Որոնել

1659099754178.JPG

Ֆրանչիսկոս. Երբ Եկեղեցին միացած է կարելի է հրաշքներ գործել

«Սիւնհոդոսը քաղաքական հանդիպում մը չէ` ոչ ալ խորհրդարանական որոշումներու կոմիտէ մը։ Անիկայ Եկեղեցւոյ արտայայտութիւնն է, ուր դերակատարը Սուրբ Հոգին է, ինչպէս կը պատմուի Գործք Առաքելոցին մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկեղեցին կամ սիւնհոդոսական է կամ Եկեղեցի չէ»։ Հաստատումն է սա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, զոր կատարեց անցեալ 29 Յուլիսին` Քանատա կատարած առաքելական 37րդ միջազգային ճամբորդութեան ծիրէն ներս, իր եղբայրակիցներուն` Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, որուն ամբողջական պարունակութիւնը հրապարակուեցաւ Յիսուսեան Միաբանութեան պատկան « La Civilità Cattolica» պարբերաթերթին մէջ, անոր տնօրէն Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի ստորագրութեամբ։

Սիւնհոդոսը միասին քալել է

«Սիւնհոդոսը քաղաքական հանդիպում մը չէ` ոչ ալ խորհրդարանական որոշումներու կոմիտէ մը։ Անիկայ Եկեղեցւոյ արտայայտութիւնն է, ուր դերակատարը Սուրբ Հոգին է, ինչպէս կը պատմուի Գործք Առաքելոցին մէջ» յիշեցուց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Սիւնհոդոս կը նշանակէ քալել միասին եւ «Միասին Քալելը» եղաւ Քանատայի ապաշխարութեան ուխտագնացութեան կարգախօսը։ «Ան առիթ եղաւ որմէ ի յայտ եկաւ Եկեղեցւոյ միութիւնը, նշեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով այն ասացուածքին թէ «եթէ կ՜ուզես առաք ընթանալ մինակ քալէ իսկ եթէ կ՜ուզես ապահով ընթանալ` այդ մէկը ըրէ ընկերովի»։

Միացած Եկեղեցւոյ հրաշքները

Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա բնիկ ժողովուրդներուն հետ հաշտութեան գործընթացին, որուն ծիրէն ներս դարձեալ ընդգծեց Քանատայի եպիսկոպոսներու միութիւնը ու հաստատեց` որ «երբ եպիսկոպոսական դասը միացած է ան կարող է լաւապէս դիմագրաւել մարտահրաւէրները»։

«Եթէ այս ճամբորդութիւնը յաջող կ՜ընթանայ անիկայ եպիսկոպոսներուն` միութեամբ կատարած աշխատանքին արդիւնքն է» աւելցուց Սրբազան Պապը դիտել տալով` թէ այս մէկը «հրաշքն է, զոր կարելի է իրագործել երբ Եկեղեցին միացած է»։

Եկեղեցւոյ միութեան թշնամին` գաղափարախօսութիւնը

Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը զգուշացուց Եկեղեցւոյ միութեան թշնամիէն, որ «գաղափարախօսութիւնն» է։

Յիսուսեանի մը իսկական ուժը կը կայանայ իր դիւրաբեկութիւնը ճանչնալու գիտակցութեան մէջ։ «Տէրն է որ մեզի կու տայ իր ուժը» հաստատեց Սրբազան Պապը որ պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն որոնց շարքին` թէ ի՞նչու Քանատայի այս ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպում չունեցաւ սեռային չարաշահումներու զոհերուն հետ, Ան նշեց թէ ինք ստացաւ ու պատասխանեց այս նիւթին հայող տարբեր նամակներուն ու թէ Քանատայի ճամբորդութեան նպատակն էր ի յայտ դնել բնիկներուն հետ կապուած հարցեր։

Մտքի հեթանոսութիւն

Քահանայապետը անդրադարձաւ նաեւ աւանդութեան նիւթին` զոր որակեց «հաւատացեալներու կենդանի յիշողութիւն», որ հակառակ է աւանդապաշտութեան որ «հաւատացեալներու մեռած կեանքն է»։ Ան ապա հաստատեց թէ «միշտ ալ այդպէս կատարուած է» ըսելով որեւէ մէկ արարք արդարացնելը «մտքի հեթանոսութիւն է»։

Հայիթիի գողգոթան

Ի տես այն իրողութեան որ Քանատայի Յիսուսեան Միաբանութեան տարածաշրջանը կը ներառէ նաեւ Հայիթին, կարելի չէր այդ կղզիի մասին չխօսիլը։

«Հայիթին կ՜ապրի գողգոթայ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր վախն ու մտահոգութիւնը արտայայտելով իրավիճակի կապակցութեամբ ու հրաւիրելով միջազգային հասարակութիւնը լուծումներ որոնելու դուրս գալու համար այն անել վիճակէն, ապա յորդորելով Եկեղեցիին ի գործ դնելու աղօթքի եւ ապաշխարութեան ձեռնարկներ օգնելով Հայիթիի բնակչութիւնը` աճելու համար յոյսին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2022, 10:30