Որոնել

Քուպայի մէջ պայթումներ ու կրակ Քուպայի մէջ պայթումներ ու կրակ 

Կրակ ու պայթումներ Քուպայի մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքն ու ցաւը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Քուպայի Մաթանզաս քաղաքին մէջ նաւթի արհեստանոցի մօտ տեղի ունեցած ծանր արկածի զոհերուն համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Քուպայի Մաթանզաս քաղաքին մէջ նաւթի արհեստանոցի մօտ տեղի ունեցած ծանր արկածի զոհերուն համար։

Երկուշաբթի, 8 օգոստոսին, Վատիկանի պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղեց Քուպայի մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, գերապայծառ Էմիլիօ Արանկուրեն Էչէվերիայի։
Պատգամին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, թէ ֆրանչիսկոս Պապ ուշադրութեամբ կը հետեւի Մաթանզաս քաղաքին մէջ նաւթի արհեստանոցի մօտ տեղի ունեցած արկածի ու տարբեր պայթումներուն լուրերուն, որուն պատճառով մահացած է անձ մը ու վիրաւորուած եւ անյայտ վիճակի մէջ են բազմաթիւ անձեր։

Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը կ՝ապահովէ ու իր հոգեւորական մօտիկութիւնը կը յայտնէ Քուպայի ժողովուրդի եւ արկածի թիրախ բոլոր ընտանիքներուն, հայցելով Աստուծմէ որ ուժ ու մխիթարութիւն պարգեւէ այս ցաւալի պահերուն եւ զօրակցի որոնումի աշխատանքներուն։

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին հեռագիրը աւարտեց փոխանցելով ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնները որպէս յոյսի նշան յարուցեալ Քրիստոսի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2022, 10:54