Որոնել

Տիրոջ հետ հանդիպումով՝ մենք կը հաշտուինք մենք մեր հետ, մեր եղբայրներուն և Աստուծոյ հետ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Մեզ և մեր ձախողումի փոխարէն՝ պէտք է որ Տէր Յիսուս Քրիստոսն ու Անոր խօսքը եւ Հաղորդութեան հացը մեր հարցադրումներու և մեր հովուական կեանքի կեդրոնը դարձնենք: Այսօր ևս, Յիսուս հացը կը բեկանէ մեզի հետ՝ իր կեանքը մեր կեանքին հետ կիսելու, մեր թուլութիւնները ընդունելու, մեր յոգնած քայլերուն նեցուկ կանգնելու, մեր սիրտերը բուժելու համար:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Քանատայի Ապաշխարութեան ուխտագնացութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 28 Յուլիսին, Հաշտութեան Սուրբ Պատարագ մատուցեց «Sainte Anne de Beaupré» ազգային տաճարին մէջ: Ան իր քարոզը կեդրոնացուց Էմմաւուսի աշակերտներու ուղեւորութեան վրայ, որ քաղուած էր Ղուկասի Աւետարանէն:

Ֆրանչիսկոսը Սուրբ Ղուկասի Աւետարանի աւարտին նկարագրուած այդ ուղեւորութիւնը՝ համադրելով կեանքի և հաւատքի ճանապարհի հետ, նշեց, որ մեր սիրտին մէջ ունեցած երազանքները, ծրագիրները ու յոյսերը, յաճախ կը բախուին նաև մեր փխրունութեանն ու թուլութեանը և մեզ կը մղեն ձախողումներու, ծանր ապրումներու և հիասթափութիւններու: «Բայց, վստահեցուց Պապը, Տէրը մինակ չի թողուր, Ան կը քալէ բոլոր յուսահատ մարդոց հետ միասին, կը ցանկանայ նորէն բանալ անոնց աչքերը, լուսաւորել անոնց սիրտերը, յոյս կը ներշնչէ և՝ երբ ձախողութիւնը տեղ կը բանայ Տիրոջ հետ հանդիպումին, մենք կը հաշտուինք մենք մեր հետ, մեր եղբայրներուն և Աստուծոյ հետ»:

Քեպէքի մէջ Սուրբ Պատարագ
Քեպէքի մէջ Սուրբ Պատարագ

Ձախողումէն մինչև յոյս

Ֆրանչիսկոս առաջարկեց մտովի անցնիլ այդ ուղիով և այն անուանեց ձախողումէն մինչև յոյս:

Ան նշեց, որ Յիսուսի մահէն ետքը այդ երկու աշակերտները՝ ձախողումի և յուսալքումի զգացողութեամբ, կը քալէին դէպի տուն: Անոնք Քրիստոսի խաչելութենէն ետք կը վերադառնային նախկին կեանքին՝ այլևս հիասթափուած ու դառնացած, որ իրենց փայփայած բոլոր երազները ու յոյսերը օդ ցնդած են:

Սրբազան Քահանայապետը շարունակեց, թէ այս փորձառութիւնը վերաբերած է նաև մեր կեանքին և հոգևոր ճամբորդութեան, երբ տարբեր առիթներով, ստիպուած եղած ենք չափաւորել մեր ակնկալիքները և առնչուիլ իրականութեան երկիմաստ իրավիճակներուն, մեր թուլութիւններուն՝ բախուելով պարտութեան զգացումին:

Պապը նշեց, որ նոյնը տեղի ունեցած է նաև Ադամի և Եւայի հետ, որոնց գործած մեղքը ոչ միայն հեռացուց զանոնք Աստուծմէ, այլեւ՝ մէկը միւսէն: Էմմաւուսի աշակերտները նոյնպէս Յիսուսի ծրագիրի փլուզումը տեսնելով միայն սին վիճաբանութիւններ կ’ունենային: Նոյնը կրնայ պատահիլ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ. թէև Յարութիւն առնողի համայնք է՝ ան նոյնպէս կրնայ մոլորուիլ: «Նման պարագային միակ ճանապարհը, ձախողութիւնը սեղմած ձեռքերուն մէջ, պէտք է մենք մեզի հարցեր ուղղենք. Ի՞նչ, ի՞նչու և ինչպէ՞ս անիկա տեղի ունեցաւ,» ըսաւ Քահանայապետը:

