Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Տիրամօր Քանատա կատարած ճամբորդութեան համար

ֆրանչիսկոս Պապ 2013 թուականի քահանայապետ ընտրուելէ ետք, ամէն առաքելական միջազգային ճամբորդութենէն առաջ եւ վերջ կ՝այցելէ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճորէ տաճար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 30 յուլիսին, առաւօտեան, սովորութեան համաձայն Ֆրանչսիկոս Պապ առաքելական ճամբորդութեան աւարտին, Հռոմի միջազգային օդակայան ժամանումէն անմիջապէս ետք, այցելեց Հռոմի Մարիա Մաճորէ տաճար, ուր Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին դիմաց աղօթք կարարեց եւ Տիրամօր շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատա կատարած միջազգային ճամբորդութեան համար։ Այցելութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկան վերադարձաւ։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Յայտնենք թէ ֆրանչիսկոս Պապ 2013 թուականի քահանայապետը ընտրուելէ ետք, ամէն առաքելական միջազգային ճամբորդութենէն առաջ եւ վերջ կ՝այցելէ Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճորէ տաճար, աղօթք կատարելու եւ շնորհակալութիւն յայտելու Տիրամօր, Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին դիմաց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2022, 11:10