Որոնել

1659163975834.jpg

Սրբազան Պապին զրոյցը իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ

Բնիկ ժողովուրդներուն դէմ պատահածը ցեղասպանութիւն է
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հաւատքը կը փոխանցուի կնոջ միջոցաւ, մայրերու եւ մեծ մայրերու միջոցաւ, անոնց բարբառով։ Մենք հաւատքը ընդունեցանք իգական բարբառով եւ այս մէկը շատ կարեւոր է, կնոջ դերակատարութիւնը հաւատքի փոխանցումին մէջ կարեւոր է։ Մայրերը եւ մեծ մայրերն են անոնք, որոնք մեզի աղօթել կը սորվեցնեն ու մանուկին կը բացատրեն հաւատքին իմաստը։ Արդարեւ Եկեղեցին մայր է, հարս է, կին է։ Ան ունի մայրական վերաբերմունք։ Հաւատքը կը փոխանցուի բարբառով եւ այդ բարբառը օգտագործուած է կիներուն կողմէն։ Ահա այս է Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը։ Այս կ՜ուզեմ ըսել Քանատայի ճամբորդութեան կապակցութեամբ մտածելով Սրբուհի Աննային». Խօսքերն են ասոնք, զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արտայայտեց Քանատայէն դէպի Հռոմ 37րդ առաքելական միջազգային ճամբորդութեան վերադարձի թռիչքի ընթացքին իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած աւանդական հանդիպումի աւարտին, որուն առթիւ պատասխանեց անոնց իրեն ուղղած մի քանի հարցումներուն։

Գաղութատիրութիւններու սպառնալիքը

Առաջինը հարցումը ուղղեց «Inuit» ցեղի ծագումով Քանատացի լրագրողուհի մը, որ անդրադառնալով Սրբազան Պապին ճամբորդութեան եւ Անոր ներումի հայցին դիտել տուաւ, որ բազմաթիւ «վերապրողներ» ներումին անդին կը սպասեն շօշափելի քայլեր` ի տես բնիկ ժողովուրդներուն դէմ մղուած ու տակաւին շարունակուող չարաշահումներուն եւ ի տես նաեւ` թէ մինչեւ օրս անոնք նկատուած են երկրորդ դասակարգի մարդիկ։

Քահանայապետը պատասխանեց թէ գաղութատիրութիւններուն իրականութիւնը այս է. Այսօր եւս գաղափարական գաղութատիրութիւնները ունին նոյն ձեւերը։ Անոնք` որոնք չեն համապատասխաներ անոնց կը նկատուին ստորադաս։

Բնիկ ժողովուրդներուն արժէքները

«Բայց ես կ՜ուզեմ աւելին ըսել. Բնիկները ոչ միայն ստորադաս նկատուած էին, մի քանի քիչ մը անխելք աստուածաբաններ հարց կու տային եթէ անոնք հոգի ունին։ Իրաւ է, որ կային նաեւ անձեր` որ յստակ կը ներկայացնէին իրականութիւնը, ինչպէս Պարթոլոմէօ Տէ Լաս Քազասը, եւ Փետրօ Քլավէրը, բայց փոքրամասնութիւն էին. Մարդկային հաւասարութեան գիտակցութիւնը դանդաղ կերպով յառաջ եկաւ։ Կը խօսիմ գիտակցութեան մասին, որովհետեւ մեր մէջ յաճախ կայ գաղութատիրական վերաբերմունք մը, որ կ՜ուզէ բնիկներուն մշակոյթը համակերպել մեր մշակոյթին։ Անոնք մեծ արժէք կու տան Արարչագործութեան հետ ներդաշնակութեան եւ զայն կը ներկայացնեն` որպէս բարեկեցութիւն, բայց ոչ ինչպէս զայն կ՜ըմբռնենք մենք, այսինքն ապրիլ հանգիստ, ուրախ կեր ու խումի կեանք մը։ Իրենց համար լաւ ապրիլը կը նշանակէ պահպանել ներդաշնակութիւնը։ Մենք վարժ ենք ամէն ինչ վերածել մտքի բայց բնիկ ժողովուրդները կ՜արտայայտուին երեք լեզուներով. մտքի, սրտի եւ ձեռքի» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ արագընթաց զարգացումին ու այդ զարգացումը ամէն գնով յառաջ մղելու անձկութեան։