Քեպէքի մէջ Սուրբ Պատարագ
Քեպէքի մէջ Սուրբ Պատարագ

Զերծ մնալ փախուստ տալու գայթակղութենէն

«Այդ այրող հարցերը կ’արձագանքեն Քանատայի այս ուխտատեղի Եկեղեցւոյ սիրտին մէջ՝ բուժումի և հաշտեցումի բարդ ճամբորդութեան ընթացքին, նաև մեր մէջ, որ բախուելով չարի գայթակղութեան և բնիկ եղբայրներու մարմինով վիրաւոր Քրիստոսի մարմինին, դառնութիւն կ’ապրինք և կը զգանք անյաջողութեան ծանրութիւնը», շեշտեց Ֆրանչիսկոսը և, այս համատեքստին մէջ, զգուշացուց Աւետարանի երկու աշակերտներու նման զերծ մնալ փախուստ տալու գայթակղութենէն. «Կեանքի անյաջողութիւններուն հանդիպելէն աւելի վատ բան չկայ, քան փախչիլը», ըսաւ Պապը շեշտելով, որ ասիկա թշնամիին գայթակղութիւնն է, որ կ’ուզէ մեզի հաւատացնել, որ ձախողումը վերջնական է և իմաստ չկայ նորէն սկսելու:

Տէրն ընդառաջ կու գայ մեզ հիասթափութեան, ցաւի և յուսալքութեան իրավիճակներու ատեն

Պապը ընդգծեց, որ Աւետարանը մեզի կը բացայայտէ, որ հիասթափութեան, ցաւի և յուսալքութեան իրավիճակներու ժամանակ է, որ Տէրը ընդառաջ կու գայ մեզի և կը քալէ մեզի հետ: Ան նաև աւելցուց, որ Էմմաւուսի ճանապարհին Յիսուս աշակերտներուն չառաջարկեր քաջալերական խօսքեր, կամ դիւրին մխիթարութիւններ, այլ, բացայայտելով Իր մահուան և յարութեան առեղծուածը, կը լուսաւորէ անոնց պատմութիւնը, կը բանայ անոնց աչքերը:

Սրբազան Քահանայապետը օրինակ բերաւ «Sainte Anne de Beaupré» Տաճարը, ուր այդ պահուն ներկայ կը գտնուին, ըսելով, որ ան աւերուած և վերակառուցուած է տարբեր անգամներ և երրորդ անգամ հիմնայատակ վերակառուցուած այդ Տաճարը կը վկայէ, որ դժուարութիւններուն, անցեալի սխալներուն, պատերազմի աւերածութիւններուն չյանձնուելու, այլ՝ ընդհակառակը, կրկին գործելուն պատրաստ և ստեղծագործ ոգիի մասին:

Քեպէքի մէջ Սուրբ Պատարագ
Քեպէքի մէջ Սուրբ Պատարագ

Հաղորդութիւնը նշան Յիսուսի՝ մեր հանդէպ սիրոյ և նուիրուածութեան

Ի վերջոյ, Էմմաւուսի աշակերտներուն առջև Յիսուս կը բեկանէ հացը՝ կրկին բանալով անոնց աչքերը և վերահաստատելով Իր՝ սիրոյ Աստուած ըլլալը, որ «կեանքը կ’առաջարկէ իր ընկերներուն համար», յարեց Սրբազան Պապը, ապա նկատել տուաւ, որ ան կ’օգնէ ուրախութեամբ վերսկսիլ ձախողումէն դէպի յոյս այդ ճանապարհը:

Տէրը, շարունակեց Ֆրանչիսկոս, այդ նոյնը կը ցանկանայ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար և իր Եկեղեցւոյ համար, երբ մենք մեզի հարցադրումներու միջոցաւ կը ջանանք ճամբայ որոնել Աւետարանի լոյսը մեր մէջ վառ պահելու, աւելի արդար և եղբայրական հասարակութիւն ունենալու, մեր հիասթափութիւններէ և յոգնածութիւնէ ազատուելու, անցեալի վէրքերը բուժելու և մեր յոյսը չի կորսցնելու համար, Աստուծոյ և իարու հետ հաշտուելու համար:

«Մեզ և մեր ձախողումի փոխարէն՝ պէտք է Տէր Յիսուս Քրիստոսին, Անոր խօսքը, Հաղորդութեան հացը մեր հարցադրումներու և մեր հովուական կեանքի կեդրոնը դարձնենք: … Այսօր ևս Յիսուս հացը կը բեկանէ մեզի հետ՝ իր կեանքը մեր կեանքին հետ կիսելու համար, մեր թուլութիւնները ընդունելու համար, մեր յոգնած քայլերուն նեցուկ կանգնելու համար, մեր սիրտերը բուժելու համար: Էմմաւուսի աշակերտներուն պէս կը դիմենք Քեզ` մնացիր մեզի հետ, Տէր, որովհետև եթէ դուն քալես մեր կողքին, ապա անյաջողութիւնը տեղ կը թողու նոր կեանքի յոյսին», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւարտելով իր քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2022, 16:45