Որոնել

Իմ հետս կը տանիմ ժպիտներու, խօսքերու, պատմութիւններու եւ վայրերու գանձ մը

Վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Քանատայի «Ապաշխարութեան ուխտագնացութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապը թութըրեան կայքին յանձնեց իր վերջին Քանատայի այս ապաշխարութեան ուխտագնացութեան վերջին մտածումները.

“«Եկայ Քանատա որպէս ուխտաւոր քալելու համար բնիկներուն հետ եւ անոնց համար. Որպէսզի շարունակուի ճշմարտութեան որոնումը, հաշտութեան եւ բուժման ուղեւորութեան մէջ եւ սերմանուի յոյսը ըլլայ բնիկներուն եւ ոչ բնիկներուն համար որոնք կ՜ուզեն ապրիլ եղբայրաբար»”

Գրեց Քանատայէն դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա այլ թուիթի մը մէջ ուզեց անձնական պատգամ մը յղել բնիկ ժողովուրդներուն որոնց հանդիպեցաւ այս օրերու ընթացքին.

“Սիրելի բնիկ ժողովուրդներուն եղբայրներ եւ քոյրեր, տուն կը վերադառնամ սրտիս մէջ կրելով գանձ մը կազմուած անձերէ եւ ժողովուրդներէ որոնք զիս տպաւորեցին. Դէմքեր, ժպիտներ եւ խօսքեր, պատմութիւններ եւ վայրեր որոնք ինծի պիտի ընկերանան ցմիշտ։ Շնորհակալութիւն ի սրտէ բոլորիդ։”

Ունկնդրէ լուրը

Քանատայի Nunavut տարածաշրջանի մայրաքաղաք Iqaluit-ի մէջ անցուցած վերջին օրով եւ քաղաքի «Nakasuk Elementary School» ին մէջ ունեցած հանդիպումներով` նախ բնիկ հասարակութեան պատկան գիշերօթիկ դպրոցներուն նախկին աշակերտներուն, ապա տարեցներուն եւ երիտասարդներուն հետ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց անցեալ կիրակի օր սկիզբ առած առաքելական 37րդ միջազգային  ճամբորդութիւնը, զոր ինք որակած էր «Ապաշխարութեան ուխտագնացութիւն», որուն առանցքը կազմեց Քահանայապետին ներումի հայցը` ուղղուած Քանատայի բնիկներուն, որոնք անցեալին թիրախ դարձան ձուլման քաղաքականութեան, յատկապէս անոնց զաւակներուն յատկացուած գիշերօթիկ դպրոցներուն մէջ, ուր յաճախ պատանիները ենթարկուեցան չարաշահումներու, ըլլայ մշակութային ըլլայ ֆիզիկական գետնի վրայ եւ անոնցմէ շատեր նոյնիսկ մահացան, սնունդի ու խնամքի պակասութեան բերումով, ապա թաղուեցան հանրային գերեզմաններուն մէջ, հեռու իրենց ծնողներէն եւ սիրելիներէն, որոնց դիակները յայտնաբերուեցան վերջին շրջաններուն, մեծապէս ցնցելով ու շփոթի մատնելով հանրային կարծիքը։

Այդ գիշերօթիկ դպրոցներէն շատերը մատակարարուած էին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաստատութիւններու եւ միաբանութիւններու կողմէ եւ ահա այս պատճառով է` որ Սրբազան Պապը ներում խնդրեց բնիկներէն, Եկեղեցւոյ կողմէ գործուած չարիքներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին օրը Քանատայի մէջ մէկ վայրկեանով

Ուրբաթ 29 Յուլիսին տեղական ժամով 5-ին, Հռոմի ժամով 23-ին, երիտասարդներուն եւ տարեցներուն հետ ունեցած հանդիպման աւարտին Սրբազան Պապը փոխադրուեցաւ Iqalouit ի միջազգային օդակայան, ուր Քանատայի ընդհանուր Կառավարիչի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն աւարտին Քահանայապետը բարձրացաւ օդանաւ եւ օդանաւի մուտքին վերջին անգամ ողջունելէ ետք Քանատան ու Քանատայի ժողովուրդը, քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններն ու բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները, մտաւ օդանաւ գրաւելով իրեն յատկացուած տեղը։

Նորին Սրբութիւնը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնն ու լրագրողները փոխադրող ITA Airways ընկերութեան սաւառնակը թռիչք առաւ տեղական ժամով երեկոյեան ութի ժամանակները եւ սաւառնելէ ետք Քանատայի, Տանիմարքի. Իռլանդայի, Միացեալ Թագաւորութիւններու, Ֆրանսայի, Գերմանիայի եւ Զուիցերիայի օդային տարածքներուն վրայէն, որոնց Պետութիւններուն Քահանայապետը ուղղեց քաղաքավարական հեռագիրեր, վայրէջք կը կատարէ Իտալիոյ Ֆիումինիչնօ օդակայան 30 Յուլիսի առաւօտեան 8,06 անց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/07/2022, 07:19