«Յառաջացած քաղաքակրթութիւնները կորսնցուցին բանաստեղծութեան կարողութիւնը մինչ բնիկ ժողովուրդները տակաւին կը պահպանեն զայն» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը ու դարձեալ մատնանշեց գաղութատիրութեան` օրինակ բերելով Ռոհինճա ցեղախումբը ու նկատել տալով, որ այսօր եւս ան ի գործ կը դրուի, սակայն աւելի մեղմ կերպով ու թէ պէտք է բոլորս ալ աշխատինք դարման գտնելու համար այս հարցին։

Բնիկներուն դէմ պատահածը ցեղասպանութիւն է

Երկրորդ հարցումը կը հայէր «մշակութային ցեղասպանութիւն» եզրին զոր Քահանայապետը չ՛օգտագործեց իր ճառերուն մէջ։ Լրագրողը հարց տուաւ թէ ի՞նչու եւ եթէ ինք պատրաստ է այդ եզրը գործածելու։

Սրբազան Պապը պատասխանեց թէ ինք այո չ՜օգտագործեց եզրը սակայն բացայայտօրէն խօսեցաւ անոր մասին, ներում հայցելով զոհերէն իրենց դէմ գործուած «ցեղասպան» արարքին համար։ «Ես Ցեղասպանութիւն եզրը չ՜օգտագործեցի բայց զայն նկարագրեցի մանրամասնութեամբ։ Այո ինծի համար ցեղասպանութիւն է. Կրնաս այդպէս գրել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Քահանայապետին առողջապահական հարցը 

Երրորդ հարցումը չէր կարող անտեսել Քահանայապետին առողջապահական վիճակը ու անոր ապագայի ծրագիրները, որ ինչպէս գիտենք կը տառապի ծանր ծնկացաւէ մը եւ ստիպուած է շրջիլ շարժուն աթոռով։

«Չեմ կարծեր, որ ես պիտի կարենամ առաջուայ նման ու նոյն ընթացքով ընթանալ եւ կատարել ճամբորդութիւնները. Իմ տարիքիս եւ այս կացութեան բերումով պէտք է`որ խնայողութիւններ ընեմ` ծառայելու համար եկեղեցիին եւ կամ մտածեմ` որ ժամանակն է, որ ծայր քաշուիմ։ Իրականութեան մէջ աղէտ մը չէ։ Կարելի է Քահանայապետ մը փոխել։ Բայց կը կարծեմ, որ պէտք է խնայեմ ջանքերը։ Ծունկի գործողութիւնը ինծի համար կարելի չէ, հարցը գործողութիւնը չէ այլ «անզգայացումը»։ Տասը ամիսներ առաջ այլ գործողութիւն մը ունեցայ եւ մինչեւ օրս կը կրեմ անոր հետեւանքները։ Ասոր համար վիրաբուժական գործողութիւնը յարմար չեմ դատեր։ «Բայց ես պիտի շարունակեմ ճամբորդել եւ ըլլալ մարդոց մօտիկ, որովհետեւ այս մէկն ալ ծառայելու ձեւ մըն է», ըսաւ Քահանայապետը ապա ակնարկեց Ուքրանիա ճամբորդութեան, որուն համար յայտնեց թէ ինք կը փափաքի երթալ սակայն տուն վերադարձին պիտի տեսնէ յարմարութիւնները ու նոյնը արտայայտեց Ղազախստանի հաւանական ճամբորդութեան մասին, մասնակցելու համար կրօններու հաւաքին։ Քահանայապետը ապա նշեց` թէ ինք պէտք է այցելէ նախ եւ առաջ Հարաւային Սուտանը եւ Քոնկոն, Յուլիս ամսուայ սկիզբը նախատեսուած եւ յետաձգուած ճամբորդութիւնները, բացայայտելով թէ ինք բարի կամք ունի «բայց նայինք ինչ կ՜ըսէ ոտքս»։

Հրաժարակա՞ն. Տէրն է որոշողը

Քահանայապետին ուղղուած չորրորդ հարցումը անոր հրաժարականի մասին էր եւ Սրբազան Պապը, որ Յիսուսեան մըն է, ըսաւ թէ ինք կը կատարէ Տիրոջ կամքը։

