Որոնել

Canada.01_08_22_24.Immagine002.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատայի մէջ առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրուան յայտագիրը

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում կ՝ունենայ Քանատայի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն, բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն, խումբ մը տարեցներուն եւ երիտասարդներուն հետ, ապա Իքալուիթ քաղաքին մէջ նախկին աշակերտներուն հետ հանդիպելէ ետք կը փոխադրուի միջազգային օդակայան՝ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 29 յուլիսին, ֆրանչիսկոս Պապ Քանատա կատարած առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը, տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 7ին, Քեպէքի առաջնորդարանէն ներս անձնական պատարագ մատուցանելէ ետք հանդիպում կ՝ունենայ Քանատայի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ, որուն աւարտին ժամը 10,45ին, առաջնորդարանէն ներս կ՝ընդունի Քանատայի մէջ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներու այցելութիւնը՝ ուղղելով անոնց իր սիրտին խօսքը։

Բնիկ ժողովուրդներուն ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ողջունէ ու շնորհակալութիւն կը յայտնէ առաջնորդարանին անձնակազմի անդամներուն, ապա կը փոխադրուի Քեպէքի օդակայան, փոխադրուելու համար Իքալուիթ քաղաք։

Իքալուիթ քաղաքի միջազգային օդակայան ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապ կը դիմաւորուի Churchill-Hudsosn Bayի եպիսկոպոս, գերապայծառ Անթոնի Վիէսլավ Քրոթքի ու տեղւոյն քաղաքական իշխանութեան հինգ անձնաւորութիւններուն կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապին ի պատիւ բարի գալուստի արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կը փոխադրուի «La Nakasuk elementary school» դպրոց, ուր անձնական հանդիպում կ՝ունենայ նախկին կարգ մը աշակերտներուն հետ, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի դպրոցի հրապարակ, ուր հանդիպում կ՝ունենայ տարեցներու եւ երիտասարդներու ուղղելով անոնց իր սիրտին խօսքը։

Տարեցներու եւ երիտասարդներու հետ Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Իքալուիթի միջազգային օդակայան, ուր քաղաքական իշխանութիւններու ներկայութեամբ կայացած հրաժեշտի արարողութեան աւարտին, Ան կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է շաբաթ` 30 յուլիսի առաւօտեան ժամը 07.50 անց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2022, 11:24