Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին Քէպէքի մէջ բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներուն յղած հրաժեշտի խօսքը։

Սրբազան Պապը ապա նշեց, թէ Քանատա ժամանած է որպէս ուխտաւոր մը իր ֆիզիքական սահմանափակ կարողութիւններով, բնիկ ժողովուրդներու հետ յաւելեալ քայլեր կատարելու համար, որպէսզի շարունակուի ամոքումի եւ հաշտութեան ուղեւորութիւնները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 29 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ Քեպէքի առաջնորդարանէն ներս հանդիպեցաւ Քեպէքի մէջ բնիկ ժողովուրդներուն ներկայացուցիչներուն հետ ու անոնց ուղղած սիրտին խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւնը յայտնեց տարբեր վայերէ ժամանած ըլլալուն համար, մատնանշելով, որ այդ երկրի մեծ տարածքը մտածել կու տայ միասնաբար դիմագրաւած ամոքումի եւ հաշտութեան ուղեւորութեան մեծութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ ինք Քանատա եկած է որպէս բարեկամ մը՝ բնիկ ժողովուրդներու հետ հանդիպելու համար եւ տեսնելու, ունկնդրելու, սորվելու եւ արժէքաւորելու համար թէ ինչպէս կ՝ապրին բնիկ ժողովուրդները այդ երկրին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ ինք իբրեւ եղբայր եկած է, բացայայտելու համար կաթողիկէ ընտանիքին անդամներուն բարի պտուղներն ու վատ արդիւնքները աւելցնելով, որ Քանատա եկած է ապաշխարութեան հոգիով, յայտնելու համար իր սիրտին մէջ կրած ցաւը՝ կաթողիկէ անձերուն գործած սխալներու համար, որոնք հիմնուած էին բնիկ ժողովուրդներու հանդէպ անարդար քաղաքականութեան վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Քանատա ժամանած է որպէս ուխտաւոր մը։

Սրբազան Պապը ապա նշեց թէ Քանատա ժամանած է որպէս ուխտաւոր մը,իր ֆիզիկական սահմանափակ կարողութիւններով, բնիկ ժողովուրդներու հետ յաւելեալ քայլեր կատարելու համար, որպէսզի շարունակուի ամոքումի եւ հաշտութեան ուղեւորութիւններ։

Ֆրանչիսկոս պապ յայտնեց, թէ տուն կը վերադառնայ սիրտը լեցուն անզուգական գանձով՝ կազմուած անձերէ եւ ժողովուրդներէն, որոնք զինք տպաւորած են իրենց խնդուկներով, խօսքերով, պատմութիւններով, եւ անմոռանալի վայրերով ու երգերով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատիւ կը զգայ բնիկ ժողովուրդներուն մաս կազմելուն համար

 

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց թէ ինք եւս կը զգայ թէ մաս կազմէ բնիկ ժողովուրդներու ընտանիքին ու պատիւ կը զգայ ասոր համար։

Ան ապա պատգամը աւարտեց Քանատայի ճամբորդութիւնը ու ապագայի ուղեւորութիւնը յանձնելով Սրբուհին Աննային, Աստուածամօր, եւ Սրբուհի Քաթերի Թէքաքվիթայի։

«Այս կանայք կրնան մեզի օգնել վերադառնալու եւ հիւսելու համերաշխութիւն մը որ կ՝երաշխաւորէ խոցելիներուն իրաւունքներն եւ գիտէ ինչպէս նայիլ պատմութեան առանց վրդովմունքի եւ պատմութեան»։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Սուրբ Կոյս Մարիամն ու Սրբուհի Քաթերի Աստուծմէ ստացան կեանքի ծրագիր մը առանց ոեւէ տղամարդու հարցնելու ու իրենք «այո»ն քաջութեամբ տուին, աւելցնելով որ այդ կանայքը հեզութեամբ եւ հաստատակամութեամբ, մարգարէական խօսքերով ու վճռական շարժումներով բացին ճանապարհը, եւ կատարեցին այն այն ինչ որ իրենցմէ խնդրուած է։

«Թող որ անոնք օրհնեն ձեր միասնական ուղեւորութիւնը, բարեխօսեն մեզի եւ այս ամոքումի եւ հաշտութեան մեծ գործին կամար։» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը

Ան ապա պատգամը աւարտեց, շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2022, 16:49