«Եթէ Տէրը քեզի կ՜ըսէ շարունակէ դուն կը կատարես Անոր կամքը, եթէ քեզի ըսէ անկիւն գնա ու նստիր, դուն անկիւն կ՜երթաս։ Տէրն է պատուիրողը։ Ես պէտք է խղճի քննութիւն կատարեմ ու հասկնամ թէ Տէրը ինչ կը պահանջէ ինձմէ այս է Յիսուսեան կրօնաւորի մը ապրումը` «Հոգեւոր զատորոշումը» եւ «Յիսուսեանը միշտ բաց ըլլալու է որեւէ բանին` զոր Տէրը անորմէ կը պահանջէ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ պատասխանելով այն հարցումին թէ եթէ ինք ինքզինք աւելի Յիսուսեան կամ աւելի Քահանայապետ կը զգայ, պատասխանեց. «Ես ինքզինքս կը նկատեմ Տիրոջ ծառան, Յիսուսեանի սովորութիւններով եւ հոգեւորականութեամբ, որովհետեւ գոյութիւն չունի քահանայապետական հոգեւորականութիւն մը։ Քահանայապետութիւնը աշխատանք է ծառայութիւն է եւ իւրաքանչիւր Քահանայապետ յառաջ կը տանի սեփական հոգեւորականութիւնը, իրեն տրուած շնորհքներով, իր հաւատարմութեամբ եւ իր մեղքերով»։

Սիւնհոդոսականութիւն

Պատասխանելով հուսկ Սիւնհոդոսականութեան հարցին ու Գերմանիոյ եկեղեցւոյ ուղղուած Պետական Քարտուղարութեան մէկ քննադատական նամակին հարցին հայող հարցումին, Սրբազան Պապը հաստատեց թէ իրեն համար սիւնհոդոսականութեան ընթացքին հարցը պարունակուած է իր իսկ անոր մասին գրած ու երկու տարիներ առաջ հրապարակուած նամակին մէջ.

Իտալական քաղաքականութիւն

Իտալական քաղաքականութեան հայող Իտալացի լրագրողի մը հարցումին պատասխանելով Սրբազան Պապը յայտնեց թէ ինք չուզէր այդ մասին արտայայտուիլ ու թէ իր միակ պատգամը քաղաքական ուժերուն պատասխանատուութեան հոգի ունենալն է։

Հակաբեղմնաւորումներու հարցը

Հակաբեղմնաւորումներու հարցին եւ Եկեղեցւոյ Վարդապետութեան մասին ուղղուած հարցումին պատասխանելով Սրբազան Պապը յայտնեց, որ բարոյականութիւնը միշտ զարգացումի մէջ ճանապարհ մըն է ու թէ աստուածաբանները չեն կրնար ոչերով խորհրդածութիւններ կատարել. «Անոնք պէտք է իրենց աշխատանքը յառաջ տանին ապա Վարդապետութիւնն է, որ կարող է հասկնալ սահմանները» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով վերջերս Հակաբեղմնաւորումներու մասին լոյս տեսած հրատարակութեան մը։ Եկեղեցի մը` որ եկեղեցական իմաստով չի զարգացներ իր մտածումը դէպի ետեւ գացող եկեղեցի մըն է եւ այս մէկը այսօրուայ հարցն է. «Շատեր կ՜ըսեն թէ աւանդական են։ Անոնք աւանդական չեն այլ դէպի ետեւ գացողներ եւ այս մէկը մեղք մըն է» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Աւանդութիւնը մեռնողներուն կենդանի հաւատքն է մինչ անոնք` որոնք իրենց զիրենք աւանդական կը համարեն բայց դէպի ետ գացողներ են` «ողջերու մերած հաւաք է», յարեց Քահանայապետը յորդորելով լաւապէս հասկնալ աւանդութեան դերակատարութիւնը, որ պէտք է միշտ բաց ըլլայ. Որովհետեւ փակ աւանդութիւնը քրիստոնէական չէ շեշտեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Vincenzo di Lerins-ի Ժ դարուն հրապարակած կանոնին , ուր կ՜ըսուի թէ իսկական վարդապետութիւնը յառաջ ընթանալու, զարգանալու համար` պէտք չէ լուռ մնայ, ան պէտք է զարգանայ ժամանակին միջոցաւ, տարածուի, արմատանայ եւ դառնայ աւելի հաստատ, սակայն միշտ յառաջանալով։

Տէրն է` որ պիտի որոշէ ընելիքս

Ան հարցումին թէ ի՞նչ կը մտածէ իրմէ ետք եկող Քահանայապետի մը յատկանիշներու մասին Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ ասիկա Սուրբ Հոգւոյն գործն է որովհետեւ ինքն է Եկեղեցւոյ Ղեկավարը։

Վերջին հարցումը եւս Անոր հրաժարականի մասին էր եւ Նորին Սրբութիւնը անկեղծ կերպով պատասխանեց` թէ այդ հրաժարականի դուռը միշտ բաց է ու թէ այդ մէկը բնական ընտրանք է։ «Այս պահուս այդ մասին չեմ խորհիր բայց ըսել չէ թէ վաղը չընեմ այդ մէկը։ Դուռը բաց է` սակայն Տէրն է, որ պիտի որոշէ ընելիքս»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2022, 09:45