Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Քեպէքի մայր տաճարին մէջ մասնակցեցաւ ժամերգութեան

Քանատայի մէջ եկեղեցին սկսաւ նոր ուղի մը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 28 յուլիսին, տեղական ժամանակացոյցով յետմիջօրէին ժամը 5, 15ին Իտալական ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 11,15ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Քեպէքի մայր տաճարին մէջ, նախագահեց ժամերգութեան արարողութեան, ներկայութեամբ քահանաներուն,սարկաւագներուն, նորընծաներուն, հովուական ծառայութեան աշխատակիցներուն։

Ժամերգութեան ընթացքին արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, յատկանշական նկատեց Քեպէքի մայր տաճարին մէջ կայացած հանդիպումը, որուն առաջին եպիսկոպոսը եղած է Սուրբ Ֆրանսուա Տէ Լաւալը, որ 1633 թուականին բացած է նորընծայարան մը ամբողջութեամբ զբաղելով քահանաներուն կազմաւորումով։

Բարի հովիւը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով բարի հովիւին վրայ նշեց, որ Յիսուս մեր կեանքի հովիւն է, որ բոլորիս հոգ կը տանին ու իսկապէս մեզ կը սիրէ այնուհետեւ եկեղեցւոյ հովիւներէն եւս խնդրուած է, որ ունենայ այդ հոտը հովուելու նոյն վեհանձնութիւնը, որպէսզի բացայայտուի Յիսուսի մտահոգութիւնը բոլորին նկատմամբ ու Անոր գթութիւնը իւրաքանչիւրին վէրքերու համար։

Իսկական ուրախութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ իսկական ուրախութեան մասին նշելով թէ իսկական ուրախութիւնը աշխարհէն յառաջացած ուրախութիւնը չէ որ կապուած է հարստութիւններու հետ։ Մինչ՝ Քրիստոնէական ուրախութիւնը միացած է խաղաղութեան փորձառութեան հետ, որ կը մնայ սիրտին մէջ նոյնիսկ այն ժամանակ երբ կը տառապինք փորձութիւններէն, որովհետեւ իրազեկ ենք թէ առանձին չենք ու մեզի Աստուած կ՝ընկերանայ, որ երբեք անտարբեր չէ մեր ճակատագրի նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց հարցաքննել եթէ եկեղեցին կ՝աւետէ աւետարանի ուրախութիւնը ու այդ կատարելու համար պէտք է խոկալ մեր ժամանակուան իրականութեան մասին, որ կը սպառնայ հաւատքի ուրախութեան մթագնելով եւ տագնապի մէջ դնելով քրիստոնեայ փորձառութիւնը։

Բացասական եւ զատորոշող երկու նայուածքներ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ կան երկու հնարաւոր նայուածքներ աշխարհին հանդէպ, ուր կ՝ապրինք՝ մէկը բացասական նայուածքն է իսկ միւսը զատորոշող նայուածք։

Առաջին բացասական նայուածքը կը ծնի յաճախ հաւատք է մը, որ զգալով թէ վտանգուած է կ՝որդեգրուի որպէս աշխարհէն պաշտպանուելու մի տեսակ զրահ, մեղադրելով իրականութիւնը ըսելով, թէ աշխարհը վատ է։ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ուշադիր ըլլալ բացասական նայուածքէն, որովհետեւ անիկա քրիստոնէական չէ եւ ոչ ալ Աստուծոյ գործելու ձեւն է, որ շատ սիրեց աշխարհը, տալով իր միածին Որդին, որպէսզի ան որ Անոր հաւատայ յաւիտենական կեանք ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ունենալ Աստուծոյ նման նայուածք մը, որ գիտէ զատորոշել բարին ու փնտռելու մէջ յամառ է, նկատել տալով, որ Պօղոս Զ Պապը աշխարհականացումը կը սահմանէ որպէս կեանքի հայեցակարգ մը, որ լիովին անջատուած է արարչին հետ հաղորդութենէն, որպէսզի Աստուած ծանր ու աւելորդ դառնայ ու ստեղծուին անաստուածութեան նոր ձեւեր. սպառողականութեան քաղաքակրթութիւնը, իշխանութեան եւ գերիշխանութեան կամքը ու ամէն տեսակի խտրականութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ որպէս եկեղեցի, նամանաւանդ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին հովիւներ, հարկ է գիտնալ զատորոշում եւ ընտրանք կատարել ճանչցնելով Յիսուսը ու գտնելով նոր ուղիներ աւետարանի սիրտը հռչակելու համար, բոլոր անոնց որոնք Քրիստոսի հետ չեն հանդիպած։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց վկայութեան վրայ, նշելով որ աւետարանը կը հռչակուի արդիւնաբեր ձեւով այն պարագային երբ կեանքն է, որ կը խօսի եւ կը յայտնէ ազատութիւնը, կարեկցութիւնն ու ողորմածութիւնը որ առանց բառերուն կը խօսի Քրիստոսի մասին։

Քանատայի մէջ եկեղեցւոյ նոր ուղին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց թէ Քանատայի մէջ եկեղեցին սկսաւ նոր ուղի մը կարգ մը զաւակներու կողմէ վիրաւորուած եւ վրդովուած ըլլալէ ետք,որոնց շարքին սեռային չարաշահումները գործադրուած անչափահասներու եւ խոցելի անձերու դէմ, գայթակղութիւնները որոնք կը պահանջեն ուժեղ գործողութիւններ եւ անշրջելի պայքար։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը հաստատեց թէ ինք բոլորին հետ միասին դարձեալ ներում կը հայցէ բոլոր զոհերէն նկատել տալով որ զգացուած ցաւն ու ամօթը պէտք են դառնալ ապաշխարութեան առիթ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսելով եղբայրութեան մասին նշեց թէ Եկեղեցին աւետարանի վստահ վկան կը դառնայ երբ իր անդամները կ՝ապրին հաղորդութեան մէջ ստեղծելով առիթներ եւ վայրեր, որպէսզի ան որ հաւատքի կը մօտենայ կը գտնէ հիւրընկալ հասարակութիւն մը որ գիտէ ունկնդրել եւ մտնել երկխօսութեան մէջ, որ կը նպաստէ յարաբերութիւններուն բարելաւումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը նշելով, որ եկեղեցին կանչուած է մարմնանալու այդ առանց սահմաններուն սէրը, կառուցելու համար երազը զոր Աստուած ունի մարդկութեան համար, որ է բոլորը դառնան եղբայրներ. եպիսկոպոսները իրարու եւ քահանաներու հետ, քահանաները իրարու եւ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնելով եպիսկոպոսներուն, քահանաներու կատարած աշխատանքներու համար եւ տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2022, 09:27