Որոնել

1658777274047.jpg

Քեպէքի մէջ Սուրբ Պատարագ եւ Հանդիպում Քանատայի կղերական դասին հետ

«Notre-Dame de Québec» պազիլիքան կառուցուած է 1647 թուականին ճիշտ այն վայրի մէջ, ուր 1633ին Champlain-ը կառուցած էր մատուռ մը։ Նշենք` որ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը 1984-ին կատարած իր հովուական այցելութիւնը սկսաւ ճիշդ այս պազիլիքայէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Քանատայի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան հանդիսացող Քեպէք քաղաքի մէջ երկրորդ օրուան յայտագիրը սկիզբ կ՜առնէ առաւօտեան տեղական ժամով 8,40ին (Հռոմի ժամով 14,40), երբ Նորին Սրբութիւնը Քեպէքի առաջնորդարանէն կը մեկնի ուղղուելով «Sainte-Anne-de-Beaupré» պազիլիքա, ուր նախատեսուած է «հաշտութեան նուիրուած սուրբ պատարագը»։

Sainte-Anne-de-Beaupré – ի Պազիլիքան կը գտնուի Քեպէքէն 30 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի ամենահին ուխտագնացութեան վայերէն մին է։ Եկեղեցին, որ հռչակուած է ազգային ուխտավայր` ամէն տարի կը հիւրընկալէ մէկ միլիոնէ աւելի այցելուներ։

Սրբուհի Աննայի Հրաշքը 

Աւանդութեան համաձայն 18րդ դարուն կառուցուած առաջին եկեղեցւոյ շինարարներէն մին, որ հիւանդ էր «սքոլիոզ»ի հիւանդութեամբ, կառուցման աշխատանքներու աւարտին կը կարողանայ քալել։ Դէպքին լուրը արագօրէն կը տարածուի եւ ըլլայ վերաբնակիչներուն համար ու նաեւ բնիկ ապաշխարածներուն համար պազիլիքան կը դառնայ ուխտատեղի եւ հրաշագործ բժշկութիւններու վայր։

Սրբավայրին մէջ պահպանուած են Սրբուհի Աննայի երեք մասունքներ, որոնցմէ մին նուէրն է Լեւոն ԺԳ Պապին (1892)` նոյն Քահանայապետը, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տրամադրութեան տակ դրաւ իր անունը կրող Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանը։

Sainte-Anne-de-Beaupré ազգային ուխտավայր հասնելուն պէս Սրբազան Պապը կը բարձրանայ Քահանայապետկան սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժին վրայ շրջանը կատարելով Սրբավայրի տարածքին ողջունելու համար այնտեղ այս առիթով համախմբուած հաւատացեալները։

Սուրբ Պատարագ

Ան ապա կը գլխաւորէ սուրբ պատարագը, որուն առթիւ ներկաներուն կը փոխանցէ յաւուր պատշաճի քարոզը։

Սուրբ Զոհի աւարտին Քահանայապետը վերադարձ կը կատարէ Քեպէքի Առաջնորդարան, որ այս օրերուն կը հանդիսանայ իր նստավայրը, իսկ կէսօրէն ետք տեղական ժամով 5-ին (Հռոմի ժամով 23-ին) Նորին Սրբութիւնը կ՜ուղղուի Քեպէքի «Նոթր Տամ» տաճար, ուր նախատեսուած է Անոր ժամասացութեան աղօթքը` Քանատայի եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, կրօնաւորներու, նորընծաներու եւ հովուական խնամակալութեամբ զբաղող անձերու մասնակցութեամբ։

«Notre-Dame de Québec» պազիլիքան

«Notre-Dame de Québec» պազիլիքան կառուցուած է 1647 թուականին ճիշտ այն վայրին մէջ, ուր 1633ին Champlain-ը կառուցած էր մատուռ մը։ Նշենք` որ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը 1984-ին կատարած իր հովուական այցելութիւնը սկսաւ ճիշդ այս պազիլիքայէն։

«Notre-Dame de Québec» պազիլիքայ ժամանելուն Սրբազան Պապը կը դիմաւորուի Քեպէքի Արքեպիսկոպոս եւ Քանատայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Ռայմոնտ Փուասոնի կողմէ ու անոնք միասնաբար կը մտնեն եկեղեցի, ուղղուելով դէպի կեդրոնական խորան։

Ժամասացութեան արարողութիւնը

Ժամասացութեան արարողութիւնը սկիզբ կ՜առնէ Կարդինալ Փուասսոնի Քահանայապետին ուղղած բարի գալուստի խօսքէն ետքը, ապա սուրբ գրային ընթերցումներու աւարտին Սրբազան Պապը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը։

Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը կ՜այցելէ Քեպէքի առաջին առաջնորդ եպիսկոպոս` Սուրբ Ֆրանչեսքօ Լավալին դամբանը ուր կ՜ամփոփուի աղօթքի մէջ։

Նորին Սրբութեան Քեպէքի մէջ նախատեսուած հանդիպումներու յայտագիրը վերջ կը գտնէ վերոնշեալ ժամասացութեան արարողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2022, 10:39