպրոցներու ձուլման մշակոյթի քաղաքականութիւններուն»:

Նորին Սրբութիւնը յիշեց պարտադիր ուսուցման ներմուծումին նախորդած ժամանակահատուածի վերաբերեալ տարեցի մը պատմութիւնները, երբ ընտանիքները՝ մեծէն փոքր, կ’ապրէին ներդաշնակութեան մէջ և միասին էին: Օր մը, սակայն, այդ ամէնը վերացաւ՝ բռնի ձուլումներու, երեխաներուն ծնողներէն բաժնելու և անոնց ամենէն նուիրական զգացմունքները վիրաւորելու պատճառաւ, շեշտեց Ան և աւելցուց. «Սիրելի բարեկամներ, մենք այստեղ ենք միասին բուժման և հաշտեցման ճանապարհ անցնելու կամքով, ինչը Արարիչի օժանդակութեամբ կ’օգնէ մեզի լոյս սփռելու կատարուածին վրայ և յաղթահարելու այդ մութ անցեալը»:

Սրբազան Քահանայապետը երախտագիտական զգացմունքներ արտայայտեց Nunavut-ի մէջ գտնուելու հնարաւորութեան համար և պատմեց, որ ամիսներ առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած բնիկներու հետ հանդիպումէն յետոյ մտովի պատկերացուցած է անյիշելի ժամանակներէն ի վեր անոնց կողմէ բնակեցուած այդ հսկայական տարածքները, ուր սերունդէ սերունդ փոխանցուած են այնպիսի հիմնարար արժէքներ, ինչպիսիք են տարեցներու հանդէպ յարգանքը, եղբայրութեան իսկական զգացումը և շրջակայ միջավայրի նկատմամբ հոգատարութիւնը:

Քահանայապետը ապա իր խօսքը ուղիղ դիմեց երիտասարդներուն. «Կը ցանկանայի դիմել քեզ՝ երիտասարդ Ինուիթ որպէս այս հողի ապագան և պատմութեան ներկան»:

Սրբազան Պապի երեք խորհուրդները և Inuit ժողովուրդի վեց սկզբունքները

Ֆրանչիսկոսը մէջբերեց Եոհան Վոլֆգանգ ֆոն Կէօդէի «ՖաուսԴ»էն հատուած մը. «Այն, ինչ ժառանգած էք ձեր հայրերէն, վերանուաճէ՛ք, եթէ իսկապէս կ’ուզէք տիրել զայն» և յորդորեց չի վախնալ լսելու և հետևելու տարեցներու խորհուրդներուն՝ Իր կողմանէ երեք խորհուրդներ աւելցնելով, որոնց առանցքը կազմեցին Inuit ժողովուրդի ապրելակերպի և կեանքի տեսութեան վեց սկզբունքները (Inunnguiniq Iq Principles).

Քալել դէպի վեր

Առաջին խորհուրդը. Քալել դէպի վեր։ «Թոյլ մի տաք, որ ձեզ վար քաշեն, սաւառնեցէ՛ք դէպի վեր՝ աչքի առջև ունենալով ձեր ամենէ ճշմարիտ ու գեղեցիկ ցանկութիւնները, դէպի Աստուած՝ սէրը, և դէպի մերձաւոր՝ ծառայութիւնը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը: Ան այնուհետև ընդգծեց. «Դուք ստեղծուած էք ճշմարտութեան խիզախութիւնը գրկելու և արդարութեան գեղեցկութիւնը առաջ մղելու համար, որպէսզի «բարձրացնէք ձեր բարոյական նկարագիրը, ըլլաք կարեկից, ծառայէք ուրիշներուն և կառուցէք յարաբերութիւններ» (հմմտ. Սկզբունք 3-4)»:

Հնարաւոր է, որ հանդիպիք մարդոց, որոնք կը փորձեն ջնջել ձեր երազանքները, որոնք ձեզի կը յորդորեն  բաւարարուիլ քիչ բանով: Գուցէ դուք ալ ձեզի հարց տաք, թէ ինչու՞ պէտք է ընեմ բան մը, որուն չեն հաւատար միւսները: Կամ՝ ինչպէ՞ս կրնամ սաւառնիլ գայթակղութիւններով ու պատերազմներով լի աշխարհին մը մէջ, ուր կը բացակայի արդարութիւնը և կ’ապականուի շրջակայ միջավայրը», դիտել տուաւ Պապը եւ մատնացոյց ընելով երիտասարդները ընդգծեց, որ այդ բոլոր հարցադրումներու պատասխանը ճիշտ իրենք երիտասարդներն են, քանի որ յանձնուիլ կը նշանակէ առաջին հերթին պարտուած ըլլալ ի սկզբանէ, ու հաստատեց թէ ապագան անոնց ձեռքերուն մէջ է: «Ձեզմէ կ’ակնկալուի ինքնատիպ և անկրկնելի բարիք, քանի որ «ձեզմէ իւրաքանչիւրը եզակի է» (հմմտ. Սկզբունք 5) ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը:

Աշխարհը, որուն մէջ կ’ապրիք, հարստութիւն է, զոր դուք ժառանգած էք. սիրեցէք զայն, ինչպէս Աստուած կը սիրէ ձեզ և երբեք չի դադրիր վստահիլ և հաւատալ ձեզ՝ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ դուք կը դադրիք այդ ընելէ: Յառաջ ընթացէք ուղևորութեան մէջ՝ «քայլ առ քայլ դէպի լաւագոյնը» (հմմտ. Սկզբունք 6): Ձեր գոյութեան կեանքի ուղեցոյցը ծրագրեցէք դէպի մեծ նպատակ՝ դէպի վեր:

Դիմել լոյսին

Երկրորդ խորհուրդը՝ դիմել լոյսին։ Ֆրանչիսկոս Պապը խորհուրդ տուաւ տխրութեան և յուսահատութեան պահերուն մտածել qulliq-ին, լապտերի մասին, քանի որ կանչուած ենք աշխարհին ամէն օր նոր լոյս բերելու, որուն համար, սակայն, պէտք է ամէն օր պայքարիլ խաւարին դէմ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ Լոյսի և խաւարի միջև ամենօրեայ բախում տեղի կ’ունենայ: Լոյսի ճանապարհը կը պահանջէ սրտի խիզախ ընտրութիւններ՝ ընդդէմ կեղծիքի խաւարիՆ, ան մեզմէ կը խնդրէ «զարգացնել լաւ սովորոյթներ՝ լաւ ապրելու համար» (հմմտ. Սկզբունք 1), չի հետապնդել լուսաւոր հետքեր, որոնք արագ կ’անհետանան, քանի` որ  անոնք «պատրանքներ են, երջանկութեան ծաղրանմանութիւն», յարեց Քահանայապետը:

Պապը նկատել տուաւ, որ Յիսուս ըսած է. «Ես եմ աշխարհի լոյսը» (Յովհաննէս 8:12), և իր աշակերտներուն նոյնպէս Ան ըսած է. «Դուք էք աշխարհի լոյսը» (Մատթէոս 5:14): «Սա կը նշանակէ, որ դուք նոյնպէս, աշխարհի լոյսն էք, և առ աւելի լուսաւոր կ’ըլլաք, երբ պայքարիք չարին տխուր խաւարը ձեր սրտերէն հեռացնելու», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ այդ մէկը հնարաւոր է, եթէ սորվին շարունակականութեան արուեստը. «յաղթահարել դժուարութիւնները և հակասութիւնները լուծումներու շարունակական որոնումի միջոցաւ» (հմմտ. Սկզբունք 2):

«Անիկա ամէն օր լոյսը խաւարէն բաժնելու արուեստն է» հաւաստիացուց Քահանայապետը և բացատրեց, որ երբ փայլունը և գայթակղիչը մեծ դատարկութեան զգացողութիւն կը յառաջացնեն, անիկա խաւարն է։ Երբ՝ անգամ որոշակի յարմարաւէտութիւնէն դուրս գալով, կը հասնիք սրտի հանգստութեան՝ անիկա լոյսն է: Մինչդեռ այն ուժը, որ թոյլ կու տայ մեր մէջ բաժնել լոյսը խաւարէն և մեզ կը ստիպէ «ոչ» ըսելու չարի գայթակղութիւններուն և «այո»՝ բարիի հնարաւորութիւններուն՝ անիկա ազատութիւն է։ Ազատութիւն, որ չի նշանակեր ընել այն ինչ կ’ուզէք կամ ընել բան մը` ի հեճուկս ուրիշներուն, այլ կը նշանակէ գործել ուրիշներուն համար: Ազատութիւնը ամբողջական կամք չէ, այլ պատասխանատուութիւն: Ազատութիւնը ամենամեծ պարգևն է, որ մեր Երկնային Հայրը տուած է մեր կեանքի հետ մէկտեղ», եզրակացուց Սրբազան Հայրը:

Խումբ կազմել

Երրորդ խորհուրդը. Խումբ կազմել: Պապի երրորդ խորհուրդը շեշտը դրաւ միասին խումբ կազմելու կարևորութեան վրայ: Երիտասարդները ոչ թէ միայնակ, այլ միասին մեծ գործեր կ՜ընեն, ըսաւ Ան համեմատելով անոնց՝ աստղերու համաստեղութիւններու հետ, որոնք միասին փայլելով է որ ունակ լոյս և կողմնորոշում կը հաղորդեն աշխարհի գիշերներուն:

«Երիտասարդները պէտք է խումբ կազմեն, մնան շարժումի մէջ, ոչ թէ մեկուսանան և հեռախօսի պատանդը դառնան», վերահաստատեց Ֆրանչիսկոսը և յիշեց Քանատայի ազգային յաջողակ մարզանք սառի վրայ «hockey»ը, որ լաւագոյնս կը մէկտեղէ կարգապահութիւնն ու ստեղծագործութիւնը, մարտավարութիւնն ու ֆիզիկականութիւնը, որ միաժամանակ անփոխարինելի նախապայման մը ունի` որ է խումբ ըլլալու կարողութիւն, «քանի` որ մեծ նպատակներու հասնելու համար անհրաժեշտ է շարժիլ միասին, համբերութիւն ունենալ, ոգևորել մէկը միւսը», պնդեց Սրբազան Քահանայապետը:

Ան ապա յորդորեց. «քալեցէ՛ք դէպի վեր, եկէ՛ք դէպի լոյս ամէն օր, խումբ կազմեցէ՛ք՝ ձեր սեփական մշակոյթով, գեղեցիկ Inuktut լեզուով: Կը մաղթեմ որ, անսալով մեծերուն և հենուելով ձեր աւանդոյթներու հարստութեան և ձեր ազատութեան վրայ, գրկաբաց ընդունիք ձեր նախնիներուն կողմէ պահպանուած և ժառանգաբար փոխանցուած Աւետարանը և հանդիպիք Յիսուս Քրիստոսի Ինուկ դէմքին: Կ’օրհնեմ ձեզ ի սրտէ և կը յայտնեմ qujannamiik! [շնորհակալութիւն!]»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2022, 01:30